Էջ:Կոտրած հայելիին ընդմէջէն, Թորոս Թորանեան.djvu/121

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

Այս գիշեր որոշած եմ պտըտիլ:

Ընտանիքիս բոլոր անդամները կը համբուրեմ, Շնորհավոր Նոր Տարի կը մաղթեմ ու կ՚ելլեմ փողոց: Զարմանալի հրացանաձգութիւն մը կայ ամէն կողմ: Այսքան զէնք ունի և զինամթերք քաղաքային բնակչութիվւնը: Հին Տարիին կռնակի՞ն կը պարպեն այսքան փամփուշտ. եթէ այդպէս է, վատութիւն է որեւէ մէկուն կռնակին կրակելը. իսկ եթէ արձակուած բոլոր կապարները Նոր Տարին դիմավորելու համար են, ... բայց ինչո՛ւ զէնքով դիմավորել Նոր Տարին:

Այս բարեկամիս տան մէջ ճըրգ կը պարեն: Երիտասարդները քրտնած են բայց կը շարունակեն պարել: Խմիչքի տեսակները սեղաններու վրայէն անցած են ներկաներու երակներուն ու դարձած են պար, դարձած են ճառ.

—Նոր սերունդին կենացը:

—Ճըրգին կենացը: Հիները ապրիլ չէին գիտեր, մենք պէտք է ապրինք:

Այստեղ ալ կան հիներ.

—Ծօ, խլլոտներ, դուք ամէն ինչ պատրաստ գտաք: Երբ մենք Սամսոնէն տարագրուեցանք...

—Չեղա՜վ, չեղա՜վ, տէտէ, քեզի հազար անգամ ըսինք որ Նոր Տարուան գիշերով ջարդի պատմութիւններ չընես:

—Ծօ շան լակոտ, եթէ ես ալ քեզի ըսեմ այդ մէյմունի պարերը մի պարեր, պիտի նստ՞ս խելօքիկ մը: Դուն այդ ճըրխ է ինչ զիպիլ է պիտի պարես, ես ալ իմս պիտի խօսիմ, հասկցա՞ր: Այո, երբ Սամսոնէն կը տարագրէին մեր ընտանիքը, մենք մեր ոսկիները ջուրի կուժի մը մէջլեցուցինք խորհելով որ նկատի չեն առներ: Բայց սրիկաները մեզ ծարավ ալ պիտի ձգեն եղեր, ուստի կուժը մեր ձեռքէն առին, ջուր առած ըլլալուպէս, բայց մէջի ոսկիները զտան: Յետոյ ճանապարհին բաժակ մը ջուրը ոսկիով կը ծախէին մեզի:

Արհեստով հիւսն էի: Մօրս տախտակէ նալինները վերցուցած էի տարագրութեան չելած, անցք բացած ու չորս օսմանեան ոսկի պահած: Տարագրութեան ճամբուն վրայ այդ դրամը մեզ հասցուց մինչեւ Ռազդ՛ս: Այստեղ ալ որպէս արհեստավոր խարաֆ մը նորոգեցի եւ ապրեցանք շրջան մը:

Փոքրիկները օթոներով կը խաղային:

Երիտասարդները կը պարէին: