Միջին տարիք ունեցողները կը խմեին, կ՝ուրախանային իրենց զաւակներով:
Տարեցները գաղթէն կը պատմէին:
Ահա՛ հայկական Նոր Տարին:
— Քաթմա երթալ չեմ ուզեր, —կ՚ըսէր մարաշցի մը: — Այդ կայանը Հայոց գերեզմանը եղաւ:
—Անցեալները, — ըսաւ Զեյթունցի մը, — արաբ մը հողը հերկած պահուն մէկ անգամէն տասնեակ մը գանկեր յայտնաբերած է: Կէս դար յետոյ ալ հայու դանկեր կը գտնուին հոս ու հոն տարտղնուած: Արաբ հողագործը ըսաւ. — Հայու գանկն անգամ դիմացկուն է:
Այո՚, դիմացկուն է: Այլպէս ի՞նչպես կրնայինք գոյատեւել:
Ուրիշ տուն մըն ալ այս է: Աղջնակ մը ունին միայն:
«Կաղանդ——պապա կ՚ուզեմ» կ՚ըսէ՝ ոտքերը գետին զարնելով: Հայրը ճարահատ, կ՚երթայ դրացիին տղան կը համոզէ որ Կաղանդ պապուկի դերը վերցնէ:
Փոքրիկը սկիզբը կը վախնայ մօրուսավոր Կաղանդ—պապայէն, կ՚ընտելանայ քիչ—քիչ, կ՚ուրախանայ, մենք ալ կ՚ուրախանանք: Ընկերս թէ. — կը տեսնե՞ս, մենք ալ կ՚ուրախանանք, մենք ալ հազիվ նոր սկսանք տեսնել Կաղանդ—պապան, գաղթականի զաւակ ենք վերջապէս:
Ընկերոջս հայրը օ՛ֆ մը քաշեց.
—Ի՛նչ կայ, հայրիկ, Նոր Տարուան օրով ինչո՞ւ ո՛ֆ քաշեցիր:
—Ինչպես չքաշեմ, կարծես շատ փոքր էինք, մեկ տարիով ալ ծերացանք:
Այնպէս ծանր էին ծերացող մարդուն խոսքերը, ո՛վ գիտէ, Նոր Տարուան այս գիշերով, վաթսունին շատոնց մնաք բարով ըսած այս մարդը ինչ երազներ խամրած գտաւ այս րոպէին:
Այս տունն ալ միւս տուներուն կը նմանէր:
Զիս դիմաւորեցին «շնորհավոր Նոր Տարի, Տոքթոր» բացագանչութիւնով:
—Տոքթոր, միշտ գլուխս կը դառնայ, սանկ ականջներուս մէջ...
—Մամա, քեզի չըսի՞նք որ Նոր Տարուան օրը հիւանդութիւններու մասին չխօսիս...