խօսակցութեան նիւթ պիտի դառնամ: Այն ատեն կարծիքդ կը փոխես իմ մասիս ամէն տեղ կ՚ըսես թէ իմ դրացիս ես, միշտ իրարու հետ եղած ենք, իշտէ այսպես է կեանքը այսպէ՜ս:
—Եթէ երեսփոխան պիտի դառնաս, կամ պետական բարձր պաշտօնի մը հասնիս, չեմ ցանկար. քանի որ այն ատեն իսկապէս չի խօսուիր հետդ: Բայց այսօր տրամադրութիւնդ շատ բարձր է: Խէր ըլլայ, ի՞նչ ունիս:
Եղիա ձեռքը կը տանի գրպանը, դրամապանակը կը հանէ ու.
— Ահա թէ ի՛նչ ունիմ: Ազգային վիճակահանութեան տոմս մը, 150.000 է պարգեւը: Այս անգամ ինծի պիտի ելլէ: Անցեալ տարի դաշնակցականի մը ելած էր: Մարդ 20 հատ 15 ոսկինոց տոմս գնած է, 18 հատը բաժնած՝ քոյրերուն ու եղբայրներուն, երկու հատը պահած իրեն. ու մեծ պարգեւը, իրեն ելաւ: Հազար թուղթ տուած էր Հ. Մ. Ը. Մ. ին, 24 ֆութպոլի գնդակ, նուէրներ ըրած էր Օգնութեան Խաչին, Հայ Ծերանոցին, ութէն-տաս հազար մը բաժնած էր: Ես ալ պիտի բաժնեմ: Վստահ եմ որ այս տարի ե՛ս պիտի ըլլամ մեծ պարգեւը շահողը: Քեզի հետ ալ Եւրոպա պտոյտի պիտի երթամ:
—Քեզի չ՚ելլեր մեծ պարգեւը, Եղյա, — ըսաւ տան մեծ-հայրիկը:
—Ինչու, մե՛ծ-հայրիկ:
—Այդ անցեալ տարի շահողը հարո՞ւստ էր թէ աղքատ:
—Հարո՛ւստ:
—Դրամը՝ դրա՛մ ունեցողին կ՝երթայ. պարապ տեղը մը խանդավառուիր, չունեցած դրամդ բժնելու մի ելլեր:
—Արդէն ես այս 15 ոսկինոց տոմսը առի որ գոնէ երազներ հիւսեմ. այդ իրաւունքը 15 ոսկիով շահած եմ. երազելո՞ւ ալ չէք ձգեր մարդը, եղբա՜յր:
—Ուզածիդ չափ երազէ: Քեզի չ՚ելլեր:
—Կ՚ելլէ՛: Նախանցեալ տարի, մեր ընկերութեան մեջ յիսունին շանտոնց մնաք բարով ըսած աղջիկ մը որուն տղաքը շատոնց մնաք բարով ըսած են ամուսնեւթեան հարցով, տգեղ, տգեղ ու աղքատ աղջիկ մը, հինգ ոսկինոց տոմս մը կ՚առնէ: Իր սենեակին մեջ չորս աշխատակիցներ կան, երկուքը՝ աղջիկ, անոնց կ՚առաջարկէ որ ընկերովի բաժնեկից դառնան տոմսին, որովհետեւ հինգ ոսկի վճարելը ծանր էր իրեն համար. Երեքը կը համաձայնին, մէկը կը մերժէ, ըսելով թէ նման գործարք մը պիղծ կը նկատէ: Ուրեմն