Էջ:Կոտրած հայելիին ընդմէջէն, Թորոս Թորանեան.djvu/131

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

Յետոյ, յետոյ մամային ըսեր է՝ «եթէ օթոյ չառնէք, ու ես ալ պաքալորիայի մէջ այս տարի ձեր երեսէն ձախողիմ, կը ձգեմ ու Գանատա կ՚երթամ»: Հավանեցա՞ր, տոքթո՛ր: Հիմա ալ կինս սկսաւ լալ ու ողբալ. «Ամէնը մէկ տղայ ունինք, ան ալ Գանատաները պիտի երթայ. չոճուխս պիտի կորսուի՜»: Ես ալ իրեն ըսի՝ «Ժամանակին երբ հատ մը եւս բերենք ըսինք, մերժեցիր, հիմա ալ մէկ հատիկիդ համար կու լաս ու կ՚ողբաս»: Պիտի խենթացնեն զիս ասոնք, մատ մը տղուն օթոյ պէտք է առնեմ եղեր, այս լսուա՞ծ բան է, տոքթոր, լսուա՞ծ բան է:

Թող Գանատա՛ երթայ, թ՜ղ երթայ որ պոյը չափիմ: Տունս դժողք եղաւ:

Ես խոստացայ նոյն օրը երթալ իրենց տունը:

Բարեկամս գլուխը կը շարժէր:

Դուռը զարնուեցաւ: Նոր հիւանդ մը եկաւ: Բարեկամիս ոտքի ելաւ ու … ցտեսութիւն, «Աստուած օգնէ քեզի» մը մրմնջելով հեռացաւ…

ՀԻԻՐ ԵԻ ՀԻԻՐԸՆԿԱԼ

Արեւելքի մէջ այսպես է: Արեւմուտքի մէջ նմնհանդիպումներ շա՜տ նուազ յաճախականութեամբ կը պատահին:

—Բարի իրիկուն ձեզ, հիւր կ՚ընդունի՞ք:

—Աստուծոյ բարին, Եղիա, եկուր տեսնենք, եկուր, նայնք ի՞նչ նորություններ բերած ես:

Եղիան քառասուննոց մըն է: Ընտանեօք եկած են այցելութեան: Ահա տղան՝ Աւետիսը, հազիւ տասը տարեկան; Աղջիկը՝ Ալիսըէ հազիւ վեց:

Տիկինը կը նստի հիւրընկալ տիկնոջ մօտ. անպայմանն իրարու ըսելիքներ կ՚ունենան, Եղիան կը նստի հիւրընկալ տանտիրոջ մօտ: Փոքրիկները տան փոքրերուն հետ փսփսուքի կ՚անցնին, հապա, անոնք ալ գաղտնիքներ ունին յայտնելիք իրարու: Ալիսը նոր կօշիկ եւ գուլպայ հագած է, պէտք է շնորհաւորել: Աւետիսը նոր ատրճանակ մը ունի, պէտք է փորձել: Իսկ Եղիային տրամադրութիւնը շատ բարձր է: Ինքն է խօսողը.

—Եթէ վաղը նկարս տեսնես քաղաքի բոլոր պատերուն վրայ, եթէ վաղը իմ մասին խօսին թերթերը, ռատիոն եւ հեռատեսիլը, ալ ի՞նչպես պիտի խօսիս հետս: Վաղը կամ միւս օր ամբողջ քաղաքի