Ինչ կ՚ըսէք, ի՛նչ կ՚ըսէք, մենք բոլորս ալ ճամբորդ ենք. միւս կողմը բան մը տանիլ կարելի չէ, միթէ ձեզի չ՞եմ հաւատար: Յետոյ, մեր հայ հայրենակիցներէն էք, չէ՞. ո՜հ ի՜նչ կ՚ըսէք:
Գնաց, մանրեց դրամը եւ եկաւ:
Մենք դուրս ելանք բարեւի պէս բացուած վաճառատունէն Սիրոյշէն առաջ ուրախանալով:
ԵՐԿՈՒ ԱՂՋԻԿ
Երկու նորահարս աղջիկներ են: Իրենց տասնվեցին մէջ: Գլուխ գլխի կը խօսին: Ինծի կը թուի թէ մտերմիկ է իրենց խօսակցութիւնը: Հին օրերուն, մեր մայրերը, այդ տարիքին իրենց երկրորդ երախան կը դիեցնէին:
Երկուքն ալ դպրոցական:
—Այվազովսքիի մասին նոր գիրք մը կարդացի, Հայաստան տպուած:
—Ո՞վ է այդ Այվազովսքին. ռո՞ւս է:
—Հայ է: Այն ալ լա՛ւ հայ, որ սերտ կապեր ունեցած է բազմաթիւ ռուս մտաւորականներու հետ:
—Գրո՞ղ է:
—Ի՜նչ կ՚ըսես, աղջի՛կ, ծովանկարի՛չ, մենք մեր տան մէջ ունինք իր մէկ ծովանկարը, վերատպութիւն անշուշտ. ուղղակի հաճելի է դիտել այդ նկարը: Հայրս միշտ կը խօսէր Այվազովսքիի մասին, բայց ես այնքան չէի ըմբռներ իր մեծութիւնը. տեսնես, որքա՜ն սիրուած մարդ եղած է. ծանօթ եղած է Տոսթոյեւսքիին, Պուշկինին: Այդ մեծութիւններու հետ միտքեր կիսած է փոթորիկներ նկարող այս հայը:
—Մաքսիներուն ալ մոտան անցաւ: Կ՚երեւի դուն մոտայի չես հետեւիր, հը՞, թէ ոչ հայրդ չի ձգեր: Հին գլուխ ըլլալու է:
—Ո՜չ, հին գլուխ չէ: Ես ալ չափազանցութիւններ չեմ սիրեր: Դու անպայման կարդա՛ Այվազովսքիի կեանքը, շատ գոհ պիտի մնաս:
—Հայերէն կարդալու -ժամանակ չունիմ. կը հաւնի՞ս սա նորաձեւ կօշիկս: Հայրս տարեդարձիս առիթով նուէր ըրաւ ինծի:
—Հա՜, այս երկարաճիտ կօշիկները մոտս են: Ես ալ ունիմ, բայց այսօր չուզեցի հագնիլ: