— Հեղինակը ո՛վ է գիտե՞ս:
— Կարեւորը ֆիլմն է. սիրեցի, սքանչելի տեսարաններ կային:
—Աղջիկ, Շէյքսփիրն է հեղինակը, հասկացա՞ր:
ԵՐԿՈՒ ՏԻՊ
Սեւմանուկեանը երկար հասակ ունէր, դեղին մազեր, կապոյտ աչքեր եւ եօթ բալանոց խնդուք, որ կը լսուէր եօթ փողոց անդիէն:
Կը խնդար բոլորին վրայ: Չեմ ըսեր ամբարտաւան էր, բայց իր ծաղրի կիզակէտին կ՚ենթարկէր բոլոր այն մարդերը, որոնք օրուան մէջ իրեն կը հանդիպէին սա կամ նա պատճառով:
Հարուստ չէր: Բայց մեծահարուստի հովեր ունէր: Ասատուրը, Սեւմանուկեանին հասակը ունէր, մազերը դեղին էին աչքերը՛ կապոյտ, խնդուքը միայն ինք կը լսէր ու երբ ծաղրի ենթարկէր մէկը, ինք բոլորովին կը լռէր ու դիմացիններուն խնդուքն է որ այս անգամ կը լսուէր եօթ թաղ հեռուէն:
Սեւմանուկեանին ու Ասատուրին ջուրերը իրարու հետ չէին քայլեր: Ամէն հանդիպում կը վերածուէր տեսարանի:
Այդ օր Ասատուրը, դարձեալ իր անձայն խնդուքով վիզը երկարեց Սեւմանուկանի վաճառատունէն ներս.
— Լեւո՛ն, գիտես որ ընձուղտի կը նմանիս. այդ պոյով դուն Ափրիկէի անտառներուն յատուկ անասուն մըն ես:
—Ծո շան լակոտ, քեզ ա՞յդ տեսակ խոսքերու համար վարձեր եմ:
—Քիչ մը դրամ ունիս բայց խելքէ զուրկ ես: Այդ խելքով մարդ չես կրնար վարձել:
—Քու հասակդ իմինէն կարճ է որ ապուշ—ապուշ դուրս կու տաս խելքիդ պչածը, արագի՛լ:
Սեւմանուկեանին ձայնը բարձրացաւ. ո՛չ արդէն սկիզբէն բարձր էր: Լէյյէկ բացատրութիւնը իրեն գիւտ մը թուեցաւ ու հնչեց իր եօթ բալանոց խնդունքը:
Կարծես այդ ազդանշանին սպասած ըլլային կողքի խանութներուն տէրերը իրենց յաճախորդներով . այսպէս եկաւ մանրավաճառ Յակոբը հիւսն Սարգիսը դերձակ Տիգրանը, ժամագործ Գէորգը եւ խել մը մարդիկ:
—Մարդիկ թատրոնը կը սիրեն, — ըսաւ Ասատուր, — ու ահա