— Հրամմեր ես:
Լեւոն սկսաւ ձախ կօշիկը ներկել:
— Լաւ ներկարար կ՚ըլլաս եղեր:
— Ծայրը դրա՜մ թող ըլլայ. գործին գէշն չկայ, մարդուն գէշը կայ, հասկացա՞ր,— փիլիսոփայեց Սեւմանուկեան:
Ասատուր իր կողքին կանգնած Աւետիսին ըսաւ բարձր ձայնով.
— Աւետի՛ս, սա պահը ինծի համար միլիոն կ՚արժէ, միլիո՛ն, կ՚ուզեմ անմահացնել այս պահը, գնա՛ սա տեղէն լուսանկարիչ Գրիգոր կանչէ, թող...
— Ի՜նչ, ի՛նչ,— ոտքի ցատկեց օձէ խայթուածի նման պարոն Սեւմանուկեանը,— ծո՛ սիրիկայ, զիս պիտի խայտառակե՞ս աշխարհով մէկ, մեր գրաւին մէջ նկարուիլ չկար, չեմ ուզեր, բան չեմ ուզեր, սատանայի ձագ, նայէ ինչե՜ր կը մտածէ:
Հաւաքողներուն քահքահը փողոցը բռնած էր ծայրէ ի ծայրը: Լեւոն բարկութենէն կը դողար, իսկ Ասատուր իր բնական ձայնով.
— Բայց ծայրը յիսուն ոսկի կայ, պարո՛ն Լեւոն:
—Ծօ, ոսկին ալ քուկդ ըլլայ, ամէն ինչն ալ, կորսուէ սըկէ, կորսուէ՝ կ՚ըսեմ, անօթին ինծի դրամ պիտի տայ եղեր, բայց ես ինչպէ՜ս հաշիւ չըրի թէ այս հտպիտը իմ գլխուս...
-Լաւ, լաւ, մի՛ բարկանար, յամենայն դէպս դուն իմ կօշիկս ներկեցիր եւ իմ խօսքս՝ խօսք՝ է, հրամմէ, պար՝ոն Լեւոն, հրամմէ յիսուննոցը:
Պարոն Լեւոն յափշտակեց յիսուննոցը, վայրկեան մը չհաւատաց աչքերուն. շուրջիննեը բոլորը անշարժացան, ամէն մարդ բան մը ըսել կ՚ուզէր կարծես, ոմանք՝ Լեւոնին, ոմանք՛ Ասատուրին, նայուածքներ ուղղութիւն փոխեցին, ճառագայթեցին, բայց տակաւին խօսքի չվերածուած, Լեւոն յիսուննոցը բզիկ-բզիկ ըրաւ ու նետեց փողոցին մէջտեղը:
-Դրամ շահիլ գիտէ, պահել չի գիտեր,— ըսաւ Ասատուր ու առաւ քալեց, քալեց, քալեց իր հետ տանելով իր մեղմ ժպիտը, պարապ գրպանը եւ անսահման երանութիւն մը...