Կ՞արթննար: Տարօրինակ գիշեր: Էմմա, մայր, քոյր, երախաներ, ես անառակ որդի եղայ, բայց ես չմոռցայ ձեզ, բացիկ մը ագամ չգրեցի, չյայտնեցի ձեզի թէ ողջ եմ, կամ, չեմ ամուսնացած, երազներուս մէջ կը տեսնեմ:
Բայց ինչպէ՜ս կրնամ գրել, ինչպէ՛ս կրնամ գրել. չէ՞ որ գերի ինկնող զինվորը պիտի չապրէր, պէտք չէ որ ապրէր: Բայց ինչպէ՜ս չապրէի: Անձնասպանութեա՞ն դիմէի...
Լուսվաւ:
⁂
Արմինէն է խօսողը, տիկինս.
—Պըն. Ժագոպ, յարգանքներս: Ամուսինս ձեզի բարեւ ունի Երեւանէն...
—Սատանանե՜ր, սատանաներ, սիրելի սատանաներ, գացիք Երեւան, բժիշկ կը դառնաք, մեր վրան վերէն կը նայիք. ինչ ընենք, մենք Եղեռն տեսանք, մենք անապատներէն ազատեցանք... բայց ինչ կը շաղակրատեմ, Ահմէ՛տ, Բեբսի մը բեր տիկինին, բժշկուհիին պիտի ըսէի, շուտ ըրէ, շուտ:
Ու մինչ Ահմէտը Բեբսի կը բերէր.
—Ժագոպ ճան, մենք ստացանք քու նամակդ, ամուսինս արդէն իսկ մեր պրոֆեսորներէն մէկուն հետ խօսած է քու մասիդ. քեզի կը սպասենք Երեւան՝ բուժմանդ համար:
— Օ՜, լաւ, լաւ, ուրեմն Հայրենիքի հացը հալալ ըլլայ ձեզի:
—Ուրիշ խնդիր մըն ալ կայ:
—Ըսէք, տիկին, մի քաշուիք, ըսէք:
—Պէյրութ Հրաչ անունով տունի ներկարար մը կը ճանչնա՞ս:
—Սա մեր զամբարա Հրա՞չը, Երեւա՞նցի Հրաչը: Ինչպէ՜ս չեմ ճանչնար, Մաամարեանին քով կ՞աշխատի, էնժենիէօր Մաամարեանին քով, ճիկերով տղայ է, բայց ինչ ըրինք, չկրցանք ամուսնացնել: Երեւան գնա կ՞ըսենք, չ՞երթար, Երեվանի վրայ ալ փոչի չի ձգեր: Զարմանալի՜ մարդ է, միշտ նապաստակին անեքթոտը կը պատմէ... Սիրուն է կ՞ըսեէ մեր Երեւանը, բայց որ ես գնա՜մ, ինձ կը նալե՜ն... անհասկնալի տղայ մըն է վերջապէս: Կ՚ուզէ՞ք, տիկին, թելեֆոն մը րնեմ Պրն. Մաամարեանին:
—Ըրէք: