Էջ:Կոտրած հայելիին ընդմէջէն, Թորոս Թորանեան.djvu/25

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

Արմինէին բացակայութեան, բժշկուհի էմման եւ իր տալը երկու անգամ եկան մեզի, երկու անգամ զիս տարին իրենց տունը: Ես ծանօթացայ Երեւանցի Հրաչին երեք զաւակներուն, երեք հարսերուն, տասը թոռնիկներուն նաեւ մօրը:

Իմ երեւումս ուրախութեան ալիք մը կը տարածէր նահապետական այս տունէն ներս եւ ինչ ալիք: Այդ ալիքը կը ջերմանար երեւանեան քոնեաքով նոր ժմնող մանուկների ժպիտներով, արտասանութիւններով: Երեւանեան անկրկնելի՜ գիշերներ, դուք անմոռաց պիտի մնաք ինծի համար:

Այդ օրը նամակ ստացայ Պէյրութէն: Տիկինս էր գրողը: Հապճեպ նամակ մըն էր: Ներփակ կար երկտող մը ուղղուսած բժուկուհի էմմային:

Նամակը Ղազարեաններու հոգիններուն մէջ շողասիւներ բարձրացուց: Բժշկուհի Էմմա ճանցաւ իր ամուսինին ձեռագիրը: Գտնած էր յոււէտ կորսուած Հրաչը, Երեւանցի Հրաչը. գտնուած էր ամուսին մը, եղբայր մը, հայր մը մեծ հայր մը, Հա՜յ մը վէրջապես, իր պատերազմի ճակատ մեկնելէն քառորդ դար վերջ:

Հայր-մայր մը ուրախութեան կու լար այդ գրիշեր, կու լար ու արտասույեղց կ՚ըսէր.

—Ես հաստատ գիտէի, որ նա ողջ էր, ահա թէ ինչո՛ւ ուշանում էր իմ մահը:

25 տարիներէ ի վեր սպասուած նամակ այդ գիշեր օգոստեան գիշեր դուն քանի մը նախադասութիւն չէիր ամբողջ գերդաստանի մը համար այլ իններորդ ալիք, բերկրանքի իններորդ ալիք Երեւանի Նոր Արաբկիր կոչուող բարձունքին վրայ:

Չհսկցայ թէ ինչպես լուսցաւ այդ գիշերը:

Աւելի ճիշտ պիտի ըլլալ ըսել այդ գիշեր մեզմէ ոեւէ մէկը չզգաց գիշերը ապրեցաւ լոյսը միայն: