Էջ:Կոտրած հայելիին ընդմէջէն, Թորոս Թորանեան.djvu/26

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

Տասնեակ մը օրեր առաջ, Երեւանցի Հրաչը անցուցած էր տագնապալի գիշեր մը։

Ժագոպ հեռաձայնեց Մաամարեանին․

—Հայաստանէն տիկին մը եկած, ձեզ տեսնել կ՝ուզէ:

— Ամենայն սիով, կը սպասեմ:

«Կը սպասեմ»ին հետ Մաամարեան մտածեց թե ինք ծանօթներ չուներ Երեւանի մեջ. արդեօք ո՛վ կրնար ըլլալ այս անծանօթուհին:

Անծանօթուհին ներս կը մտնե.

—Արմինե:

—Մաամարեան:

Նույն րոպեին ներս կը մտնէ միջին տարիքով մարդ մը հաստատուն քայլերով: Արմինէ իր ձեռքի պայուսակը կը բանա, մէյ մը կը նայի իր ունեցած նկարներուն, մէյ մը նոր ներս մտնողին․․․

– Դուք պարոն Հրաչը չէ՞ք․․․

–Այո․․․

–Ներողություն, պարոն՛ Մաամարեան, ես Երեւանէն կու գամ ու կ՛ուզեմ տեսնուիլ պարոն Հրաչի հետ։ Հրաչ կ՝այլայլի։ Արմինէ պայուսակեն դուրս կը հանէ նկարներու արցակը ու զննող հայեացքով կը հետեւի Հրաչի շարժումներուն։

–Ճանչցա՞ք այս նկարներուն մէջէն ձեզի նայողները։

–Անծանօթներ են, տիկի՛ն։

– Ա՞յս նկարին մէջիններն ալ անծանօթներ են։ Երեւանցի Հրաչ գլխու պտոյտը մը կ՝ունենայ․․․ այս այ՛ն նկարն է, զոր բանակ մեկենլ՝ առաջ նկարուած է ինք իր շուրջ բոլորուած իր ընտանիքով: Դանդաղ կը նստի, նոր կ՚անդրադառնայ իրիկուան երազին, ևւ հազիւ կրնայ զսպել ինքզինք…

—Իսկ առաջին նկարներէն քեզի ժպտողները քու զաւակներդ են. քու թոռներդ են, քու հարսերդ են: Կինդ, բժշկուհի Էմման չէ ամուսնացած, պահած է ու ճամբաղ, մայրդ մինչեւ այսօր չի հաւատար մահուանդմ զաւակներդ բազմապատկուած քեզ կը սպասեն,