այցելութիւններ բարեկամներու: Առաջին շաբաթը իր լրովմին կը հասնէր:
Լոյս տեսաւ Խաչիկին գիրքը: Ուրախութիւնը որքան փոքրիկ, տժգոյն բառ էր արտայայտելու համար Խաչիկին զգացումները: Թագուկն ալ ուրախացաւ, շնորհավորեց իր ամուսինը, նոյնիսկ համբուրեց զինք այս առիթով:
Ալ պէտք է խօսուէր: Խօսքը բացողը Խաչիկը եղաւ: Թագուկ կը սպասէր այդ րոպէ՜ին, բախտորոշ րոպէին: Բախտորոշ, քանի որ ամուսինին կողքին, Իսթանպուլի մէջ առեւտուրով զբաղվող Թադուկը չկարծէք որ փակ աչքերով եկած էր Հայաստան, չկարծէք որ մշուշուած աչքերով եկաւ Հայաստան: Այդ մէկ շաբթուան մէջ հասկցաւ հացին գինը, շաքարին գինը, կօշիկին գինը, զգեստեղէնի գիները, հասկցաւ Խաչիկին շահածը, իր հայրենիք գալու պարագային շահելիքը, Վարդանին շահելիքը, հասկցած էր ամէն բան: Հասկըցած այո, թէ իր ուզած միսը, ոչխարի միսը չի կրնար գտնել միշտ, երբեմն պարտավոր է սառած տեսակէն, ալ տաւարի միս, ձուկն ալ յաճախ կ՚ըլլար սառած տեսակէն, ալ ո՛ւր պիտի մնային Իսթանպուլի ճանլը ձուկերը, ողջ—ողջ ընտրէ, ուզածդ առ ու կեր:
Հասկցած էր որ Երեւանը իր ապրելիք տեղը չէր:
Օփերա՞ն, Օփերայի մասին ինչո՛ւ մտածել երբ ճանլը ձուկը չկայ: ֆիլհարմոնիան, նուագահանդէսները, թատրոնը, ասոնք բոլորը փոր կը կշտացնե՞ն...
ու Թագուկ մերժեց մնալ:
Խաչիկը այրիացաւ կարծես: Երեւանը, ինքը Խաչիկը, անզօր մնացին Թագուկին միտքը փոխելու հարցին մէջ, ճանլը ձուկին չափ ալ արժէք չունեցան:
Մեկնեցաւ Թագուկ: Իր գիրուկ մարմինին ծանրութիւը իսթանպուլը միայն կրնար շալկել:
Մեկնեցաւ:
Ու նոր նամակագրութիւն մը սկսաւ դարձեալ այս փաստօրէն բաժնուած զոյգին միջեւ:
Նամակները դարձան սրտառուչ, սրտագրաւ, սրտաճմլիկ: Արցունք կար, կարօտ կար ամէն նամակին մէջ: Իրա՛ւ արցունք, իրա՛ւ կարօտ:
Ցամաքի ճամբով սկսան թուրիսթներ գալ Իսթանպուլէն:
Նեղ ժապաւէն մը Թիւրքիան կապեց Հայաստանին: