Էջ:Կոտրած հայելիին ընդմէջէն, Թորոս Թորանեան.djvu/38

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

Ու եկաւ այդ զաւակը: Թուխիկ ու Խաչիկ ունեցան իրենց առաջին զաւակը: Թուխիկը քառասունմէկի մէջ էր: Խաչիկը՝ յիսունմէկի:

Առաջին իրենց զաւակը կոչեցին Վարդան: Լաւ անուն էր, թող այդպէս կոչուէր: Թուխիկ չառարկեց, գիտնալով հանդերձ թէ այս անունը Թագուկին տղայէն կու գար:

Տարի մը վերջ երկրորդ զաւակի կը սպասէին:

Եթէ աղջիկ ըլլայ, Թագո՜ւկ կը կոչենք, կ՚ըսէր Խաչիկ: Եկաւ երկրորդ զաւակը: Եկողը ակնկալուածը չէր սակայն. դարձեալ տղայ մը ունեցան: Այս ալ Անդրանիկ կոչուեցաւ:

Տունը եկաւ նեղ: Ալ չորս հոգի էին: Մէկ սենեակնոց բնակարանը Անդրանիկին ձայնին չէր բաւեր: Բայց զարմանալի տղայ էր այս Խաչիկը իսկապէս: Չէր դժգոհեր: Հայրենիքը այս հարցն ալ պիտի լուծէ, կ՚ըսէր: Պիտի՛ լուծէ անպայման:

Թուխիկին համար բաւական դժուար էր ընտանիքի բոլոր գործերուն հասնիլ: Ու օր մը, լռակեաց Թուխիկը կ՚ըսէ Խաչիկին.— Ինչո՞ւ չես մտածում մամային Իսթանպուլից Երեւան բերելու մասին:

Մաման կ՚ուրախանայ իրա թոռներով, դու էլ կ՚ուրախանաս, մեզ էլ օգտակար կը լինի:

Խաչիկը քառակի ուրախութիւն ապրեցաւ այդ օր:

Եկաւ: Աննա մայրիկն ալ եկաւ Երեւան: Այդ գալ չէր, թռչիլ ու հասնիլ էր երազի մը հասնիլ էր, իր Խաչիկին, իր հարսին, իր թոռներուն հասնիլ էր:

Աննա մայրիկ երկու տարուան փայլատակող վերջալոյս մը ունեցաւ: Երկու տարի իր տղուն հասակին նայեցաւ, երկու տարի թոռնիկներ մեծցուց: Հարսին հետ ոչ մէկ անգամ ըսի—ըսաւ ունեցաւ:

Բայց գնաց: Գնաց երբ կրնար մնալ, պէտք էր մնար:

Գերեզմանտունէն վերադարձին էր երբ Խաչիկ, իր տունին մէջ մօրը համար տրուած հոգեճաշին խօսք առաւ.

—Մայրս թաղեցինք: Պեմուրազ չգնաց: Հայաստանի մէջ գերեզման մըն ալ ունեցայ: Կին, զաւակներ, գործ ու տուն, նաեւ գերեզման ունեցայ Հայաստանի մէջ: Հիմա կւ զգամ աւելի քան երբեւէ թէ այս հողին մէկ մասն եմ ես:

Մօրը մահուընէն երկու օր ետք տնային կառավարչութենէն կանչեցին Խաչիկը.