Ինք կը ծնի Փարիզ:
Արմէնը Ֆրանսերէն լեզուն գիտե շատ մը Ֆրասացիներէ լաւ, վկայ իր ֆրանսերէնով հրատարակած գիրքը: Հայերէնը վատ գիտե, վկայ իր գրեթէ սահուն թրքէրեն խօսիլը:
—Հայերէնը շատ կը սիրեմ,— կ՚ըսէ Արմեն,— բայց ներողամիտ գտնուէ, եկուր թրքերէն խօսինք, որովհետեւ կիլիկեցի ծնողներս տունին մէջ միշտ թրքերէն խոսած են ու ես ակամայ տիրապետած եմ այս լեզուին:
Իրենց տունին մէջ ենք, Փարիզ, Քատէ թաղամաս, մայրաքաղաքի 9—րդ շրջան:
Հավաքուած են քանի մը Հայեր, Հայաստանէն խապրիկներ առնելու:
Ներկաներում մէջ երկու անզուսպ կայ, առաջինը Արմենն է որ խօսակցութիւնը կ՚ուզէ վարել թրքերէնով, երկրորդը՝ Գրիգորը:
Արմենի մասին գաղափար մը կազմեցինք: Քիչ վերջ աւելի մօտէն կը ծանօթանանք իր մտածումներուն, այսինքն` իրեն:
Հապա Գրիգո՞րը: Գրիգորը չամչնայ, պիտի ըսե թէ եօթանասուն տարեկան է, բայց ըստ ներկաներում ահա քանի տարիէ ի վեր իր տարիքը հարցնողներուն վաթսունինը կը պատասխանէ: Իրեն համար օրացոյցը վաթսունիննի վրայ կանգ առած է:
Գրիգորը նոյնպես Սսեցի է: Արմենին վրայ կը բարկանայ, նոյնիսկ կը հայհոյէ երիտասարդին ու, «դուն մարդ պիտի չըլլաս», կ՚ըսէ, «մինչեւ որ հայհոյէ չսորվիս»: Տակավին կ՚աւելցնէ.—«Թրքերէնով Հյութեան մասին կը մտածէ. այդ ըլլալիք բան չէ՚, մարդ ինչպէ՚ս թրքերէնով Հայութեան մասին կրնայ մտածէլ»:
«Կը մտածեմ», կը պոռայ Արմէն, «իմ մտածելս փաստ է, դուն հայերէնով կը մտածես, լաւ կ՚ընես, ըսելիք չունիմ, ես ալ թրքերէնով եւ ֆրանսերէնով կը մտածեմ: Կ՚արգիլե՞ս, դադրի՞մ մտածելէ: Ի՛նչ ընեմ որ քու ազգականներդ, այսինքն իմ ծնողներս հայերեն չեն սորվեցուցած ինձի, յանցաւորը ե՞ս եմ: Բայց հայ եմ չէ՛»:
Գրիգոր կ՚ուրախանայ քիչ մը: Խօսակցութիւնը կը շարունակէ ֆրանսերէնով, չ՚ուզեր որ լեզուն պղձէ լեզուով մը որ փորձանքներուն փորձանքը բերաւ մեզի:
Դերձակ է Գրիգոր: Իր դերձակատունը փոքր Հայաստան մըն է: Երբ ներս կը մտնես խանուրէն, արդիական փողկապներ կը տեսնես, արդիական շապիկներ ու անգլիական կերպաս: Իսկ երբ քիչ մը յառաջնաս դէպի խանութին խորքը ու մտնես քովնտի այն սենեակը, որ աշխատանոցն է, կը զարմանաս: Մեր բոլո՛ր գրողները այստեղ են