Էջ:Կոտրած հայելիին ընդմէջէն, Թորոս Թորանեան.djvu/56

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

Բարի, բարի տղայ մըն է Արտակ, բնութեան պէս բարի, անամպ երկինքի պէս կապույտ. կը դադրի բնագիտական հարցեր վերլուծելէ ու կը սկսի արտասանել Վարուժան:

Վարուժանը Արտակին համար թէ՛ բանաստեղծ է, թէ՛ ֆիզիկոս. հապա լսէ լոյսի մասին գրածը մեծ բանաստեղծին. —Կը բաժնուի բոլորին, բայց կը մնայ անբաժան:

Արտակ ոգեւրուած կը շարունակէ Դանիէլ Վարուժանը վերլուծել, բայց մեր քայլերը մեզ բերած ու հասցուցած են լայնահուն փողոցի մը, որուն պողոտայ կոչումը կրնան տալ արտասահմանի մէջ. փողո՛ց մը սակայն, որ քարքարուտ է, աջին ու ձախին փլած տուներ կան, փողոցը չէ սալայատակուած, աւելի ճիշդը չէ կպրապատուած: Կը քալենք քարերու վրայէն. թող մեր կօշիկները մաշին. կը քալենք:

—Քարքարոտ ճանապարհը վախճան կ՞ունենայ:

—Ամէն սկիզբ իր վախճանը ունի:

—Ամէն վախճան սկիզբի մը ծայր կու տայ: կու տայ:

Կը վիճինք:

Քարքարուտ ճանապարհը մեզ կը հասցնէ վարպետին՝ Մարտիրոս Սարեանին տունը:

Մեծ դարպասին մօտ կր յամենանք քիչ մը: —Մտնենք, մտնենք վապէտի մօտ:

—Անկոչ հիւրի պէս:

—Մեր տան պէս:

Հսկայ շուն մը մեզ կը դիմաւորէ: Վարպետին շունն է: Ես քիչ մր ետ կը քաշուիմ: Այգիին խորէն վարպէտին ձայնը կը հասնի մեզի՝ հեռավոր եկեղեցիի կոշնակի ձայնին պէս.

—Մի վախնաք, կծան շուն չէ:

—Բարի օր, վարպետ:

Վարպետին Տուն—Թանգարանր աւարտուն վիճակ մը շունի տակավին: Իր ողջութեան վարպետին համար Տուն—Թանգարան կր կառուցի... Աշխարհը պիտի կորսուհի եղեր. Ինչպէս թէ: Վարպետը ծաղիկներ կր նկարէ, աշնա՛ն ծաղիկներ, այգիին խորը դեղնականաչ գորգ մը փռած է վարպետը. հակառակ իր ութսունվեց տասեներուն՝ նստած է բնութեան գորգին վրայ Հայոց եկեղեցիին զանգակատունէն ոչ հեռու եւ բոցավառող աշունը կը նկարէ...

Մեր մոլորակը պիտի կորսուի եղեր օր մը:

Արտակը վերացած է, Արտակը միայն բանաստեղծ է այդ