Էջ:Կոտրած հայելիին ընդմէջէն, Թորոս Թորանեան.djvu/83

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

հայկական հարցին մասին: Եղբա'յր, ամէն օր յուշ մը, ամէն օր քստմնելի պատմութիւն մը, ամեն օր կորսուած երկիր մը մեր թերթերուն մեջ ...

Կը փնտռուի...կը փնտռուի՜...կորսուած միլիոն ու կէս Հայութիւն, կորսուած Պիթլիս, կորսուած Մուշ ու Սասուն, կորսուած Վան, Աղթամար ու Անի ու տակաւին հազար ու մէկ գիւղ ու քաղաք, վանք ու խաչքար... Լուր ունեցողներէն յայտնել Երեւան, եւ արտասահմանի Հայերէն թերթերուն:

Մեռանք, եղբայր, մեռա ՜նք:

Ալ վերջ թող տան այս, օր մըն ալ թող ըսեն թէ գնա՛նք, մեր փնտռածները տեսնողներ եղած են Վանայ ծովու Արևելյան կողմը, հարաւային կողմը, արևմտյան կողմը, եւ թէ այդ տեսնուածները կրնանք գտնել... Եղբայր, թող գրեն այն ձեւերուն, կերպերուն մասին, որով կրնանք հասնիլ բոլորին, ինչ որ հարազատ է ու մերի՛նը, ուրիշինը չե՛նք ուզեր:

Ըսէ', գրե' վերջապԷս, թող ճամբայ մը ցոյց տան, ճամբա ՜յ, թէ ոչ խմբգիրին տղան Ամերիկա կ՚երթայ, հոն բժիշկ եղած է, ազգային գործիչին տղան Ամերիկա կ`երթայ, մեծ ճարտարապետ է, գրողին տղան Ֆրանսերէն կը կարդայ, որովհետեւ հայերէն չի՛ գիտեր: Ի՛նչ է, խմբագիր, գրող կամ ազգային գործիչ ըլլալու նպատակը ին


— Միթե՞ ցոյց չեն տար քու փնտռած ճամբան:

—Ո՚չ, հազար անգամ՝ ո՚չ:

—Կու տան ... ներկայ Հայաստանն է:

—Ներկայ Հայասնանը քեզի չափ ես ալ կը տեսնեմ, բայց մեր Ամերիկա կերթայ, Գանատա կերթայ , Աւստրալիա...

—Ուրեմն դուն ալ կու լաս մեր խմբագիրերուն նման:

—Ես վէրքը ցոյց կու տամ:

—Անոնք ալ թէ՛ վէրքը ցոյց կու տան, թէ ալ ճամբան… Հայաստանը:

—Բայց ես պարզ դերձակ մըն եմ, անոնք առաջնորդ են, պարտաւոր են առաջնորդել, պարտաւոր են, ու եթէ առաջնորդ են թող առաջնորդեն, թո՛ղ այնպէս ընեն որ մեր նոր սերունդին