Էջ:Կոտրած հայելիին ընդմէջէն, Թորոս Թորանեան.djvu/82

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

ՈՍԿԻ ՄԱՅՐԻԿԸ

—Բժի՛շկ, մօրս թանսիոնը բարձրացած է: Կրնա՞ք մեզի գալ...

—Ի՞նչ ունեիք, Ոսկի մայրիկ:

—Գլուխս իմս չէ, տղա՛ս, կը դառնայ, կը դառնայ, արբանակի նման կը դառնայ ու չի գտներ իր տեղը որ ուսերուս վրայ է:

Գոլէճ տեսած մայրիկ մըն է այս մէկը: Ինչե՜ր չէ ըրած այս մայրիկը: Փոքրը ու մեծ Հայաստան մըն է այս մեկը մայրիկը Հայաստանին պէս: Կը շողայ երբ խօսի, երբ ընկերութեան մէջ է. կը մխայ երբ առանձին է: Զաւակներէն երկուքը զինքը մտիկ չըրին ու գացին հաստատուեացան Փարիզ: Ինք տիւ ու գիշեր երկիրը կը հոլովէ, բայց նույնիսկ որպես զբօսաշրջիկ չ՚երթար Հայաստան:

—Ոսկի՝մայրիկ, գնա՝ մէյ մը Երեւանը տես:

— Ի՜նչպես երթամ:

—Ելիր եւ գնա՝ պարզաէս. տղաներդ ծախսերդ կը հոգան. եղածը ի՜նչ է որ:

—Եղած՞ը, եղածը, բան մը չէ, բժիշկ եղար ու տակաւին ցաւս չհասկցար. ես ելլեմ, ի՝մ երկիրս թուրի՞սթ երթամ: Հայը իր երկրին մէջ թուրի՞սթ: Այդ չըլլալիք բան է: Եթէ ես Հայաստան երթամ, պէտք է վերջնական երթամ, հասկցա՞ր, ընկե՛ր տոքթոր:

—Մի բարկանար, Ոսկի՛ մայրիկ, հանդարտէ քիչ մը որ չափեմ զարկերակային արեանդ ճնշումը:

—……

Սնդիկը 18 ցոյց կու տար եւ … տասը:

Տուի պէտք եղածը դեղորայքն ալ:

—Դրամը մոռցար, տղաս, դրա՝մը:

—Լաւ է մոռնալ այդ դրամը, Ոսկի՝ մայրիկ, դուն տարիներով կանխիկ վճարած ես արդէն ու քիչ առաջ ալ վճարեցիր երբ ըսիր թէ հայը ինչպէ՜ս թուրիսթ ըլլայ իր իսկ երկրին մէջ…


ԱԼ ՁԱՆՁՐԱՑԱՆՔ

—Դուն կը գրես, մի քանի հայերէն թերթի կ՚աշխատակցիս:

Ըսէ, գրէ, նամակներ գրէ, սա մեր ազգային գործիչներուն թէ ալ ձանձրացանք, ալ ձանձրացանք կարդալէ