Jump to content

Էջ:Կոտրած հայելիին ընդմէջէն, Թորոս Թորանեան.djvu/89

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

զոհերուն համար: Արտասհամանցի գոյատեւող Հայուն համար… որ յաղթանակ չունի, ճակաատ չունի, վերջ չունի… Երբեւիցէ մտածած ե՞ն կոթող մըն ալ կանգնել անծանօթ կառուցանողին համար:

Ո՛վ կառոյց այս Հայրենիքը: Այսքան շէնքեր, այսքան պալատներ, այսքան ջրանցքներ: Ո՛վ կանանչ գօտի կապեց Երեւանի մէջքին, ո՛վ իշխան ձուկին համար գտաւ բնակելի նոր ջուրեր: Ո՝վ, ո՝վ ո՝վ: Մի ջղայնացներ զիս, պատասխանէ՜: Ես կ՚ուզեմ որ Հայրենիքը սքանչելի կոթողով մը, արուեստի կատարելութեան հասնող կոթողով մը, յաւերժացնէր Անծանօթ Կառուցանողին, հա՛յ աշխատաւորին յիշատակը:

Այս է բովանդակութիւնը իմ գրած նամակին:

—Սքանչելի է, Զաւէ՛ն, ղրկէ՛ այդ նամակը անմիջապէս:

—Կը վախնամ որ վրաս խնդան, բանուոր եմ:

—Չեն խնդար: Բայց եթէ դուն չղրկես արդէն գրած նամակդ, ես բաց նամակ կը գրեմ առ որ անկ է:

Զաւէն մտածմունքի մէջ ինկաւ:

'ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ'

—Կը շնորհաւորեմ ցուցահանէսդ, Յակո՛բ:

—Շնորհակալ եմ:

—Միայն ջրաներկով կ՚աշխատիս՝ կ՚երեւի:

—Առ այժմ միայն ջրաներկով:

Յակոբին հայրը շատ ուրախ է. այցելուները զինք եւս կը շնորհաւորեն: Ընկերս երկու նկար կը գնէ: Յակոբին հայրը ոչ այնքան դրամին, այլ իր տղուն յաջողութեան համար կ՚ուրախանայ. կարէք ըսել ուզէր.— Տեսէ՛ք, ի՜նչ շնորհալի տղայ ունիմ: Իմ տղաս է, հէ՜:

Փոքր մատեան մը կայ ցուցասրահին մէջ, կը մօտենամ ու կը գրեմ.

—Յակոբը օժտուած է նկարելու շնորհքով: Շատ երիտասարդ է. այդ է պատճառը որ ժպտուն աչք մը ունի բնութեան վրայ: Գիծերը նուրբ են իրեն պէս, գոյները՝ զուարթ իր տարիքին պէս (հիմա յիշեցի որ նոյն տարիքը ունեցող մեր տղաքը Տարագրութեան պրերուն կանխահասօրէն տխուր էին ու ծերացած հայեացք մը կը