Էջ:Կոտրած հայելիին ընդմէջէն, Թորոս Թորանեան.djvu/90

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը հաստատված է

պտտցնէին անապատներուն վրայ). ահա թե ինչո՛ւ սրահ մտնողը ուրած տրամադրւթյամբ դուրս կու գայ:

Յամառ աշխատանքն է բարձունք տանող միակ ճանապարհը:

Իր տարիքին՝ մէկ անդամէն խաղաներկին անցնիլը յանդգնութիւն կ՚ենթադրէ: Բայց ինք հոն պիտի հասնի անպայման: Այդ ճանապարհը զինք պիտի մղէ որ դիմակներ տայ, այսինքն նկարէ մարդոց ներաշխարհը:

Պիտի մեծանայ այսօրուն պատանին, դառնայ փորձառու, ու այս անգամ նկարէ գուցե լացող մանուկներ, փլած տուներ, անսէր մարդիկ. բայց ինչ ալ նկարելու ըլլայ, իր վրձինը թաթխուած է լաւատեսութեան սափորին մէջ:

Արուեստի վազքի առաջին տունը է այս ցուցահանդէսը, մաղթենք որ մարաթոնեան վազք մը ըլլայ Յակոբին գործը:

Ցուցասրահի ուրախութիւնս ինծի հետ դուրս տարի փոխեցին մէջ բաժանելու համար հանդիպածներուս: Ամպոտ էր երկինքը, ես փունջ-փունջ ճառագայթներ կը բաժանէի Յակոբին նկարներէն:


ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻԴ ԼԵԶՈՒՆ ԵՂԻՐ

— Սա մարդուն լեզուն արգելակ չունի: Այստեղ չէ ծներ ու մեծցեր կարծես: Իրեն համար ամէն ինչ մեծ է Ամերիկայի մէջ, ամէն ինչ լուսաւոր է: Հակառակը պնդող չկայ: Բայց թէ ինչու կեցեր է այստեղ: Ո՛վ ոտքերուն երկաթ կապած է: Ինչո՞ւ դրախտին ճամբան չի բռներ:

է՜, բարեկամ, ելիր գնա՛, ի՞նչ բանի կը սպասես:

Յարմար առիթի կը սպասեմ: Անշարժ կալուածներուս հարցը վերջացնեմ եւ երթամ:

— Որքա՜ն լաւ կ՚րլլար որ ժողովուրդիդ լեզուն ըլլայիր քան օտարներուն թութակը

ՀԻՆ ՈՒ ՆՈՐ... ՍԵՐՈՒՆԴ

— Սա հին սերունդը փոխուիլ չի գիտեր, յարմարիլ չգիտեր. շատախօս է ու յետամնաց: Կը վստահեցնեմ քեզի որ կան շատ մարդիկ, որոնք իրենց շատախօս ու ծեր ծնողներուն մահը կ՚ուզեն իրենց