կ՚անցընեն, երաժշտութիւն, երգ, դասախօսութիւն, վերջապէս քեզ առնելով նստելու չէ եա՜:
— Հա՛, մենք ծեր ենք, հին սերունդ ենք, մեզի հետ խօսելիք չունին, մեզ չեն հաւնիր. մենք զիրենք ցաւով մէջտեղ չբերի՜նք. եթէ այսօր այսպէս է, հապա վաղը ի՛նչ պիտի ըլլայ, երբ օտարին աղջիկը տունս մտնէ,ալ խօսիլ չ՚ըլլար:
— Ալ չափը կ՚անցընես, մեր տղան այդպիսիներէն չէ, քեզի հազար անգամ ըսած եմ. դարուն տղաներէն չէ: Լաւ հայ մեծցաւ, այնքան ուրախ եմ: Իսկ դուն լաւը չես տեսներ, շարունակ կու լաս:
—Արդէն դուն երես տուիր, դո՛ւն: Այդ ակումբ—մակումբներէն դուրս չելլելուն պատճառը դո՛ւն ես. ի՜նչ ըսեմ. ձուկը գլխէն կը հոտի: Եթէ դուն սկիզբէն խիստ հայր մը ըլլայիր, չոճուխս գործէն ելլելուն պէս տունին ճամբան կը բռնէր. սանկ գոնէ ժամ մը—երկու տունը կը նստէր, հասակին կը նայէի, կ՚ուրախանայի, մենք ալ մարդ ենք, մե՛նք ալ հիւրեր կ՚ունենաք, անոնց հետ կը խօսէր, անոնց առջեւ ես ալ որպէս մայր քիչ մը ինքզինքս կը տեսնայի:
—Դուն մարդ կը ճաթեցնես, կնի՛կ, մարդ կը ճաթեցնես:
Սառնամանիքի պէս ժայռ կը ճաթեցնես: Այսօր եթէ գայ, կէս գիշեր ալ ըլլայ, տղուն գլխուն պիտի պոռամ, թող սիրտդ պաղշկի, տեսնեմ՝ վերջը ի՛նչ պիտի ըլլայ:
⁂
—Տիգրա՛ն, եաւրում, ասոր վերջը ի՞նչ պիտի ըլլայ, դուն հայր—մայր չունի՞ս, դուն տուն չունի՞ս, գործէն ելլելէդ ետք սանկ օր մը շիտկէ—շիտակ տունս ըսելով գալ չունի՞ս, տղա՛ս, դուն մեր տուն կը քանդես. ի վերջոյ սա մեր տունը ի՛նչ է օթէ՞լ է, կու գաս կը պառկիս, առաւօտեան բարի լոյս մը կ՚ըսես, յետոյ, յաջորդ առաւօտ միայն երեսդ կը տեսնեք. սանկ օր մըն ալ բարի իրիկունդ լսէինք, վերջը մը տուր այս կեանքին, ակումբային կեանքիդ. այս մայրըդ տամլայ պիտի ըլլայ, տամլայ, զիս ալ պիտի խենթացնէ օր մը:
—Մայրը շտկուեցաւ անկողինին մէջ.
—Ի՛նչ է չոճուխիս գլխուն կը պոռաս, խօսելու ձեւ չունիս, ե՞րբ խօսիլ պիտի սորվիս: Մատ մը երախային վրայ այսպէս կը պոռա՞ն, չէ, տղա՜ս, չէ, այսօր հայրդ բարկացեր է, չնեեղուիս:
—Պէ, կնի՛կ, դուն չէիր…
—Հայրիկ, մայրիկ, մտիկ ըրէք, ես պատմութիւն մը