Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/325

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ՀԱՅ ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐՆԵՐ

ԱՌԱՋԻՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐ

Նախապատրաստական նիստ

24 փետրվարի 1919թ.

ՕՐԱԿԱՐԳ

1. ԿԱԶՄՈՒԹԻՒՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻ

Համագումարը նկատեց, որ ընտրուած պատգամաւորները եւ Ազգ. Պատուիրակութեան անդամները, 21 հոգի, արդէն հաւաքուած էին Փարիզ, ընդդէմ 10 բացակայ պատգամաւորներու, որոնց հինգը ճամբան էին եւ հինգը տակաւին ընտրուած չէին, հետեւաբար' Համագումարի բացման համար, նոր ընտրութեանց պաշտօնական հրաւիրագրի պարունակութեան համաձայն, բացարձակ մեծամասնութիւն արդէն իսկ կար:

Jշդելէ յետոյ այս կէտը, հարց ծագեցաւ, թէ արդեօք համագումարը ինք իր կողմէ իր անդամներուն թիւին վրայ յաւելումներ ընելու իրաւունք ունէ՞ր, թէ՞ ոչ: Միաձայնութեամբ ընդունուեցաւ, որ Համագումարը ունէր այդ իրաւունքը եւ որոշուեցաւ, ձայնի եւ քուէի հաւասար իրաւունքոv` իբրեւ վաղեմի ազգային գործիչներ` Համագումարի անդամ հրաւիրել Տիարք Միհրան Տամաաեանը, Արշակ Չօպանեանը, Արտաւագդ Հանըմեանը, Դաւիթ-Բէկը եւ Բրօֆ. Թումայեանը, բնականաբար այս ընտրութեան վերջնական վաւերացումը ձգելով Համագումարին` իր օրինական աոաջին նիստին:

Որոշուեցաւ նոյնպէս ձայնի ու քուէի հաւասար իրաւունք տալ Պոլսոյ պատգամաւորութեան խորհրդակցական անդամ Տիար Տոքթ. Արմենակ Բարսեղեանի, այս կերպով յարգած ըլլալու համար Պոլսոյ Ազգ. Մարմիններու ընտրութիւնը, որով Ազգ. Պատուիրակութեան կողմէ որոշուած երկու պատգամաւորներու տեղ երեք հոգի ղրկած էին:

Որոշուեցաւ նույնպէս ձայնի եւ քուէի հաւասար իրաւունքով Համագումարի անդամ ճանչնալ Ազգ. Պատուիրակութեան արդի անդամ Տիար ճ. Մալքոլմն ու Վեհ. Կաթողիկոսի կողմէն նախապէս Ամերիկա ղրկուած Տիար Գ. Փաստրմաճեանը, որոնք որեւէ շրջանէ իբր պատգամաւոր ներկայացուած չէին Համագումարին:


2. ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ

ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԵԱՆ ՀԵՏ

Համագումարը յետոյ անցաւ Հայկական Հանրապետութեան ներկայացուցիչներուն եւ Ազգ. Համագումարի փոխյարաբերութեանց խնդրին:

Հայկական Հանրապետութիւնը, բոլորովին անտեղեակ ծրագրուած Համագումարէն, Տիարք Ա. Ահարոնեանի նախագահութեամբ եւ Մ. Պապաջանեանի /որ տակաւին եկած չէ/ ու Համօ Օհանջանեանի անդամակցութեամբ Պատուիրակութիւն մը ղրկած էր Փարիզ, գործելու համար ի նպաստ ազգային դատին` համախորհուրդ Ազգ. Պատուիրակութեան հետ:

Այս Պատուիրակութեան անունով Տիար Ա. Ահարոնեան խօսք առնելով յայտարարեց, որ Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը ինքզինքը կը դնէր Համագումարին տրամադրութեան տակ, թէ իրենք բոլոր սրտանց կուգէին