Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/326

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

աշխատակցիլ Համագումարի աշխատութեանց, բայց նկատի ունենալով Հայկական Հանրապետութեան ներկայացուցիչներու թիւին նուազութիւնը /երեք հոգի/, նկատի ունենալով նաեւ, թէ երեք հոգիով կարելի չէ ներկայացնել հայութեան կէս հատուածը, ուրեմն եւ Հայ Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը կը մասնակցի Համագումարին` խորհրդակցական ձայնով միայն:


3. ԾՐԱԳՐԻ ՄՇԱԿՈՒՄ

Ծրագրի Մշակման Յանձնախումբը, որ նախապէս կազմուած էր, առաջարկեց որ Համագումարը բացուելուն պէս իր ծոցէն ընտրէ երեք կամ չորս անձնաւորութիւններ, առժամեայ հանգամանքով, որոնք միանալով Հայկական Հ. Պատուիրակութեան, կազմեն մէկ մարմին, վարելու համար Պատուիրակութեան առօրեայ աշխատութիւնները, քանի որ Համագումարի աշխատութեանց պահուն անկարելի է, որ ժողովը, ինչպէս եղած է մինչեւ հիմա, մէկ կողմէ Պատուիրակութեան գործերը տանի, եւ միւս կողմէ Համագումարի ժողովներ կարենան գումարել:

Թեր ու dէմ կարծիքներէ յետոյ, որոշուեցաւ ստիպողութիւն տալ այս հարցին եւ զայն անցընել Համագումարի օրակարգը:

Դարձեալ` Ծրագրի Մշակման Յանձնախումբը առաջարկ բերաւ, որ Ազգ. Համագումարի բացումը կատարուի հանդիսաւոր կերպով, ի ներկայութեան Դաշնակից Եւ բարեկամ պետութեանց ներկայացուցիչներուն, մամուլի ներկայացուցիչներուն, հայ ժողովուրղին, եւ այլն, կարելի եղածին չափ մեծ արձագանգ տալու համար Համագումարին, ինչ որ թէ կը նպաստէ մեր ղատին եւ թէ մեծ ուրախութիւն կը պատճառէ ու բաւարարութիւն կու տայ մեր ժողովուրղին:

Համագումարը մեծամասնութեամբ ընդունեց այս առաջարկը եւ ընտրեց կարգադիր յանծնախումբ մը անղամակցութեամբ`

Տիարք Թէքէեանի,
               Մալքոլմի,
               Մասեհեան Խանի,
               Չօպանեանի,
               Տէր-Ստեփանեանի:


4. ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆ ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐԱԳՐԵՐՈՒ

ՎԱՒԵՐԱՑՄԱՆ ՅԱՆՁՆԱԺՈՂՈՎԻՆ

Համագումարը քուէարկեց Պատգամաւորագրերու Վաւերացման Յանձնաժողովի մը ընտրութեան: Անդամ ընտրուեցան`

              Ամեն. Դուրեան Արքեպ.
Տիարք` Տէր-Յակոբեան
                Տէր-Ստեփանեան


Որոշուեցաւ, որ Յանձնաժողովը անմիջապէս աշխատութեան ձեռնարկէ եւ իր տեղեկագիրը բերէ ժողովին:

Նիստը փակուեցաւ ժամը 8 1/2-ին:

Նախագահ

ՀԱԱ, ֆ. 430, ց. 1, գ. 18, թթ. 2-3 շրջ.: Ձեռագիր: Բնագիր: