Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/359

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Հայաստան աշխարհի ներկայացումը ճիշդ կըլլայ: Եթէ այդ Պատուիրակութիւնը կազմուի չեմ կարծեր, որ ցրուիլը ճիշդ ըլլայ. մենք նախ պատասխան ունինք տալու, երբ բոլորս երկիր վերադառնանք: Իմ խելքս չի հասնիր, որ առանց զօրքի, առանց ոյժի, հայ ժողովուրդին այս թշուառ վիճակին մէջ, միացեալ կառավարութիւն ինչպէ՞ս կը ստեղծուի առանց հողին տէր դարձած ըլլալու: Պատուիրակութեան յաջող ընտրութիւնը ես մեծ բան մը կը նկատեմ իբրեւ առաջին կառավարական ձեւ:

Գեր. Յովհաննես Վ. Թորոսեան. Այս ժողովին ձեռնհասութիւնը եւ դերն է ճշդել ըլլալիք գործին խոշոր գիծերը եւ յանձնել գործադիր մարմնին, որ իրագործէ հայկական բացարձակ ազատութիւնը: Բայց եթէ այս ժողովը այս մեծ հարցերը դնէ եւ երթայ, Պատուիրակութիւնը որո՞ւ պիտի տայ իր հաշիւը եւ որո՞ւ խորհուրդ պիտի հարցնէ իր տարակոյսներուն եւ տատամսումներուն մէջ: Ես այդ Պատուիրակութիւնը, որ իր հաշուետուութիւնը ապագայի խորհրդարանին պիտի վերապահէ, «աննորմալ» վիճակի մէջ կը նկատեմ: Այս համագումարին դերն է մշակել նաեւ ներգաղթի, պարենաւորման եւ այլ խնդիրները եւ գործի սկսիլ, որմէ յետոյ ժողովը կրնայ ցրուիլ իւրաքանչիւր անդամ իր տեղը աշխատելու համար, բան մը, որուն ժողովուրդը այնքան պէտք ունի: Կը կարծեմ, թէ Հայաստանի միացման գործը առանց ոյժի կարելի չէ. օրքւնակ իտալական Սավուայի տէրութեան կազմուիլն ու ընդարձակուիլը: Կովկասի Հանրապետութիւնն ալ պէտք է կամաց-կամաց տարածուի եւ հռչակէ Միացեալ Հանրապետութիւն:

Տիար Չօպանեան. Այն օրէն, որ շրջաբերական-հրաւիրագիրը ուղղուած է, պայմանները նոյնը չեն մնացած: Կազմակերպողները այս ուշ թուականը դրին, որպէսզի համազգային ժողով մը ըլլայ ասիկա, եւ որուն համար Պարսկաստանէն ու այլ գաղութներէ մարդիկ եկան: Այսօր եթէ վէճ կայ, յանցանքը մերը չէ. որովհետեւ դրութիւնը փոխուած է. հայկական պետութիւն մը կայ, որ առանձին իշխանութիւն եւ դիրք ունի: Եթէ այսօր կը ւիափաքինք, որ ասիկա համազգային ժողով ըլլայ, շատ հասկնալի եւ բնական է, սակայն ի՞նչ կրնանք ընել, երբ Կովկասեան Հանրապետութիւնը իր ներկայացուցիչները ղրկած է Խաղաղութեան Վեհւսժողովին, եւ որոնք չեն ուզեր մասնակցիլ այս ժողովին իբրեւ անդամ: Այս պարագային այս ժողովը պիտի նկատենք, ինչպէս որ է արդէն, «Ոչ-փրկեալ Հայերու Ազգային Համաժողով»: Այս Համագումարը իսկապէս կոչուած է արեւմտահայութեամբ զբաղիլ, եւ բարեբախտութիւն է, որ Կովկասէն եկած պատգամաւորներն ալ հոս ըլլալով ստորագրած են մեր պաշտօնական Յիշատակագիրը տէրութեանց ուղղեալ: Պէտք է ընտրենք ուրեմն Պատուիրակութիւն մը, որ զբաղի ոչ-փրկեալ հայերու խնդրով: Պէտք է կազմել նաեւ Յանձնաժողովներ ներգաղթի, պարենաւորման, բրոբականտի եւ այլ գործերը ընելու համար: Համագումարը կրնայ թելադրութիւններ ընել Պատուիրակութեան եւ քոմիսիոն մըն ալ ընտրել Դիւանին հետ Պատուիրակության ծրագիրը մշակելու համար:

Գալով հանդիսաւոր բացման խնդրին ես խելացի կը գտնեմ, որ չըրինք: Աւելի լալ է փակումը հանդիսաւոր ընել, երբ արդէն մեր Դատն ալ լուծուած ըլլալով վիճակնիս որոշուած կ՚ըլլայ: Թող թոյլ տրուի ինծի նաեւ Դուրեան Սրբազանի մէկ խօսքին անդրադառնալ եւ ըսել, որ ճիշդ է. թէեւ արեւմտահայերս շատ չարչարուած, կարօտուած ժողովուրդ ենք, բայց «Թան»-ի խմբագրին իսկ հիացում կը պատճառենք մեր գործունէութեամբը, պահանջներով եւ յամառութեամբ: Մենք ունինք Հայկական Լեգէոնը, որ կորիզն է արեւմտահայ բանակին, պէտք է ուժեղցնել, միջոցներ ստեղծել մեծցնելու այդ բանակը, որ յետոյ պիտի միանայ Արարատեան Հանրապետության բանակին կազմելու Հայաստանի միացեալ բանակը:

Տիար Բարսեղեան. Անհրաժեշտ կը տեսնեմ Հայաստանի զինուորական ոյժին զօրեղացումը եւ գրաւումները: Անդրանիկը, իր յամառութեան շնորհիւ, ի վերջոյ անգլիական իշխանութիւններու կողմէ յարգուեցաւ, իր գրաւումներուն մէջ: Թրքահայաստանի դեռ չգրաւուած մասերը ո՞ր պետության պիտի պատկանին