Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/358

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ստորագրուած է Տիարք Պօդոս Փաշայի եւ Ահարոնեանի կողմէ: Այս Համագումարին իրաւասութիւնը արեւմտահայ գործերու մէջ բացարձակ է, քանի որ իրմէ աւելի հեղինակատր մարմին մը չկայ: Համագումարին այս բացարձակ իրաւասութիւնը հին Պատուիրակութիւնը կընդունի, քանի որ կը պատրաստուի իր հրաժարականը ներկայացնել անոր, որպէսզի անկէ նոր գործադիր մարմին մը բղխի: Տրուած ըլլալով այս պարագան Համագումարին տետղութիւնը չի կրնար նախապէս որոշուիլ. ան պէտք է տեւէ տրամաբանօրէն մինչեւ Հայկական Հարցին լուծումը: Եթէ մենք գիտակից ենք այն պատասխանատուութեան, զոր պիտի ստանձնենք ընդունելով Կաթողիկոսէն նշանակուած Պատուիրակութեան հրաժարականը, եւ անոր տեղ նորը ընտրելով, պարտաւոր ենք նոր Պատուիրակութեան կողքին մնալ իբր համարառու եւ քննող մարմին, մինչեւ Հայ Հարցին քաղաքական վերջնական լուծումը:

Մեզմէ ոմանք Համագումարին գլխաւոր գործը կը նկատեն Միացեալ Հայ կառավարութեան մը ստեղծումը: Ասիկա շատ մեծ եւ հեռաւոր նպատակ մըն է: Ըստ իս մեր առաջին եւ գլխաւոր նպատակը, որմէ ամէն բան կախում ունի, քաղաքականապէս Հայ Դատը շահիլն է: Միացեալ կառավարութիւն կազմելու անհրաժեշտութիւնը շեշտողները կը մղուին պետութիւնները կատարուած իրողութեան մը առջեւ դնելու օգտակարութեան գաղափարէն: Բայց այս կատարուած իրողութիւնը լաւագոյն ենթադրութեամբ կրնանք առաջ բերել, քանի որ կ՚ուզէի, որ արեւմտահայ ներկայացուցիչներ երթան մասնակցելու Երեւանի խորհրդարանին, առնուազն 3-4 ամիսէն, երբ արդէն Հայաստանի բախտը վճռուած կըլլայ: Եթէ ուրեմն մենք անկեղծ ենք միութիւնը առաջ բերելու մեր փափաքին մէջ եւ չենք ընդունիր, որ գոյութիւն ունենան այլեւս տաճկահայեր եւ ռուսահայեր, ու եթէ օգտակար կը նկատենք Հայ Միացեալ կառավարութեան մը կարելիօրէն շուտ գոյութիւնը, նկատենք մեր Համագումարը Համազգային Համագումար, յայտարարենք, որ ամբողջ հայերը Արեւելահայ Հանրապետութեան կառավարութիւնը եւ խորհրդարանը կը նկատեն իբր ամբողջ Հայաստանի կառավարութիւն ու խորհրդարան: Յայտարարենք, որ մեր ընտրելիք Պատուիրակութիւնը, Հանրապետութեան Պատուիրակութեան հետ լուծուելով, պիտի ներկայացնէ իր ամբողջութեամբ Հանրապետութեան կառավարութիւնը, եւ նկատենք մեր Համագումարը իբր համարառու մարմին մը Պատուիրակութեան կողքին, որ պարագաներու բերումով չի կրնար կանոնաւոր յարաբերութեան մէջ գտնուիլ, ինչպէս կընեն ուրիշ պատոփրակութիւններ, իր կառավարութեան հետ: Բայց պէտք է քննել նախ հարցը, թէ քաղաքական տեսակէտէն միացեալ կառավարութեան ստեղծումը նպաստատ°ր է մեզի, թէ ան մեր հարցին կեդրոնը դեպի Կովկաս չի՞ փոխադրեր, տկարացնելով մեր պահանջը մասնաւորապէս Կիլիկիոյ վրայ:

Ամեն. Դուրեան Արքեպ. Իրաւունք մը ինչ չափով որ կը տրուի մեկու մը, այն է որ կը շինէ անոր իրաւունքը եւ պատասխանատոտւթիւնը: Այս ժողովին ներքին կազմը իր տարրերուն մէջ տարակոյս չկայ, որ հաւասար եւ ներդաշնակ չէ: Հոս եկողներում ամէնուն միեւնոյն իրաւունքը տրուած չէ: ճիշդ է, բոլորն ալ կը նշմարեն հեռաւոր եւ աղօտ կէտ մը, որուն շուրջ պիտի համագործակցէին. բայց որովհետեւ որոշապէս չէին գիտեր, հետեւաբար եւ որոշ իրաւունքներ չէին առած իրենց ընտրողներէն: Ասոր համար է, որ ես կը կարծեմ, թէ ժողովը մինչեւ միացեալ կառավարութիւններ ստեղծելու չափ առաջ երթալու իրաւունք չունի: Ատկէ առաջ մենք ուրիշ գործ մը ունինք ընելիք, եւ եթէ յաջողութեամբ գլուխ բերենք շատ ուրախ եւ շատ գոհ ըլլալու պատճառ կ՛ունենանք, այն է ստեղծել Պատուիրակութիւն մը, որուն բոլորս ալ մեծ վստահութիւն ունենանք եւ որ կարողանայ Կովկասի կառավարութեան ներկայացուցիչներուն հետ ճշմարտապէս միացեալ մարմին մը կազմել: Եւ ասիկա չափազանց անհրաժեշտ է, որովհետեւ պէտք է օտարին առջեւ միացած երեւալ: Այս մարմնին մէջ եթէ մէկը մէկուն եւ միւսը միւսին անունով կը խօսի, պատճառը այն է, որ անոնցմէ իւրաքանչիւրը աւելի տեղեակ եւ ծանօթ է իր մասին, եւ որով ամբողջ