Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/361

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ ՎՍԵՄ. ՊՕԴՈՍ ՓԱՇԱՅԻ

ԱԶԳ. ՀԱՆԳԱՆԱԿՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

Ազգ. Պատուիրակրսթեան Նախագահ Վսեմ. Պօղոս Փաշա Նուպար ժողովին հաղորդեց Իտալիոյ Հայկական Քոմիթէէն ստացած մէկ նամակը, որով կը ծանուցանէին, թէ հանգանակութիւնը սկսած է, եւ թէ արդէն իսկ 250.000 լիրա /իտալական ֆրանք/ հաւաքուած է:


ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ «ՄԱՆՏԱ»Ն

Ազգ. Պաւոոփրակութեան Նախագահ Վսեմ. Պօղոս Փաշա Նուպար կարդաց ճաեւ երէկուան «Թայմգ»-ի հրատարակած մէկ լուրը, որան համեմատ Մ. Նահանգներու Նախագահ Պ. Ուիլսոն յայտնած է, թէ Մ. Նահանգները կ՛ուզեն իրենք ըլլալ Հայաստանի հոգատար պետութիւն:

Ասոր վրայ Տիար Բրօֆ. Տէր-Յակոբեան մանրամասն կերպով նկարագրեց Ամեն. Դուրեան Արք.-ի եւ իր բւնեցած ունկնդրութիւնը նախագահ Ուիլսոնի հետ, որ չափազանց սիրալիր եւ խոստումնալից եղած է: Բրօֆէսէօրը այդ տեսակցութեան մասին պատրաստած ըլլալով գրատը զեկուցում մը, յանձնեց Դիւանին, խնդրելով, որ արծանագրուի Համագումարի ատենագրութեանց մէջ:

ժողովը ընդունեց բրօֆէսէօրին այս առաջարկութիւնը:

Ահաւասիկ այդ գրաւոր զեկուցումը:


ԱՄԵՆ. ԵՂԻՇԷ ԱՐՔԵՊ. ԴՈՒՐԵԱՆԻ ԵՒ ԲՐՕՖ. ՏԷՐ-

ՅԱԿՈԲԵԱՆԻ ՏԵՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՆԱԽԱԳԱՀ ՈՒԻԼՍՈՆԻ ՀԵՏ

Նախագահ Ոփլսոն Դուրեան Սրբազանը եւ զիս ընդունեց Փետրուար 12-ի երեկոյեան ժամը 8 1/2-ին, Hotel Murat-ի մէջ:

Նախ ես խօսք առնելով ներկայացուցի Սրբազանը իբր նախկին Պատրիարք եւ իբր նախագահ Սինոդին:

Նախագահը գոհունակութիւն յայտնեց զմեզ տեսնելուն համար:

Սրբազանը ըսաւ. «Շատ շնորհակալ ենք, որ Պ. Նախագահը մեզ այս պատեհութիւնը կու տայ մեր կողմանէ, ինչպէս ամբողջ հայ ազգին անունով, իրեն նկատմամբ շնորհակալութիւն յայտնելու այն բարիքներուն համար, զորս ըրած են մեր բազմաչարչար ժողովուրդին ինքն ու այն ժողովուրդը, որուն նախագահն է: Զայս կը նկատենք ոչ այնքան իբր անձնական այցելութիւն մը, այլ աւելի իբր ուխտագնացութիւն մը մօտը ազատարարին զրկուած ու հարստահարուած ագգերուն, որոնց գլուխն է անտարակոյս հայ ազգը»:

Այս խօսքերը թարգմանեցի նախագահին:

Նախագահը ըսաւ. «Շնորհակալ եմ: Ես միայն մէկ օրինակն եմ Ամերիկայի ժողովրդեան: Իմ ժողովուրդիս կամքն է, որ ես ապահովեմ հայոց համար անկախութիւն եւ անոնց իրաւունքները պաշտպանեմ: Բայց Հայաստանի քարտէսին հարաւային մասին. Միջերկրականի արեւելեան եզերքի մասին, հակառակ պահանջներ կան: Վաղն իսկ պատեհութիւն պիտի ունենանք սուրիական խնդիրները քննելու եւ այդ առթիւ բնականաբար պիտի քննենք նաեւ այդ հակառակ Պահանջները»:

Պատասխանեցինք, թէ երբեք մեր մտքէն իսկ անցած չէր ասկէ առաջ, թէ կարելի էր Կիլիկիան մասը նկատել Սուրիոյ. թէ աշխարհագրօրէն, պատմականօրէն, տնտեսականօրէն, մեր աւանդութիւններովը այնքան Հայաստանի անբաժան մասը կը նկատենք Կիլիկիան, որ ամրօրէն կը կառչինք անոր: Մեզ ամէն տեսակէտով