Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/362

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

անհրաժեշտ կը նկատենք Միջերկրականի այդ եզերքները ունենալ եւ այդու նաեւ Արեւմուտքի հետ հաղորդակցութեան դիւրութիւն:

Նախագահը այս խօսքերը քանիցս ընդմիջեց յայտնելու համար իր կատարեալ հաւանութիւնը այս յայտարարութեանց, եւ մեծ եռանդով ընդունեց զանոնք:

Գիտեք որ,- ըսաւ,- մեր մասնագէտները կան Կսեյիօնի[1] մէջ: Անդադար շփման մէջ գտնուեցէք անոնց հետ եւ անոնց գլուխները ձեր գաղափարներովը լեցուցէք:

Մեր շնորհակալութիւնները կրկնեցէք իր հոգածութեան մասին:

Երբ ոտքի ելանք, Սրբազանը խնդրեց, որ մեր Պատուիրակութեան Նախագահին Նուպար Փաշայի պատեհութիւն տայ իրեն անձամբ ներկայանալու եւ այս խնդիրներու մասին անձամբ խօսելու:

Նախագահը ըսաւ. «Ամէն պատեհութիւն պիտի տրուի ձեզ ձեր խնդիրներու մասին ձեր տեսակէտները պարզելու յարմար առթիւ, յանձնախումբերու առջեւ»:

Կրկնեցինք դարձեալ, որ երբ պարագաները թոյլատրեն, բարեհաճի մեր նախագահն ալ տեսնել:

Ասոնցմէ զատ քանի մը խօսքեր փոխանակուեցան նաեւ Պոլսոյ ամերիկեան վարժարաններում նկատմամբ:

Ա. Տէր-Յակոբեան

Վսեմ. Պօղոս Փաշա Նուպար. Այժմ համոզուած եմ, որ Պ. Ուիլսոն դիտմամբ խուսափած է ինծի հետ տեսակցութիւն մը ունենալէ, որպէսզի համաձայնութեան մը մասին չկասկածոփ:

Տիար Տամատեան. Կ՛ուզեի հարցնել Պօղոս Փաշայի, թէ արդեօք ճի՞շդ է այն զրոյցը, որուն համեմատ իբր թէ նոր եւ մասնաւոր համաձայնութիւններու եկած ըլլայ ֆրանսական կառավարութեան հետ:

Վսեմ. Պօղոս Փաշա Նուպար. Բացարձակապէս կը հերքեմ այդ զրոյցը:

Նիստը փակուեցաւ ժամը 8 1/2-ին:

Նախագահ

ՀԱՄ, ֆ. 430, ց. 1, գ. 18, թթ. 34-39: Ձեռագիր: Բնագիր:


Նիստ 10-րդ

6 մարտի 1919թ.

ԱՏԵՆԱԿԱՆ ԳՈՐՕՈՂՌՒԹԻՒՆՔ

1. ԱՌԱՋԱՐԿՈՒԹԻՒՆՔ ՏԻԱՐՔ ՓԱՓԱԶԵԱՆԻ ԵՒ ԹԷՐԶԻՊԱՇԵԱՆԻ

Օրակարգի անցնելէ առաջ կարդացուեցաւ Տիարք Փաւիազեանի եւ Թէրզիպաշեանի կողմէ ստորագրուած յետագայ գիրը, որով կարգ մը կարեւոր խնդիրներու մասին անմիջական լուծում կը պահանջէին.

Ազգ. Համագումարի Պատ. Նախագահութեան

Մեր գալուն առթիւ զեկուցման մէջ, ժողովիս յատուկ ուշադրութեան յանձնած էինք մի քանի խիստ անյետաձգելի առաջարկներ, որոնք, ըստ մեգ, հիմերն էին մեր քաղաքական պահանջներուն:

Առաջարկներու գլխաւորներն էին.

  1. Տեքստում այդպես է: Ծանոթ.կազմ.: