Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/384

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Պւստուիրակութեամբ: Որքան ալ որ մենք համաձայնութեամբ պիտի գործենք, այդ բաժանումը արտաքին աշխարհի համար մեծ նշանակութիւն ունի: Անշուշտ երեք անդամ ընտրելէ յետոյ անոնք կրնան իրենց ուզածին չափ օգնականներ, խորհրդականներ առնել: Համագործակցութիւնը աւելի կը դիւրանայ երեքով, որ թէ բանաւոր է Եւ թէ նշանակալից ապագայ ձուլումիս համար: Բայց եթէ ժողովը հակառակի, ի՞նչ կարող եմ ընել, պիտի ընդունիմ:

Չորրորդ յօդուածը քուէի դրուելով, ժողովն ընդունեց զայն, միայն թիլի որոշումը դուրս ձգելով, ու վերապահելով յառաջիկային:

Յանձնաժոդովոյ առաջարկին մէջ Համագումարի կազմութիւնը բանաձեւուած ըլլալով «բաղկացած թրքահայերու, պարսկահայերու եւ գաղութներու ներկայացուցիչներէն» ասութեամբ, Տիար Վարանդեան առաջարկեց միայն «թրքահայոց եւ պարսկահայոց» ըսել, քանի որ գաղութներու ազգայինք ալ թրքահայ են:

Տիար Ահարոնեան. Լաւ է «պարսկահայ» բառը եւս վերցնել, քանի որ մենք Պարսկահայասւոանի քաղաքական դեր չունինք: Օտարներու կողմէ կրնայ գէշ մեկնուիլ. եւ արդէն ոչինչ կ՚աւելցնէ իմաստին վրայ:

Տիար Տամատեան. Ես կ՚առաջարկեմ ոեւէ փոփոխութիւն չմտցնել, որովհետեւ մեր ժողովը իսկապէս համազգային ժողով մըն է, ուր միայն ռուսահայերն են, որ իրենց ներկայացուցիչները չունին, շնորհիւ այն հանգամանքին, որ անոնք բարեբախտաբար ունին Կովկասի մէջ ազատ հանրապետութիւն մը: Ոեւէ սեղմում պատշաճ չէ ներմուծել մեր իսկական կազմութեանը հանդէպ:

Տիար Թէքէեան. Այս ժողովը միայն թրքահայերու ժողով չէ եւ չենք կրնար «գաղութնները» ու «պարսկահայ» բառերը ջնջել, զանոնք ալ նկատելով թրքահայ, որովհետեւ այդ գաղութներուն մէջ, ինչպէս Ամերիկա, Եգիպտոս, եւ այլն, ամէն կողմէ եկած հայեր կան, որոնց մէջ նաեւ ռուսահայեր: Յետոյ Պատուիրակութեան հրաւիրագիրը կը գործածէ այդ երեք բառերն ալ, եւ մեր պարսկահայ քաղաքական խնդիր չունենալը պատճառ չէ, որ ջնջենք այդ բառը, քանի որ ժողովի կազմութեան մէջ իսկապէս պարսկահայ ներկայացուցիչ կայ, եւ անոնք, իբր մէկ մասը ամբողջ հայութեան, իրաւունք ունին ապագայ Հայաստանի մասին իրենց բաղձանքները յայտնելու: Մնաց որ այս ծրագիրը օտարներու երեւալու համար չէ եղած, եւ պիտի է ծառայէ միայն մեր ներքին գործերուն մէջ:

Տիար Թէրզիպաշեան. Լաւ է այս մասին բծախնդրութիւն ընել, որովհետեւ «պարսկահայ» Եւ այլն, գործածուած է պարզապէս ժողովին կազմութիւնը յստակօրէն բանաձեւելու համար:

Տիար Սայեան. Մինչեւ այս պատերազմին վերջերը, երբ բանաձեւուեցան մեր բաղձանքները Յիշատակագրին մէջ յիշուած սահմաններում համեմատ, մենք Պարսկահայաստանը մաս կը համարէինք Ամբողջական Հայաստանին, անկէ յետոյ է, որ սկսանք աչք գոցել եւ գաղութի աչքով նայիլ անոր վրայ, ըստ որում մենք քաղաքական ձգտումներ ցոյց չենք տար Պարսկահայաստանի վրայ եւ այնտեղի հայութիւնը կը նկատենք իբր պարզ գաղութ մը:

Վսեմ. Տիար Գ. Նորատունկեան. Ինչպէս յայտնի է, այս բառերը գործածուած են պարզապէս իրականութիւնը ճշդօրէն արտայայտելու համար: Քանի որ նախագիծը կը պատկանի մեր ներքին աշխատանքներում, լաւ է որ այդ բառերը անփոփոխ մնան:

Տիար Չօպանեան. Այս վիճաբանութեանց պատճառը այն է, որ մենք սկիզբէն ի վեր ուզած ենք, եւ Պատուիրակութեան հրաւիրագիրն ալ այդ նպատակով է, ընդհանուր ազգային ժողով մը կազմել, ասիկա ամբողջովին չիրականացաւ այն պատճառով, որ բարեբախտաբար Կովկասի մեր եղբայրները իրենց հանրապետութիւնը կազմեցին, հանրապետութիւն, որ սակայն իր ւվատուիրակներն ունի այս ժողովին մէջ: Իսկ գալով Պարսկահայաստանին, մենք երբեք զայն գաղութ մը չպիտի նկատենք, եւ մեր սրտին մէջ միշտ պիտի մնայ իբր Ամբողջական Հայաստանի