Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/383

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Չորրորդ վերջապէս այս ժոդովին կողմէ նկատի աոնուելով եւ ընտրական տեսակէտով հինգ հոգիէ բաղկացեալ Պատուիրակութիւն մը աւելի դիւրաւ իրագործելի է, եւ իր մասին համածայնութեան գոյացումն ալ աւելի դիւրին, քան երեք հոգինոց Պատուիրակութեան մը համար:

Տիար Ահարոնեան. Կրնա՞մ այս բացատրություններն եզրակացնել, թէ մինչեւ որ Միացեալ Հայաստանը չկազմուի, նոր ընտրուելիք Պատուիրակաթեան երկու կոդմերը առանձին-առանձին պիտի գործեն:

Տիպր Հինդլեան. Մեր կարծիքով նոր Պատուիրակութեան երկու կողմերն ալ հաւասար իրաւասութիւն պիտի ունենան թէ թրքական եւ թէ Կովկասի Հանրապետութեան խնդիրներուն նկատմամբ, ու ոեւէ աշխատանք միշտ միասնաբար պիտի կատարուի: Երկու մասերը միասին նիստեր պիտի ունենան, հոն պիտի քննուին բոլոր հարցերը եւ պիտի որոշուին: Երբ Տիրէքթիւներու Յանձնաժողովը իր եզրակացութիւնները բերէ, հոն պիտի կանխատեսուին հարկ եղած ձեւերը, որոնցմով պիտի ապահովուի Պատուիրակութեան երկու մասերուն կատարելապէս համերաշխ եւ համաձայն գործունէութիւնը: Մէկ խօսքով, հակառակ մեր նախապէս ունեցած փափաքին, միաձոյլ Պատուիրակութիւն չէ, որ կը ստեղծուի, այլ միացած երկու Պատուիրակութիւններ, մինչեևՄիացեալ Հայաստանի իրականացումը:

Տիար Տամատեան. Այս երկու կողմերը այնքան սերտօրէն ձուլուած պիտի ըլլան, որ երբեք առանձին ոչ մէկ նախաձեռնութիւն ընելու իրաւունք չպիտի ունենան:

Տիար Ահարոնեան. Ես չկրցայ յստակ պատասխան առնել իմ հարցումներուս. կ՛ուզեմ գիտնալ, թէ զոր օրինակ օտար աշխարհին առջեւ, Պատուիրակութիւնները առանձին-առանձի՞ն Երեւան պիտի գան իրենց նախագահներով, թէ իբրեւ միաձոյլ մէկ մարմին:

Տիար Հինդլեան. Յանձնաժողովը այս մանրամասնութեանց չէ մտած: Վերը տրուած հարցերում պատասխաններէն դիւրին է եզրակացնել, սակայն, թէ պէտք է ամէն ջանք ի գործ դրուի արտաքին աշխարհին առջեւ մէկ մարմին ներկայանալու համար: Այս մասին Յանձնաժողովը կը խորհի, թէ երկու Պատուիրակութիւնները երբ իրարու մօտ գան, իրենք իրենց պիտի ճշդեն ինչպէս նախագահութեան, նոյնպէս նաեւ բոլոր նման արտաքին արտայայտութեանց խնդիրները:

Տիար Յակոբեան. Կուզէի գիտնալ, թէ Յանձնաժողովը ի՞նչ պատճառներով անդամոց թիլը չորսէն հինգի վերածեց:

Տիար Հինդլեան. Քանի որ նախապէս կը խորհուէր, թէ պիտի ստեղծուի միաձոյլ Պատուիրակութիւն մը եօթ հոգիով, որուն երեքը Հանրապետութեան պատուիրակները ըլլալով, չորսն ալ ասկէ պիտի ընտրուէին, կը խորհուէր նաեւ, որ երեքին հանդէպ չորսը աւելի չըլլայ. սակայն հիմա, որ հարցերը կողմերով պիտի վճռուին, այլեւս ազատ ենք քիչ առաջ յիշուած նկատումէն, ու հինգը, ինչպէս անգամ մը բացատրեցի, աւելի համապասխան է հարկ եղած ձեռնհասութիւնները համախմբելու համար:

Տիար Շանթ. Յանձնաժողովին մէջ երկու գլխաւոր կարծիք կար, մէկը սա թէ աւելի քիչ ընտրելով, այսինքն երեքի դէմ երեք, գործը շատ աւելի շուտ, դիւրին եւ համաձայնոլթեամբ կ՚երթայ. իսկ միլս մասը կը կարծէր, թէ անհրաժեշտ է թիլը աւելցնել, աւելի շատ «քոմբեթանս»-ներ տալու եւ այլ նկատումներով: Բայց Յանձնաժողովին հինգի համար որոշում տալու գլխաւոր պատճառներէն մէկն ալ այն է, որ հինգը միջինը կը կագմէր երկու պահանջներում եւ կը դիւրացնէր գործը այն տեսակէտով, որ ժողովին մէջ գոյութիւն ունեցող հոսանքները կրնային իրենց ներկայացուցիչը ընտրել:

Տիար Ահարոնեան. ես մեծ նշանակութիւն կու տամ երեք պատուիրակ ընտրելու խնդրին. ասիկա ցոյց պիտի տայ, որ մենք մեր մտքին մէջ ամրապէս դրած ենք, որ շուտով պիտի ունենանք Միացեալ Հայաստանի կեդրոնական միակ կառավարութիւնը, երկու կոդմերէն երեքական ներկայացուցիչներ™ միաձոյլ