Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/386

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Նիստ 15-րդ

11 մարտի 1919թ.

ԱՏԵՆԱԿԱՆ ԳՈՐՕՈՂՈՒԹԻՒՆՔ

1. ԱՏԵՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Կարդացուեցաւ Փետրուար 27-ի նիստին ատենագրութիւնը: Տիար Շանթ խօսք առնելով ըսաւ, թէ ատենագրութիւնը չի պարունակեր իր ամէն ըսածները եւ շատ թերի է. ինչ որ խօսած էր հաւատարմաբար չէ արձանագրուած: Տիար Շանթ աւելցուց, թէ քանի որ այս ատենագրութիւնները ւիոշիի տակ մնալու վիճակուած են, աւելի լաւ է, որ փոխանակ մանրամասնօրէն արձանագրելու, միայն գլխաւոր գաղափարները եւ քուէարկուած որոշումները արձանագրուին:

Տիար Հինդլեան. Համաձայն չեմ Տիար Շանթի յայտնած կարծիքին, եթէ ատենագրութիւն ըսելով պիտի հասկնայինք միայն տրուած որոշումներում պարզ արձանագրութիւնը, ուրեմն ի՞նչ հարկ կար երկու արձանագրող քարտուղարներ նշանակելու: Ընդհակառակը, հնարաւորութեան բոլոր սահմաններուն մէջ պէտք է արձանագրոփն այստեղ արտայայտուած բոլոր մտքերը, արձանագրութիւնը պէտք է ճշգրիտ պատկերը տայ ժողովին մտայնութեան: Խօսքերը կը թռին կ՚երթան, բայց գրուածները կը մնան: Նիստերը դռնփակ ընելու որոշումը տրուելէն ետք, արձանագրութիւնները կը մնան միակ միջոցը, որով հայ ազգը եւ մեր ընտրողները պիտի կարենան գիտնալ, թէ իրենց պատոփրակները որքան մնացեր են իրենց պաշտօնին բարձրութեան վրայ, ինչքան գիտակցութիւնը ունեցեր են իրենց յանձնուած եւ վստահուած գործին մէջ: Ամէն խօսող պիտի գիտնա, թէ իր արտայայտած մտքերուն համար հոս, դուրսը, հաշիւ պիտի պահանջեն իրմէ, եւ իր այստեղ ունեցած դիրքին, ըսել կ՛ուզեմ ունեցած ուղղութեան համեմատ, պիտի գնահատուին ապագային մէջ, այս ժողովէն ետք, մեր հանրային կեանքի մէջ իր մասնակցութիւնը, յայտնած գաղափարները, գործունէութիւնը: Արձանագրութիւնները անհրաժեշտ են անհատական պատասխանատուութիւններու ճշդման համար, եւ ասոր համար է, որ կը խնդրեմ, թէ պէտք է ամէնուն յայտնած գաղափարները ճշգրտօրէն եւ ամբողջութեամբ արձանագրուին:

Տիար Տամատեան. Ես ալ համաձայն եմ, որ արձանագրութիւնները ժողովին հարազատ պատկերն ըլլան, կարելի է անշուշտ խօսուածները համառօտել, կրկնությունները զանց ընել, բայց իւրաքանչիւրին արտայայտած կարծիքները պէտք է ճիշդ ցոլացած ըլլան: Ընդհակառակը, արձանագրութեանց մէջ ոմանց ըսածները ամէնայն մանրամասնութեամբ գրուած են, ուրիշներունը յապաւուած, որոնցմէ է նաեւ իմս: Այդ Փետրուար 27-ի նիստը շատ կարեւոր նիստ մըն էր եւ ժողովականներէ ոմանց յայտարարութիւնները ժողովին համար շատ փափուկ կացութիւն մը կը ստեղծէին. պէտք էր այդ ամէնը պատկերացուած ըլլար: Օրինակի համար, Տիար Շանթի վերոյիշեալ յայտւսրարութիւններուն ի պատասխան ես ըսի, թէ «այդ համերաշխութեան մեղրածորան բառերում տակ ժողովին կարծիքի ազատութեան դէմ սպառնալիք մը պահուած է» թէ «ժողովականներու ընտրութեան կամ նշանակովի հրաւիրման մասին եղած ակնարկութիւնները յայտնապէս կը միտին ժողովին օրինաւորութիւնը կասկածի տակ դնելու, ինչ որ այս Համագումարին դիրքը նսեմացնել եւ անոր արժանապատոտւթիւնը վիրաւորել կը նշանակէ»: Ես այդ նիստին մէջ ըսի նաեւ, թէ Դիւանին պարտականութիւնն էր այդպիսի արտայայտութիւններու պարագային ատենախօսը ի կարգ հրափրել անմիջապէս: Այս ամէնը դուրս թողուած են արձանագրութիւններէն եւ կը պահանջեմ, որ արձանագրուին:

Տիար Յակոբեան. Կառաջարկեմ ժողովին ոգին միայն արձանագրել, որով ժամանակ ալ կը շահուի: