Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/387

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Տիար Դաւիթ-Բէկ. Անոնք որ կը Փափաքին, իրենց ճառերը իրենք իսկ գրեն եւ արձանագրել տան:

Տիար Տէր-Ստեփանեան. Ամէնէն աւելի յարմար կը գտնեմ Տիար Դաւիթ-Բէկի առաջարկը: Անհրաժեշտ է, որ ժողովի արձանագրությունները կարելիօրէն ընդարձակ ըլլան եւ պատկերացնեն ամբողջ ըսուածները: Ամէն պատգամաւոր իր արտասանած խօսքերուն պատասխանատուութիւնը պէտք է ստանձնէ: Պատգամաւորներ կրնան ըլլալ, որոնք անպատեհ խօսքեր ընեն եւ չուզեն անոնց արձանագրումը, պատասխանատուութենէ խուսափելու համար: Տիար Շանթի խօսքերուն արձանագրութիւնները ամէնէն հաւատարիմներէն են եւ կը պարունակեն անոր հիմնական գաղափարները:

Վսեմ. Տիար Գ. Նորատունկեան. ԳիտԷ՞ք, որ երկու տեսակ արձանագրութիւն կայ, մէկը «սթենոկրաֆիք», որ բառ առ բառ կ՚առնէ իւրաքանչիւրին խօսածը, իսկ միաը «անալիթիք», որ միայն արտայայտուած գլխաւոր գաղափարները կ՚ամփոփէ: Դժբախտաբար ոչ սղագիր, եւ ոչ ալ վարժ գրագիրներ չունինք ձեռքի տակ ու հարկադրուած ենք եղածով գոհանալու, այնպէս որ հոս միջին ճամբայ մը բռնուած է: Ի հարկէ, կը յանծնարարեկք աւելի խնամք տանիլ արձանագրութիւններուն:


ՕՐԱԿԱՐԳ

1. ՆՊԱՏԱԿ ԵՒ ՁԵՌՆՀԱՍՈՒԹԻՒՆ ԱԶԳ.

ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻ

ժողովը, անցնելով Իրաւասութեան Յանձնաժողովին բերած նախագիծին այն յօդուածին, որ Պատուիրակութեան համարատուութեան եղանակին կը պատկանի, քուէի դրաւ եւ 10 ձայնով ընդունեց:

Տիար Տոքթ. Սայեան ներկայացուց հետեւեալ բանաձեւը.

«Վեհափառ Կաթողիկոսէն նշանակուած Պատուիրակութեան տեղեկատոտւթիւնը ժողովը կը լսէ, ու անոր վրայ արտայայտուելէ յետոյ կը կատարէ Պատուիրակութեան ընտրութիւնը»:

Քուէի դրուելով այս բանաձեւը ստացաւ միայն երեք ձայն:

Միաձայնաթեամբ ընդունուեցաւ 6-րդ յօդուածը, եւ անմիջապէս ընտրուեցաւ հինգ հոգիէ բաղկացեալ Ելեւմտական Տանձնաժողով մը, այդ խնդիրը մշակելով ժողովին եզրակացութիւններ բերելու համար:

Յանձնախումբին անդամ նշանակուեցան

Տիարք Աղաթօն Պէյ
           Ներսէսեան Խան
           Տէրպէտէրեան
           Քէլէկեան Խան
           Ֆնտգլեան

ժողովը անցաւ 7-րդ յօդուածին, որ կը վերաբերի Համագումարին հրապարակային արտայայտութեանց: Այս մասին յանձնաժողով մը ընտրելու համար թեր ու դէմ կարծիքներ յայտնուեցան, բայց ի վերջոյ որոշուեցաւ առանց նոր յանձնաժողով մը ընտրելու յանծնել այս խնդիրը Դիւանին, որ իր հարկ դատած կարգադրութիւններովը առաջարկ մը բերէ ժողովին:

Ապա քննութեան ենթարկուեցաւ ժողովի տետղութեան եւ վերահրաւիրման հարցը:

Տիար Տէր-Ստեփանեան. Քանի որ յիշեալ ու որոշեալ պարագաներուն մէջ ժողովը նորէն պիտի կանչոփ, կ՛ենթադրեմ, որ ժողովականները Փարիզ պիտի մնան: Ի՞նչ պիտի ընեն այդ ժամանակամիջոցին մէջ: