Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/454

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Քոնֆերանսէն առաջարկուի զիջիլ Խարբերդի նահանգը եւ եթէ երկու Պատուիրակութիւնները չհամաձայնին, ազգային տելեկասիոնը որուն անշուշտ պիտի ուղղուի իրաւական սոյն հարցը. չկրնար պատասխանել, թէ երկու Պատուիրակութեանց մէջ համածայնութիւն գոյացած չըլլալու համար չեմ կրնար պատասխանել: Այսպիսի պատասխան մը ապսիւրտ թէզ մը կ՛ըլլար, կամ եթէ Հայկ. Հանր. կառավարութեանը Շուշիի մէկ հողամասի մասին առաջարկ մը ըլլայ եւ համածայնութիւն չգոյանայ այդ առթիւ երկու Պատուիրակութեանց մէջ: Հանրապետութեան ներկայացուցիչը դաւաճանած պիտի ըլլար իւր կաոավարութեան շահերուն եթէ այդօրինակ ոչ բնաթեք ընթացքով մը անցկացնէր գործին լուծումը, կամ ինքզինքը ֆոս-պոզիսիոնի մը մէջ դներ արտաքին աշխարհի առաջ: Կարծեմ այնպիսի բնական լուծումը իմ կարծիքով կ՛իյնար այն սկզբունքային հարցերու կատեգորիայի մէջ, որոնց համար նախատեսուած է պատգամաւորներու ամբողջ թիլի մեծամասնութեան քուէով լուծուելու կարգադրութիւն: Ես կ՚առաջարկեմ, ուրեմն, չերկարել վիճաբանութիւնն այս հարցի առթիւ, որ իւր բնական եւ բանավարական ընթացքն ունի եւ արձանագրելով այս առթիւ եղած քուէարկութեան արդիւնքը, անցնիլ միլս օրակարգին:

Պ. Փափազեան յուզուած կը խօսի յայտարարելով, որ իր խիղճը հանդարտեցնելու համար պարտաւոր է իր տպաւորութիւնները յայտնել: Մեր հարցը կը գտնուի շատ ձախող վիճակի մէջ: Կը թուի, թէ այս անգամ ալ ան չպիտի լուծուի կամ պիտի լուծուի այն ժամանակ, երբ հայ չի մնար: Ընդհանուր տիրող քաղաքական դրութիւնը, ինչպէս դուք ալ պիտի նկատէք, շատ աննպաստ է մեզի, մեծ պետութիւնները իրենց հաշիւները մաքրելու եւ առիւծի բաժին վաստկելու մէջ են, իսկ Ամերիկան կը թուի, թէ չըմբռներ մեր ճգնաժամը, եւ վաղը միւս օրը կրնայ պայթիլ տիեզերական յեղափոխութիւնը, իսկ այն ժամանակ ոտքի տակ երթացողներու առաջինը մեր ժողովուրդն է նորէն, այսինքն վերջնական ջարդի ենթակայ: Ահա թէ ինչո՞ւ կ՛ըսեմ ձեզի պէտք է ճանչնալ Կովկասի Հանրապետութխնը իբրեւ մերը եւ ոյժ տալ անոր. մեր յոյսերը մեր վրայ դնելու ենք: Ես ձեզմէ շատ աւելի գիտեմ Հայկական Հանրապետութեան թերութիւնները, բայց եւ այնպէս սիրտովս եւ բանականութեամբս ըսեմ եկած է վայրկեանը, որ իրական ոյժ մը ստեղծենք եւ անոր կռթնինք, մեր միակ փրկութիւնը ան պիտի ըլլար: Առաջին օրերը, երբ նոր հասած էի, բոլորովին հաւատացած էի, թէ իրար պիտի հանդիպինք իրապէս Ամբողջական Հայաստան ստեղծելու գաղաւիարով տոգորուած: Սկիզբէն իմ ընկերներուս մէկ քանիին կողմէ տակտի պակաս նկատեցի, որով նախապաշարում մը առաջ եկաւ, սակայն այդ իրաւունք եւ հիմք մը չպիտի ծառայէր միւս կողմին հակառակ ծայրը նետելու եւ իբր անհարազատ ընդունելու Հայկական Հանրապետութիւնը: Այս այսպէս է եւ ոչ ոք չփորձէ արդարանալ գեղեցիկ խօսքերով կամ ժխտել ճշմարտութիւնը: Եւ այսպէս, թոյլ տուիք, որ այս տգեղ եւ կորստաբեր վիճակը ստեղծուի: Մեր այս ընթացքը կը տանի մեզ դէպի անջատում, այսինքն դէպի կորուստ: Եւ մէկ կողմի տիրող հոգեբանութիւնը երէկ իր տրտայայտութիւնը գտաւ երէկուայ Պ. Տամատեանի ճառին մէջ, եւ ահա մենք կանգնած ենք նաեւ ներքին անջատման մը. այսինքն անդունդին եզրին: Անջատման թանտանսը, պարոններ, բարեբախտաբար գոյութիւն չունի ժողովուրդին մէջ, դուք մինակ էք: Ես ժողովուրդին կողմէն կու գամ յայտարարելու այս եւ պահանջելու ժողովուրդին անունով, մեռցնել ձեր մէջ կիրքը, ստեղծել միակ իշխանութիւն մը մէկ ժողովուրդի եւ մէկ հայրենիքի համար, որ այնքան տառապեցաւ:

Պ. Նախագահը կը յայտարարէ, թէ տիրէքթիւներու խնդիրը ամբողջութեամբ վերջացած ըլլալով, յառաջիկայ նիստը պիտի պատկանի Ազգային նոր Պատուիրակութեան մը ընտրութեան ըստ Համագումարի նախորդ որոշման:

ժողովը կը փակուի ժամը 81/>-ին:

ՀԱՍ, ֆ. 430, ց. 1, գ. 30, թ. 1-5: Ձեռագիր: Բնագիր: