Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/453

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Հանրապետութիւնը նխթապէս կօգնէ այս վերջնոյն: Հետեւաբար, հոն այդ բաժանումը, ըսել է օգտակար կը տեսնեն եւ խոհեմութիւն կը համարեն պահել զայն: Հոս ալ գոյութիւն ունի այդ եւ Պատուիրակութիւնն է, որ պիտի աշխատի կարելի եղածին չափ շուտ միացնել այդ երկու խումբերը: Պ. Չօպանեան այսպէս իր կարծիքը լուսաբանելէ յետոյ կառաջարկէ անմիջապէս համաձայնիլ, խնդիրը փակելով, քանի որ Կովկասի Հանրապետութեան ներկայացուցիչները իրենց վերջնական կամքը դրած են:

Աենապատիւ Դուրեան Սրբազան կը յայտնէ, որ երկուութիւնը ճակատագրականօրէն ստեղծուած է, բայց միւս կողմէ դեռ չէ հասկցած, որ ի՞նչ է երկու Պատուիրակութեան ալ պահուած գերակշռութեան հիմը, քանի որ խնդիրները կարելի կըլլար արեւելահայի կամ արեւմտահայի վերածել: Ուրիշ կէտ մըն ալ դիտել կու տայ, թէ ի՞նչ պիտի ընէ, օրինակ, Կովկասի Պատուիրակութիւնը, եթէ հոն իր կառավարութիւնը այնպիսի բան մը ընէ, որ հոս հաճոյ չթուի: Նկատել տալով, որ այս բոլոր պարագաներուն մէջ ալ այդ յօդուածը ոչինչ կրնայ փոխել կացութեան մէջ, կ՚առաջարկէ ջնջել քանի որ վէճի ալ տեղի կու տայ:

Պ.-Թէրզիպաշեան. վլս յօդուածի բանավէճը յառաջ եկաւ այն պատճառաւ, որ կրցանք համաձայնիլ միակ Պատուիրակութիւն կամ կառավարութիւն մը ստեղծելու շուրջ: Շաբաթ օրուան իւր ճառին մէջ Պ. Ահարոնեան անորոշ բառերով Դաշնակիցներուն վերագրեց այս անյաջողութեան պատճառը: Անշուշտ ըսել կուզէր, թէ մեր հարցը օր առաջ չվճռուելու այն հանգամանքը արգելք եղաւ միութիւնը աքթիւ կերպով գլուխ բերելու, այլապէս Դաշնակիցներ ալ մէկ արգելք չէին կրնար ըլլալ, եւ մենք գիտենք, որ միակ կառավարութիւն մը չստեղծուելու արգելքը մեր միջէն էր. մենք /միտքս արագ արտայայտելու համար է որ կը գործածեմ մենք, նոքա բառեր են, որք սակայն իմ ալ ականջին խորթ կը հնչեն/ ոչ միայն հնարաւոր զիջումներ ըրինք, այլ նաեւ վերջին պահուն առաջարկեցինք որպէս արպիթրի, կանչել Պ. Աճէմեանին, որ ռուսահայ ըլլալէ զատ,- գիտէք որ ռուսահայոց ամէնակարկառուն դեմքերէն է,- ըլլալով յայտնի իրաւաբան, միջազգային օրէնքներուն հմուտ, եւ միանգամայն ըլլալով երկար ատեն Տումայի անդամ եւ մէկը յայտնի կուսակցութեան մը լիտերներէն, Պ. Աճէմեան եկաւ, լսեց մեզ եւ յայտնեց եզրակացութիւն մը, որ ոչ միայն ընդունելի եղաւ մեզի, այլ նոյնիսկ քանի մը քայլ եւս առաջ անցանք ընդունելով Պ. Չօպանեանի առաջարկը, որ աւելի կը մօտենար ռուսահայերու միտքերուն: Եւ սակայն վերջին պահուն Պ. Օհանջանեան քաթեկորիկ կերպով յայտնեց. որ իրենք Հանրապետական կառավարութենէն չունին հարկաւոր հրահանգ եւ իրաւասութիւն ընել կարենալու համար այդպիսի քայլ մը: Այս յայտարարութեան վրայ էր, որ բանակցութիւնները վերջ գտան:

Արդ որպէս Յանծնաժողովի մէկ անդամ ընելով այս յայտարարութիւնը այս անհամաձայնութեան առթիւ, որ մեզ բերաւ այս յօդուածին, եւ նորա շուրջ բացուած վիճաբանութեանց, ես կ՛ըսեմ, քանի որ միութիւնը մեր սիրտերուն մէջ կը մնայ, քանի որ միակ կառավարութիւն մը չկրցանք ստեղծել, քանի որ մեր յայտնած թանտանսի համար Խաղաղութեան Քոնֆերանսը չէ տուած իր դրական վճիռը, տը ֆաքթօ արտաքին աշխարհի առաջ մենք կը մնանք դեռ անջատ միութիւններ: Արդէն ժողովը իւր քուէարկած բանաձեւին մէջ ըսեր է, որ մինչեւ որ հնարաւոր ըլլայ ստեղծել միակ կառավարութիւն մը, իւրաքանչիւր կողմը կը պահէ իւր իրաւական տիտղոսը, եւ քանի ՈՐ գլխաւոր հարցերու համար նոյնպէս ընդունուած բանաձեւով պայման կը դնենք, որ կողմերը հարցերը վճռեն համաձայնութեամբ, կը հետեւի ուրեմն, որ մէկ կամ միւս կողմի համար մասնաւոր նշանակութիւն ունեցող հարցերու նկատուիլը համաձայնութիւն չգոյացած պարագային, պատկանեալ կողմը իրաւական եւ բանավարական օրէնքով կու տայ իր որոշումը. Տիրէքթիւներու մէջ մենք բացատրական մը եթէ չդնենք իր այս բնական ընթացքով կողմերէն մէկը չկրնար բացասական դերի մէջ մնալ: Օրինակով խօսինք. եթէ վաղը Խաղաղութեան