Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/456

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

գիտուններուն հետ, երկրին մէջ ու երկրէն դուրս, թղթակցութեամբ, պատուիրակ ղրկելով: Պատուիրակութիւնը պարբերաբար տեղեկութիւն պիտի տայ ազգին իր գործունէութեան մասին լայն գծերով:

14. Պատուիրակութիւնը պարտաւոր է ի նկատի ունենալու, որ Հայ Տէրութեան օգնական նշանակուելիք պետութիւնը որոշապէս յանձնառու պէտք է ըլլայ գոհացում տալ հայ ազգին բացարձակ անկախութեան պահանջին: Օգնական պետութեան աջակցութիւնը երբեք թեւարկութեան ձեւ պէտք չէ առնէ: Միացեալ Հայաստանի միակ կառավարութիւնը իրական տնօրինողը պիտի ըլլայ Հայ Տէրութեան կուլտուրական, տնտեսական եւ քաղաքական կեանքին: Օգնական պետութիւնը օժանդակողի դերը պիտի կատարէ եւ ոչինչ պիտի ընէ առանց հայ կառավարութեան հաւանութեան: Պատուիարկութիւնը պէտք է ջանայ, որ օգնական .պետութեան պաշտօնավարման համար իբր maximum նշանակուած քսան տարուան ժամանակամիջոցը նուազագոյնի իջեցնէ: Պատուիրակութիւնը պէտք է խուսափի օգնական պետութեան մօտ ոեւէ յանձնառութենէ, որ կրնայ ձգտիլ տնտեսապէս լուծի տակ դնելու Հայաստանը, պէտք է վերապահէ ոեւէ տնտեսական յանձնառութիւն Միացեալ Հայաստանի միակ կառավարութեան որոշմանցը:

15. Հայաստանի սահմաններուն մէջ ապրող այլացեղ տարրերուն նկատմամբ Պատուիրակութիւնը պէտք է ընդգրկէ որոշ քաղաքականութիւն մը, զոր մեծ գիծերուն մէջ կը բանածեւենք այսպէս.

Ա. Թուրքեր. Թէ՛ հայոց եւ թէ՛ նոյնիսկ թրքաց շահուն համար ինչպէս նաեւ ընդհանուր խաղաղութեան տեսակէտով Պատուիրակութիւնը պէտք է ջանայ ընդունիլ տալ սկզբունքը, թէ Հայաստանի սահմաններուն մէջ գտնուող թուրք տարրը պէտք է փոխադրել տալ Փոքր Ասիոյ թրքական հողամասերուն մէջ, որ թուրք տէրութիւնը պիտի կազմեն, անոնց անշարժ կայքը փոխանակելով թրքական հողամասերուն մէջ գտնուող հայերուն կալուածներուն հետ կամ վճարել տալով անոնց արժէքը. պէտք է փոխադարձաբար ջանալ թրքական հողամասերուն մէջ հաստատուած հայերը տեղափոխել Հայաստան՝ նոյն պայմաններով:

Բ. Քիւրտեր. Բացարձակ թափառաշրջիկ եւ կիսաթափառաշրջիկ ցեղերը, համիտիէ գունղերուն մասնակցած քիւրտերը, կոտորածներու մէջ ղեր կատարած քիւրտերը հեռացնել Հայաստանի սահմաններէն:

Երկրագործ եւ հաստատաբնակ քիւրտերը կը համարուին Հայաստանի քաղաքացիներ, պայմանաւ որ ամբողջապէս զինաթափ ըլլան, նոյն պայմանաւ Հայաստանի քաղաքացիներ կրնան ըլլալ նաեւ ղգլպաշ քիւրտերը: Եզիէները պէտք է ընդունուին իբրեւ Հայաստանի քաղաքացիներ եւ բնակեցուին իրենց նախկին տեղերը:

Գ. Մուհաճիրներ. 1899-էն ի վեր մեր երկիրը բերուած ամեն ցեղէ մահմետական մուհաճիրները հեռացնել Հայաստանի սահմաններէն եւ փոխադրել տալ մահմետական հողամասերու մէջ:

Դ. Ասորիներ. Արտայայտուիլ ի նպաստ ասորիներու /նեստորականներ, քաղղէացիներ, յակոբիկներ/ ինքնավար երկիր մը կազմելու ձգտումիս իրենց բնիկ հողամասերուն մէջ:

Ե. Յոյներ. Պոնտոսի յունական շրջաններու համար ներքին կուլտուրական ինքնավարութեան մը համածայնիլ:

Յանձնախումբեր.

Պատուիրակութիւնը պէտք է կագմէ հետեւեալ յանձնախումբերը.

Ա. Բրոբականտի Յանձնախումբ:

Բ. Ներգաղթի եւ Վերաշինութեան Յանձնախումբ, որուն գործն է քաջալերել եւ կազմակերպել տարագիր եւ գաղթական հայերու վերադարձը, ապահովել դարձողներուն պարենաւորումը, երկրագործական աշխատանքը եւ այլն: