Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/457

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Գ. Զինուորական Յանձնախումբ, որուն գործն է նպաստել ստուարացնելու գոյութիւն ունեցող հայկական գօրագունդերը, իրականացնելու երկրին ամբողջական գրատւմը եւ այլն:

Ուղեգիծին յետագայ մասը խմբագրելու աջակցեցան Պ. Պ. Փաստրմաճեան, Տամատեան, ԹԷրգիպաշեան եւ Տէր-Ստեփանեան:

Ներքին Կագմակերպութիւն Ամբողջական Հայաստանի Պատոփրակութեան.

Հայ Ազգ. Պատոփրակութիւնը, զոր կը կազմեն Արեւմտեան Հայաստանի եւ Գաղութներու Ազգային Համագումարին ընտրուած վեց /6/ անդամները, պիտի գործէ ըստ այս ուղեգծին, ինչպէս եւ Հայկական Հանրապետութեան Պատոփրակութիւնը, որ իր կառավարութենէն հրահանգ ատացած է Հայ Ազգային Պատուիրակութեան հետ համաձայնութեամբ գործելու: Հայ Ազգային Պատուիրակութեան անդամները հաւաքաբար պատասխանատու են ազգին առջեւ: Իրենք կ՛ընտրեն իրենց նախագահը: Հայ Ազգ. Պատուիրակութիւնը եւ Հայկական Հանրապետութեան Պատուիրակութիւնը, միացած, կը կազմեն Ամբողջական Հայաստանի Պատուիրակութիւնը Դաշնակից եւ ընկերակից պետութեանց մօտ:

Ամբողջական Հայաստանի Պատուիրակութիւնը պիտի ունենայ իր պարբերական նիստերը: Որոշումները պիտի տրոփն երկու կողմերու համաձայնութեամբ եւ պիտի արձանագրոփն: Ամբողջական Հայաստանի Պատուիրակութիւնը պիտի գործէ իբր միակ մեխանիզմ մը. ոչ մէկ յանձնառութիւն պիտի չըլլայ եւ ոչ մէկ դեպքին պիտի չկատարուի առանց երկու Պատուիրակութեանց միջել համաձայնութեան: Երկուքէն իուրաքանչիւրը ոեւէ անջատ դիմում պիտի չկատարէ:

Մինչեւ որ Հայաստանի մեջ կազմուի Ամբողջական Հայաստանի կառավարութիւնը, երկու Պատուիրակութիւններէն իւրաքանչիւրը պիտի պահէ իր իրաւական տիտղոսը:

Համահայկական դատին վերաբերեալ ամեն դիմում' Ամբողջական Հայաստանի Պատուիրակութեան կողմէ որոշուելէ յետոյ պիտի գործադրուի երկու Պատուիրակութեանց նախագահներուն կողմէ միասին կամ երկու խումբերուն պատկանող այլ անդամներու կողմէ, զոր պիտի նշանակէ Ամբողջական Հայաստանի Պատուիրակութիւնը:

Ամեն տօքիւման կամ նամակ, որ ազգային քաղաքականութեան տեսակէտով պատասխանատու նշանակութիւն ունի, Ամբողջական Հայաստանի Պատուիրա- կութեան հաւանութիւնը ստանալէ յետոյ պիտի ստորագրուի երկու նախագահներէն:

Երկու Պատուիրակութեանց ընթացիկ թղթակցութիւնը պիտի ստորագրուի իւրաքանչիւր նախագահէն, ամեն մէկ կողմ միւսին տեղեկութիւն տալով այդ նամակներու նիւթի մասին:

Ազգ. Համագումարի Ստորագրութիւնք
Մայր Դիւանի Առի ճշդութիւն կը ստորագրենք
Ատենադպիր Անդամք Յանձնաժողովոյ՝
Գառնիկ Ֆնտգլեան Ա. Չօպանեան
Գ. Փաստրմաճեան
Մարտ 31, 1919 Ն. Տէր-Ստեփանեան
Վահան Թէքէեան
Վ. Փափազեան
Մ. Համբարձումեան
Ա. ԹԷրզիպաշեան

ՀԱԱ, ֆ. -430, ց. 1, գ. 28, թթ. 29-35: Ձեռագիր: Բնագիր: