Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/495

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

պահանջներուն արտաբերումը, պիտի իրականացնէ ընդհուպ մեր ազգին միահաղոյն բաղձանքները:

Այդ իրականացման մինչեւ ցարդ յապաղումը ստեղծած է վտանգալից կացութիւն մը, որ կրնայ նոր աղէտներ յառաջ բերել՝ եթէ այդ յապաղումը երկարածգուի տակաւին:

Մեր հայրենիքին մէկ ամբողջ շրջանը՝ Անդրկովկասեան Հայաստանը, արդէն ազատագրուած է իր իսկ միջոցներով, եւ ձեւացուցած է Հանրապետութիւն մը, պատրաստ միանալու ամբողջական Հայաստանի անկախ տէրութեան, որ վաղը պիտի կազմուի: Ուրիշ շրջան մը՝ Կիլիկիան, գրաւուած է Դաշնակից զօրքերէ, որոնց ներկայութիւնը թոյլ կու տայ Միջագետք աքսորուած մեր հայրենակիցներուն, գալ հոն կեդրոնանալ: Բայց Օսմանեան Հայաստանի նահանգները, որ թուրանական ամէնէն չարաշուք խժդժութեանց թատերաբեմ եղան, կը սպասեն դեռ իրենց ազատագրմանը, եւ իրենց բնակիչները, Կովկաս ապաստանած, դեռ չեն կրնար դառնալ իրենց տունն ու տեղը եւ գարնան վարուցանքն ընել: Հազարաւոր հայ կիներ ու երեխաներ կը շարունակեն հարէմներու մէջ փակուած մնալ. Միութիւն ու Յառաջդիմութիւն քոմիթէին անդամները, բովանդակ Արեւելքի մէջ տարածուած, մահմետական ցեղերը կը գրգռեն քրիստոնեաներուն դէմ եւ կը պատրաստեն նոր դաւեր, որոնց անխուսափելի հետեւանքը պիտի ըլլան անդարմանելի աղէտներ. արդէն իսկ Հալէպի մէջ հայերու կոտորած մը տեղի ունեցաւ վերջերս. Կովկասի թաթարները, թուրք սպաներէ առաջնորդուած, գրաւած են ինչ-ինչ հայկական հողամասեր եւ կ՛ուզեն զւսնոնք կցել Ատրպատականի կառավարութեան: Վերջապէս, մեծ սով մը եւ ժանտատենդը Անդրկովկասեան Հայաստանին մէջ կը հնձեն հազարաւոր կեանքեր այն պատճառաւ, որ թուրք զօրքերը, Անդրկովկասէն քաշուած ատեննին, իրենց հետ տարած են ամբողջ ցորենը, ուտեստները, արջառը եւ դեղօրայքը:

Մեզի համար շատ տաժանելի է'տեսնել մեր ժողովուրդին տանջանքներում երկարաձգումը, Դաշնակիցներու լիակատար յաղթանակի շրջանին մէջ, Իրաւունքի դատին համար հայութեան ստանձնած այնքան ծանր զոհաբերութենէն եւ Ազատութեան պայքարին մասնակցելու համար իր ոյժէն ա՛յնքան գերիվեր ճիգէն յետոյ, զոր ան պարգեց, ու երբ գրեթէ բոլոր հարստահարեալ ժողովուրդները արդէն իսկ ազատուած են զիրենք կապկպող շղթաներէն:

Ստիպողական կոչ մը կ՛ուղղենք Դաշնակից ժողովուրդներուն, խնդրելով որ իրենց ձայնը մերինին միացնեն պահանջելու համար Հաշտութեան Վեհաժողովէն, որ փութացնէ լուծումը Հայկական Հարցին:

Մենք վստահութիւն ունինք Դաշնակից կառավարութեանց արդարամիտ ոգւոյն, բայց չափազանց երկարատեւ յապաղում մը կրնար մեր ժողովուրդին համար կորստաբեր ըլլալ եւ Ազատութիւնը եթէ շատ ուշ գայ ճառագայթել Հայաստանին վրայ կրնայ հոն լայնատարած գերեզմաննոց մը միայն գտնել:

Շա՛տ երկար ատենէ ի վեր Հայաստան կը տառապի ու կը մաքառի Ազատութեան համար, ան իրաւունք ունի յուսալ, որ յաղթական ագատասէր աշխարհը այլեւս պիտի չյետաձգէ հարկաւոր անմիջական կարգադրութիւններն ընել անոր մարտիրոսութեան վերջ դնելու եւ անոր երկար ու դժնդակ ճիգը վարձատրելու համար:


Հայաստանի Հանրապետութեւսն ղրկուած հեռագիրը

Փարիզ համախմբուած Հայ Համագումարը, իր առաջին նստաշրջանի փակման առթիւ, Հայկական Հանրապետոլթեան կուղղէ իր եղբայրական խանդաղատագին ողջոյնը: Սրտագին կը մաղթենք, որ ընդհուպ իրականանայ Միացեալ Հայաստանի Հանրապետոլթեան կազմակերպութիւնը, եւ լիայոյս ենք, որ ձեր եւ մեր ջանքերով պիտի պսակուին մեր իղձերը ընդհանուր խաղաղութեան կնքման պահուն Ազգային Դատին կատարեալ յաղթանակովը: