Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/494

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Իսկեներուն եւ Ստանա գտնուող Հայկական Լեգէոնի վաշտերուն մէջ պատահած յոյժ ցաւալի դէպքերը: Համագումարը թէ՛ Հալէպի կոտորածին եւ թէ՛ միւս պատահարներուն կրկնութեան առաջքը առնելու համար հնարաւոր միջոցները խորհեցաւ եւ անոնց գործաղրութիւնը յանձնարարեց Պատուիրակութեան:

Ի բաց առեալ Հայաստանի տնտեսական եւ քաղաքական կացութեան մասին Պատուիրակութեան հասած կարեւոր տեղեկագիրներու ընթերցումը, Համագումարը լսեց, իր նստաշրջանի տետղութեան միջոցին, Ազգային Պատուիրակութեան Նախագահին եւ Հայկ. Հանրապետութեան ներկայացուցիչին Խաղաղութեան Վեհաժողովին կողմէ ունկնդրութեան զեկուցումը, Թիւրքիայէն եւ Կովկասէն հասնող պատգամաւոր եւ ոչ-պատգամաւոր ձեռնհաս հայրենակիցներու բերանացի եւ գրաւոր ընդարձակ զեկուցումները, ինչպէս նաեւ գաղութներէ եկած պատգամաւորներուն գաղութներու հայկ. կեանքին ել գործունէութեան վերաբերմամբ ըրած մանրամասն տեղեկատուութիւնները:

Համագումարը ստիպուեցաւ նաեւ նկատի առնել Երուսաղէմի Ս. Յակովբեանց վանուց Միաբանութենէն հասած հեռագրական դիմումները, եւ յանձնարարեց յիշեալ վանուց համար մատակարար մարմնի մը կազմութիւնը համաձայն Երուսաղէմի զինուորական կառավարիչին կատարած կարգադրութեան, նկատելով, որ Պոլսոյ Պատրիարքութիւնը այս միջոցին ի վիճակի չէր այս հարցով զբաղելու:

Այս առաջին նստաշրջանի փակման առթիւ Համագումարը պարտք համարեց իր եղբայրական ջերմ ողջոյնները ուղղել Հայկական Հանրապետութեան, անոր մէջ տեսնելով վեց հարիւր տարիէ ի վեր առաջին անգամ վերազարթնող հայ ազատութեան հրճուառիթ պաքթերը, եւ յոտնկայս իր խորին յարգանքն ու պաշտամունքը յայտնեց մեր ցեղի բազմաչարչար նահատակներուն եւ այն բիւրաւոր մարտիկներուն յիշատակին, որոնք իրենց հերոսական պայքարներով պատրաստեցին Հայկական Դատին յաղթանակը:

Համագումարը որոշեց նոյնպէս, որ Դիւանը սոյն առթիւ ղրկէ Համագումարի զգացումները յայտնող ուղերձներ Նախագահ Ուիլսընի, Պ. Պ. Քլէմանսոյի, Լլոյտ ճորճի եւ Օրլանտոյի, կոչ մը Դաշնակից ազգերում լրագրաց մէջ հրատարակուելու համար, եւ հեռագիր մը Հայ Հանրապետութեան, Երեւան:

Այն պահուն երբ Համագումարը իր աշխատութեանց գլխաւոր մասը կատարելէ ետք կը դաղրեցնէ իր Ա. նստաշրջանը, նորընտիր Ազգ. Պատոփրակութիւնը Հայկական Հանրապետութեան հետ ձեռնարկած է արդէն իրմէ սպասուած աշխատութեան, եւ ուղեցոյցներու տրամադրութեան համաձայն շուտով ամբողջացնելով իրեն գործակցելու կոչուած Ներգաղթի, Ելեւմտական, Բրոբականտի եւ այլ գլխաւոր Յանձնաժողովներու կազմութիւնը, պիտի պսակէ անշուշտ Համագումարին իր վրայ դրած յոյսերը:


Դաշնակից ազգերուն ուղղուած կոչը

Փարիզ հաւաքուած Հայ Ազգային Համագումարը պարտք կը համարէ, իր աշխատութեանց աւարտին, յայտնել իր երախտագիտութիւնը կեղեքեալ ժողովուրդներու վեհանձն բարեկամ Ֆրանսային, որուն մեծաշուք մայրաքաղաքը իրեն շնորհեց ազնիւ իր ասպնջականութիւնը:

Կուղղէ գորովալից ողջոյն մը բոլոր Դաշնակից ազգերուն, որ բռնութեան դէմ պայքարելու համար նիզակակցեցան եւ որոնց դիւցազնական ճիգը արդար յաղթանակով մը պսակուեցաւ:

Կը հռչակէ անգամ մը եւս հայ ազգին կամքը իր ազատ հայրենիքն ունենալու անկախ տէրութեան մը մէջ իր բոլոր հողամասերում միացմամբը կազմուած, եւ կը յուսայ, որ Հաշտութեան Վեհաժողովը, որ խորին համակրութեամբ ընդունեց իր