Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/497

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ԵՐԿՐՈՐԴ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐ

Նիստ Ա.

Բացման նիստ

Չորեքշաբթի, 5 Մայիս 1920, ժամը 2 1/2-ին,

նախագահութեամբ Գաբրիել էֆ. Նորատունկեանի

Ներկայ էին 16 պատգամաւորներ՝

Ամեն. Դուրեան Արքեպ., Պ. Պ. Աղաթօն Պէյ, Բարսեղեան, Դաւիթ-Բէկ, Ա. Թէրզիպաշեան, Վ. Թէքէեան, Ա. Հանըմեան, Գ. Նորատունկեան, Պօղոս Նուպար Փաշա, Տոքթ. Նեւրուզ, Ներսէսեան Խան, Ա. Չօպանեան, Պօղոս Պէյ Մըսըրլը, Զ. Պզտիկեան, Գ. Սինապեան, Տիգրան Խան Քէլէկեան:

Մասնաւոր հրաւէրով այս բացման նիստին ներկայ էին նաեւ Ամեն. Զաւէն Ս. Պատրիարք, Գերերջ. Թէրզեան Ս. Կաթողիկոս, Գերապայծառ Նազլեան, Փարիզի հոգեւոր հովիւ Վռամշապուհ Ծ. Վարդապետ, Պ. Պ. էնֆիաճեան, Փիրալեան, Զօրավար Կորկանօֆ եւ Տիգրան Չայեան:

Բացառաբար, եւ լօկ այս բացման նիստին ներկայ գտնուեցան նաեւ մամուլի ներկայացուցիչներ, մասնաւոր հրաւէրով:


ՕՐԱԿԱՐԳ

1. Բացում Ազգ. Համագումարի Բ. նստաշրջանին

Նորատունկեան Գաբրիէլ էֆենտի, Նախագահ Ազգ. Համագումարի, Ս. Հարք եւ Տիարք, Ձեզ ամէնուդ յայտնի է, թէ Ազգ. Համագումարը ի՛նչ պարագաներու տակ անցեալ տարի հաւաքուեցաւ Փարիզ: Չեմ ուզեր մի առ մի ներկայացնել այն աշխատութիւնները, զորս կատարեց իր առաջին նստաշրջանին մէջ: Բայց կը յիշէք անշուշտ, թէ այդ նստաշրջանին վերջին օրերուն, իր աշխատութիւնները ամփոփած միջոցին, Ազգ. Համագումարը քանի մը. կարգադրութիւններ ըրաւ, որոնց շարքին կազմեց յանձնաժողով մը, որ պիտի մշակէր հայկական կառավարութեան յառաջիկային ունենալիք կազմական կանոնագրին գլխաւոր կէտերը, ինչպես նաեւ հոգատար պետոլթեան եւ հայկական կառավարութեան փոխադարծ յարաբերութիւնները ճշդող օրինագիծ մը: Այս յանձնաժողովին աշխատութիւնները քննութեան պիտի ենթարկուէին Ազգ. Համագումարին կողմէ, իր երկրորդ նստաշրջանին մէջ: Ազգ. Համագումարը միանգամայն որոշած էր, որ Ազգ. Պատուիրակութիւնը իրաւունք ունենայ հրաւիրելու Համագումարը, եթէ երբեք պէտք տեսնէ անոր հաղորդելու Ազգ. Դատին պաքթանող ոեւէ խնդիր եւ այդ մասին Համագումարին հետ խորհրդակցիլը անհրաժեշտ դատէ: Նաեւ Ազգ. Պատուիրակութիւնը Համագումարը հրաւիրէ երբ հոգատար պետութիւնը որոշուի, որպէսզի կարելի ըլլայ քննել եւ վերջնական ձեւի մը ենթարկել այն օրինագիծը, որ պիտի սահմանէ հոգատար պետութեան եւ հայկական կառավարութեան փոխադարձ յարաբերութիւնները: Այն ատեն յոյսով էինք, թէ քիչ ատենուան մէջ կը պարզուին գլխաւոր առկախ հարցերը եւ Ազգ. Համագումարը իր երկրորդ նստաշրջանը գումարելով եւ իր գործը աւարտելով կը բաժնուի: Բայց իրերը այնպէս բերին, որ այդ առկախ խնդիրները անլոյծ մնան: Տարիէն աւելի անցաւ Համագումարին առաջին նստաշրջանին փակումէն ասդին, եւ տակաւին անոնց նկատմամբ վերջին խօսքը ըսուած չէ: Ի նչ ըրինք այդ մէկ տարուան միջոցին, ի՞նչ դրութեան մէջ ենք այսօր, ի՞նչ բախտ վիճակեցաւ մեր խնդրին, որ եթէ մեզի համար ազգային-քաղաքական խնդիր մըն է, քաղաքակիրթ աշխարհին համար ունէր ո՛չ միայն քաղաքական, այլեւ մարդասիրական մեծ նշանակութիւն: Ինքնատիպ յաթքութիւններով եւ բարծրագոյն