Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/498

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

կարողություններով օժտուած ազգ մըն էինք, դատապարտուած ամէնէն դժնդակ պայմաններում որոնք դուն արիք, ծանրացած են ժողովուրդի մը վրայ: Մեծ չէր մեր ազգը, բայց ապրելու իրաւունքը լոկ մեծերուն չի պաքթանիր, փոքրերը նոյնքան տէր են այդ իրաւունքին: Փոքրիկ հայութիւնը մանաւանդ ամենէն աւելի ունէր այդ իրաւունքը, քանի որ միշտ կրցեր է ցոյց տալ, ինչպէս մասնաւորաբար այս պատերազմին ընթացքին, այն տեսակ բարձր յաքթութիւններ, որոնք կրնային հպարտութիւն առթել նոյնիսկ մեծ ազգերու: Քաղաքակիրթ աշխարհը յանձնառու եղած էր այս ազգը փրկելու, ազատագրելու եւ վերակենդանացնելու, ի՞նչ ըրաւ արդեօք, ի մի բան որ յանգեցաւ մեր խնդիրը: Կը յուսամ, որ Ազգ. Պատուիրակութիւնը պիտի ներկայացնէ մանրամասնաբար այս մէկ տարուան ընթացքին կատարուած գործառնութիւնները ու պիտի պարզէ իրաց արդի վիճակը: Ատոնցմով անշուշտ առիթ պիտի ունենանք զբաղելու մեր յառաջիկայ նիստերում մէջ, եւ պիտի կրնանք որոշել, թէ տակաւին ի՞նչ պէտք է ընել մեր նաւը ժամ առաջ ապահով նաւահանգիստ մը տանելու համար: Համագումարս առիթ պիտի ունենայ նաեւ քննելու քանի մը օրինական խնդիրներ, որոնց մասին աշխատութիւններ կան կատարուած, նկատողութեան պիտի առնէ Ազգ. Պատուիրակութեան ելեւմտական գործառնութիւնները, եւ թերեւս պիտի առաջարկէ միջոցներ անհրաժեշտ նոր ծախքերու մասին: Դժբախտաբար, մեր պատուարժան անդամակիցներէն ոմանք բացակայ են այսօր կամ ի ճանապարհի են եւ կամ հրաժարած են ինչ-ինչ նկատումներով: Այդ մասին Դիւանիս հասած գրութիւները պիտի կարդացուին: Բայց ամեն բանէ առաջ սրտի խորին ցաւով կը յիշատակեմ մեր վաղամեռ անդամակցին Տիար Յարութիւն Մոստիչեանի դառն կորուստը, որ տեղի ունեցաւ անցեալ տարուան ընթացքին: Ողբացեալը ծանօթ էր իր ջերմ ազգասիութեամբ եւ այն գեղեցիկ եռանդով, որով նուիրուած էր Հայաստանի ազատագրութեան գաղափարին: Իր սիրտը կը թրթռար, երբ կը խորհէր Հայրենիքին վրայ, եւ նորածին Հանրապետութեան համար կը տածէր խանդավառ սէր մը, որուն անունով միշտ կոչում կ՚ընէր ամէնոա գուրգուրանքով շրջապատել հայկական անկախուքեան այդ անդրանիկ բոյնը: Դժբախտութիւն մըն է մեզի համար, որ այլեւս զինքը չպիտի ունենանք մեր մէջ: Անոր տեղ նոր պատգամաւոր ընտրուած է: Կան նաեւ ուրիշ նոր ընտրութիւններ, որոնց տեղեկագիրները պիտի կարդացուին մեր յաջորդ նիստին, երբ անցնինք մեր օրակարգին վրայ գտնուող խնդիրներու քննութեան: Անշուշտ պետք չունիմ շեշտելու, թէ երբեք չէ եղած ատեն մը, ուր այնքան կենսական պէտք ունեցած ըլլանք ազգային ներքին միութեան, որքան հիմա: Որովհետեւ չէ եղած ատեն մը, ուր այնքան չարչարանք ու թշուառութիւն վիճակուած ըլլայ մեր ազգին, որքան որ վիճակուած է այսօր: Անձկութեան, բայց նաեւ յոյսերու, ակնկալութեան շրջան մը կ՚անցընենք: Բայց յոյսերը, ակնկալութիւնները մէկ օրէն միւսը կը պակսին, երբեմն բոլորովին կ՚անյայտանան, մինչդեռ անձկութիւնը միշտ կայ եւ թշուառութիւնն ու չարչարանքը, մեր ժողովուրդին համար, կարծես միշտ աւելի կը բարդուին՜ փոխանակ պակսելու: Այս պայմաններուն մէջ ի՞նչ նպատակ պէտք ենք ընտրել մեզի, եւ դէպի ո՞ւր ուղղելու ենք մեր ջանքերը որպէսզի կարենանք շրջել ազգին դառն դրութիւնը: Այնպէս կը կարծեմ, թէ այս մասին առաջին գլխաւոր դարմանը եղբայրակցութեան եւ միութեան մէջն է: Մեր ամէնուս համագործակցութենէն կտխուած է հայ ազգին փրկութիւնը: Այդ կերպով միայն կրնանք արդարանալ մեր խղճին հանդէպ, որովհետեւ ձեռք-ձեռքի, նոյն սրտով, նոյն հոգուով աշխատելով մանաւանդ հատուցած պիտի ըլլանք գերագոյն պարտականութիւնը, որ մեզի կը վիճակուի: Ազգին մէջ գտնուած կուսակցութիւնները պէտք է միաբանեն: Անոնց տարակարծութիւնները պատճառ մը չեն, որ մէկուն օգտակարութիւնը հռչակած ատեննիս ուրիշ մը անպէտ նկատենք: Ծաղկեփունջի մը մէջ տեսակ-տեսակ ծաղիկ կայ. ոչ մէկը միւսին կը նմանի ո՛չ իր ձեւով, Ո՛չ իր գոյնով: Բայց ամենը մէկ, քով-քովի, հաճելի ամբողջութիւն մը կը կազմեն: Կուսակցութիւններն ալ ծաղիկներում պէս են, եւ քով-քովի նոյն ծադկեփունջին մէջ կրնան գոյացնել