Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/522

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Ազգ. Պատոփրակութեան Նախագահ Պօղոս Նուպար Փաշայի առաջարկութեան վրայ, Համագումարը որոշեց նաեւ, որ այդ նամակին մէջ ցաւով դիտել տրուի Ազգ. Միութեան, թէ այդ հրաժարականներուն պատճառաւ Համագումարը զրկուած կը մնայ ամերիկահայ գաղութը ներկայացնող պատգամաւորներու աշխատակցութենէն:

Թ. Հրաժարեցում պուլկարահայ պատգամաւորներու. Յիշատակելով Սոֆիայի Ազգ. Միութեան Կեդր. Վարչութեան պաշտօնագիրը, որով կը հաղորդէր, թէ իր վերջին համաժողովին մէջ որոշած էր արգիլել նախապէս ընտրուած երկու պատգամաւորներու մասնակցութիւնը Համագումարի երկրորդ նստաշրջանին, Յանձնաժողովը եզրակացուցած էր, թէ «Նկատի ունենալով Պուլկարահայ Ազգ. Միութեան ընտրողական իրաւունքի հանգամանքը, եւ անոր վերոյիշեալ մերժումը՝ իր անուամբ ոեւէ պատգամաւորի ներկայութեան, պուլկարահայ պատգամաւորները պէտք է համարել իբրեւ հրաժարեցուած»:

Երկար վիճաբանութենէ մը ետք, որուն ընթացքին շեշտուեցաւ մասնաւորաբար ընտրող մարմնի մը՝ իր ընտրածը հրաժարեցնելու իրաւունք չունենալը, Համագումարը, առանց Պուլկարիոյ Ազգ. Միութեան վերոյիշեալ նամակը նկատի առնելու, հիմնուելով լոկ այն իրողութեան վրայ, թէ պուլկարահայ երկու պատգամաւորներն ալ չեն պատասխանած իրենց եղած հրաւէրին, որոշեց վերջնականապէս բացակայ համարել զանոնք, որով երկու պատգամաւորներն ալ կը ղադրին անդամակցութենէ եւ նկատողութեան չպիտի առնուին մեծամասնության կազմութեան առթիւ: Այս որոշումն անցաւ մեծամասնութեամբ:

Նոյն ատեն, Համագումարը յանձնարարեց Դիւանին, որ նամակով մը մերժէ Պուլկարիոյ Ազգ. Միութեան յարուցած պատճառաբանութիւնները, այդ առթիւ ցաւ յայտնելով, թէ Համագումարը զրկուած կը մնայ Պուլկարիոյ գաղութը ներկայացնող պատգամաւորներու աշխատակցութենէն:

ժ. Հրաժարական Պ. Գ. Փաստրմաճեանի. Յանձնաժողովը Պ. Գարեգին Փաստրմաճեանի թէ՛ Ազգ. Պատուիրակութեան եւ թէ՛ Ազգ. Համագումարի անդամակցութենէն կրկին հրաժարականները թուելով, աւելցուցած էր, որ Պօղոս Նուպար Փաշա հեռագրած է Պ. Փաստրմաճեանի, թէ կ՛ընդունի այդ հրաժարականները: Յանձնաժողովին այս տեղեկութիւնը հիմնուած էր Պ. Փաստրմաճեանի հեռագրին պատճէնին աւելցուած ձեռագիր ծանօթութեան մը վրայ:

Նախագահ Նորատունկեանի էֆենտի դիտել տուաւ, թէ ատիկա սխալ ծանօթագրութեան մը արդիւնքը պէտք է ըլլայ, քանի որ Համագումարին պաքթանող հրաժարականի խնդիր մը լոկ Համագումարը կրնայ վճռել:

Համագումարը, նկատելով, որ Պ. Փաստրմաճեան, Ազգ. Համագումարի անդամակցութենէն իր հրաժարումը ոեւէ պատճառաբանութեան չէ ենթարկած, որով իր հրաժարականը կը դառնայ պարզ, առանց վիճաբանութեան ընդունեց զայն:

Նախագահ Գաբրիէլ էֆենտի Նորատունկեան՜ Պօղոս Նուպար Փաշայի հետ պաշտօնական այցելութեան մը կոչուած ըլլալով, նախագահութիւնը թողուց Պ. Գ. Սինապեանի եւ Պօղոս Փաշայի հետ մեկնեցաւ ստիպողաբար:


ՕՐԱԿԱՐԳ

1. Ընտրութիւն Դիւանի

Համագումարը, Պ. Գ. Սինապեանի նախագահութեամբ, ձեռնարկեց Դիւանի ընտրութեան:

Գաբրիէլ էֆենտի Նորատունկեան թէեւ նախապէս յայտարարած էր, որ ժողովին խորհրդակցութեանց աւելի լայն չափով մը մասնակցելու համար կը