Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/521

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Հին Յունաստանի հայ գաղութին իրատւնքը պատգամաւորի ընտրութեան մասին, Պ. Թէքէեան առաջարկեց վաւերացնել Պ. Պապաջանեանի ընտրութիւնը:

Պ. Հանըմեան յայտարարեց, թէ ինք անձի հետ գործ չունի, այլ՝ լոկ սկզբունքին հետ. Պ. Պապաջանեանը, ըսաւ, կը յարգեմ անծնապէս, եւ համոզուած եմ, որ իր ներկայութիւնը մեր մէջ շատ ալ օգտակար պիտի ըլլայ: Պատասխանելով Ռումանիոյ մասին Պ. Թէքէեանի ըրած դիտողութեան, Պ. Հանըմեան առարկեց, թէ կարելի չէ համեմատութեան գնել Ռումանիան, ուր 20.000 հայեր կը գտնուին եւ Աթէնքը, ուր հազիւ 150 հայեր կան. եւ կրկնեց, որ եթէ ԱթԷնքի տրուի ընտրութեան իրաւունք, պէտք պիտի ըլլայ նոյն իրաւունքը տալ նաեւ բոլոր համանման գաղութներու:

Պ. Աւետիս Թէրգիպաշեան, միջամտելով, նախ շեշտեց Պ. Պապաջանեանի ծանօթութիւնը կովկասահայ կեանքի պայմաններուն, ինչպէս նաեւ անոր փորձառութիւնն ու օրէնսգիտութիւնը, որոնցմէ Համագումարը մեծապէս պիտի օգտուէր: Յետոյ, յիշատակելով այն պարագան, թէ Նոր Յունաստանի կողմէ իբր հանգուցեալ Պ. Մոստիչեանի յաջորդ ընտրուած Բրօֆ. Թումայեան պատգամաւոր ընտրուած է նաեւ Պոլսոյ բոզոքականներու Ագգապետարանին կողմէ, աոաջարկեց Յունաստանի ներկայացուցիչ նկատել Պ. Պապաջանեանը, եւ Բրօֆ. Թումայեանն ընդունիլ իբր բողոքական Ազգապետարանի ներկայացուցիչ, քանի որ մանաւանդ ոեւէ պատգամաւոր չի կրնար երկու ձայն միացնել իր անձին վրայ:

Պ. Թէրզիպաշեանի այս պատճսաաբանութեան վրայ, Համագումարը ընդունեց Պ. Թէքէեանի առաջարկը եւ վաւերացուց Պ. Պապաջանեանի ընտրութիւնը:

Ե. Անգլիա. Համագումարը վաւերացուց Պ. Տ. Տէօվլէթեանի ընարութիւնը իբր յաջորդ Անգլիոյ հայ գաղութին պատգամաւոր Պ. Գր. Յակոբեանի, որ հրաժարած էր հիւանդութեան պատճառաւ:

Զ. Կիլիկիա. Համագումարը վաւերացուց Պ. Զաքարիա Պզտիկեանի ընտրութիւնը իբր պատգամաւոր Կիլիկիոյ: Այս առթիւ յիշատակուեցաւ, թէ Կիլիկիայէն պատգամաւոր ընտրուած է նաեւ Մուշեղ Արքեպ. Սեբորեան, իբր յաջորդ Բրօֆ. Պէզճեանի, որ նախապես ընտրուած եւ հրաժարած էր, եւ այս կէտին որոշումը վերապահուեցաւ Մուշեղ Արքեպ.-ի ներկայութեան:

Է. Հրաժարական Պ. Մ. Վարանդեանի. Յանձնաժողովը եզրակացուցած ըլլալով, թէ կարելի չէ Պ. Վարանդեանի նամակը նկատել իբր հրաժարական մը, Համագումարը, կարծիքի փոխանակումէ մը վերջ, Դիւանին յանձնարարեց, որ այդ մասին գրաւոր կերպով հարցում ուղղէ Պ. Միքայել Վարանդեանի, պարզելով խնդրին բնութիւնը, ստացուելիք պատասխանին համեմատ կարգադրելու համար այս հարցը:

Ը. Հրաժարական ամերիկահայ պատգամաւորներու. Պ. Պ. Զ. Մաթիկեան եւ Մ. Հւսմբարձումեան իրենց հրաժարագրին մէջ գրած ըլլալով, թէ «ոչ միայն չենք մասնակցիր Համագումարին, այլեւ ուժգին կերպով կը բողոքենք այդպիսի ժողովի մը գումարման դեմ, գայն համարելով բոլորովին ապօրինի եւ անպետ», Յանձնաժողովը յանգած էր հետեւեալ եզրակացութեան. «Համագումարը արդէն օրինաւոր կերպով բացուած եւ իր խորհրդակցութիւնները սկսած ըլլալով, Յանձնաժողովս չի կրնար վէճի տակ ձգել անոր գոյութեան իրաւունքը, զոր կը մերժեն ճանչնալ Ամերիկայի յիշեալ պատգամաւորները եւ կառաջարկէ ընդունիլ անոնց հրաժարականը»:

Կատարուած վիճաբանութեան ընթացքին անգամ մըն ալ շեշտուեցաւ այն իրողութիւնը, թէ Համագումարի այս երկրորդ նստաշրջանին գումարումը պարտք մըն էր Ազգ. Պատուիրակութեան համար, պարտք մը, զոր իր վրայ դրած էր նոյնինքն Համագումարը, որուն կը մասնակցեին նաեւ Պ. Պ. Հւսմբարձումեան ել Մաթիկեան.

Համագումարը ընդունեց Յանձնաժողովին եզրակացութիւնը, հրաժարեալ նկատելով Պ. Պ. Համբարձումեանն ու Մաթիկեանը, բայց յանձնարարեց Դիւանին, որպէսզի անոնց պարագան յստակ գրով մը առ ի տեղեկութիւն հաղորդէ Ամերիկայի Ազգ. Միութեան, որ Ազգ. Պատուիրակութենէն իր ստացած հրաւէրին վրայ ընտրութեան հրահանգ տուած էր Ամերիկայի մէջ: