Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/524

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ԱՏԵՆԱԿԱՆ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

1. Ընթերցում եւ վաւերացում ատենագրութեան

Նախագահ Վսեմ. Տիար Գ. Նորատունկեան ծանոյց, որ նախորդ Մայիս 21-ի նիստին ատենագրութիւնը պատրաստ է: Բայց նկատելով, որ Ազգ. Պատուիրակութեան անդամները կարեւոր գումարման մը համար պիտի ստիպուին բացակայիլ ժամը 5-ին եւ քիչ ժամանակ միայն կը մնայ վիճաբանութեանց, որոնք անհրաժեշտաբար պէտք է տեղի ունենան Պատուիրակութեան ներկայութեան, առաջարկեց յետաձգել ատենագրութեան ընթերցումն ու վաւերացումը: Ընդունուեցաւ:

2. Խնդիր հրաժարականի Հ. Տովհ. Թորոսեանի

Կարդացուեցաւ Վենետիկի Մխիթարեան Միաբանութեան պատգամաւոր, Գերյարգելի Հ. Յովհ. Վ. Թորոսեանի կողմէ Հռոմէն գրուած 15 Մայիս թուակիր նամակը, կը ծանուցանէ, թէ հակառակ իր ջերմ փափաքին՝ չպիտի կրնայ ներկայ գտնուիլ Համագումարի նիստերում, որովհետեւ Միաբանութիւնը՛ «այս կամ այն պատճառաւ՝ անհրաժեշտ հարկ մը չտեսնելով իր մէկ ներկայացուցիչը ղրկելու Ազգ. Համագումարին, ազատ կ՚ընէ զինքը այդ պարտականութենէ»: Համագումարը պարտք դրաւ Դիւանին, նամակով մը Միաբանութեան յայտնել, թէ կը յուսայ, որ շուտով կը վերնան վերոյիշեալ նամակին մեջ ակնարկուած արգելող պատճառները, եւ վերստին բախտաւորութիւն կ՚ունենայ իր մէջ տեսնելու Գեր. Հ. Թորոսեանը, որուն մասնակցութիւնը իր աշխատութեանց կրնայ այնքան օգտակար դառնալ, ինչպէս եղաւ անցեալ նստաշրջանին: Համագումարը յանձնարարեց նաեւ Դիւանին, որ Միաբանութեան գրուած նամակին մէկ պատճէնը հաղորդէ նաեւ Գեր. Հ. Յովհ. Վ. Թորոսեանի:

1. Խնդիր հրաժարականի Տիար Միք. Վարանդեանի

Նախագահ Վսեմ. Տիար Գ. Նորատունկեան յայտնեց, թէ պատահմամբ տեսնուած ըլլալով Տիար Միք. Վարանդեանի հետ, այս վերջինը յայտարարած էր, թէ որքան ալ Համագումարին մասնակցելու անկարելիութիւնը յայտնող իր նամակին մէջ «հրաժարական բառը չէր գործածած, պէտք էր նաեւ այդ նամակը նկատել իբր վերջնական հրաժարական, նկատելով, որ իր նոր պաշտօնին բերումով բացարձակապէս անհնար է իրեն պահել պատգամաւորի հանգամանքը, երբ մանաւանդ իր բացակայութիւնն ալ պիտի տեւէ շատ երկար»: Համագումարը այս բացատրութիւնը բաւական համարեց Տիար Մ. Վարանդեանը վերջապէս հրաժարած համարելու համար: Միւս կողմէ, նկատելով, որ Տիար Մ. Վարանդեան պարսկահայոց պատգամաւորն էր, եւ թէ հեռաւորութեան պատճառաւ ժամանակ չկայ, որոշեց չձեռնարկել անոր յաջորդի մը ընտրութեան:

4. Խնդիր բւսցակայութեան Տիար Վսեմ. Յովհ. Խան Մասեհեանի

Համագումարը լսեց նաեւ Վսեմ. Նախագահին այն դիտողութիւնը, թէ համանման պատճառաւ մը անշուշտ պէտք է մեկնել նաեւ բացակայութիւնը պարսկահայոց միւս պատգամաւորին՝ Տիար Յովհ. Խան Մասեհեանի, որ ստիպուած է Լոնտոն մնալ իբր ներկայացուցիչ Հայկ. Հանրապետութեան: