Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/525

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

5. Խնդիր ներկայութեան Տիար Ա. Ահարոնեանի

Տիար Տիրան Տէօվլէթեանի առաջարկութեան վրայ, ժողովը ցանկութիւն յայտնեց իր մէջ ունենալու նաեւ Հանրապետութեան Պատուիրակութեան Նախագահ Տիար Աւետիս Ահարոնեանը, նկատելով որ Ազգ. Պատուիրակութեան համարատուութեան վիճաբանութիւնը մօտէն կը հետաքրքրէ գինքն ալ, իբր անդամ Ամբողջական Հայաստանի Պատուիրակութեան, ինչպէս մասնակցած էր անցեալ նստաշրջանի խորհրդակցութեան: Համագումարը պարտք ըրաւ Դիւանին վրայ՝ իր այս ցանկութիւնը հաղորդելու Տիար Ա. Ահարոնեանի:


6. Համարատուութիւն Ազգ. Պատուիրակութեան Բրոբականտի,

Ելեւմտական եւ Բժշկական Յանձնաժողովներուն

Ազգային Պատուիրակութեան անդամ Տիար Տոքթ. Նեւրուզի տուած տեդեկութեան վրայ, թէ պատրաստուելու վրայ են Պատուիրակութեան Բրոբականտի, Ելեւմտական եւ Բժշկական Յանձնաժոզովներուն տեղեկագիրները, Համագումարը որոշեց օրակարգ անցընել զանոնք, երբ պատրաստ ըլլան:


ՕՐԱԿԱՐԳ

1. Շարունակութիւն վիճաբանութեան Ազգ. Պատուիրակութեան

համարատուութեան

Տիար Թէրգիպաշեան. Պատուիրակութեան համարատուութեան մասին խօսելէ առաջ կագեմ դիտոդութիւն մը ընել: Տիար Թէքէեանի կողմէ երէկուան նիստին եղած առարկութիւնը մտքի շփոթութիւն պատճառեց: Մենք Պատուիրակութեան անդամները ընտրած ենք հաւասար իրատւնքներով: Կը փափաքիմ գիտնալ, որ եթէ Պատուիրակութեան Նախագահը ներկայ չըլլայ, միլս անդամները պիտի կրնա՞ն պատասխանել մեր յարուցած հարցերուն:

Տիար Տոքթ. Նեւրուզ. Բոլոր անդամներն ալ պատրաստ են միշտ պատասխան տալու:

Տիար Թէրգիպաշեան. Որովհետեւ Տիար Թէքէեանի երէկուան առարկութիւնը այն տպաւորութիւնը թողուց մեր վրայ, թէ կարելի չպիտի ըլլայ վիճաբանութիւն սկսիլ՝ երբ Պատուիրակութեան Նախագահը ներկայ չըլլայ:

Տիար Թէքէեան. Սխալ է: Երէկուան նիստին մէջ որոշուած էր լոկ լուսաբանութիւններ պահանջել Պատուիրակութեան անդամներէն, եւ ժողովը ինքը Փափաք յայտնած էր, որ խնդիրներա էութեան մասին վիծաբանութիւնները տեղի ունենան Պատուիրակութեան Նախագահին ներկայութեան: Ես այն ատեն միայն միջամտեցի, երբ յուզուած խնդիրները լուսաբանութիւններէ անդին անցան: Ես արդէն յայտարարեցի, որ Պատուիրակութեան բոլոր անդամներն ալ իւրացուցած են հաշուետուութիւնը: Տիար Թէրգիպաշեան. Նախորդ նիստին ես յուղեցի երկու խնդիր: Առաջինը՝ Գերմանիայէն պահանջներու հատուցման հարցն էր: Անցեալ տարի երբ այդ մասին յանձնարարութիւն ըրինք Պատուիրակութեան, մեր տեսակէտը պարզ էր եւ հիմնաւոր: Գիտենք, որ Թուրքիա երբեք ի վիճակի չպիտի ըլլայ ոեւէ հատուցում ընելու: Հաշտութեան դաշնագիրը այսօր փաստ մըն է, թէ չենք սխալած այդ մասին: Բայց ասով չէր կորուսուեր հատուցում ստանալու մեր իրաւունքը: Պատերազմին մէջ մենք ալ արիւն թափեր ենք, իրապէս պատերազմիկ եւ Դաշնակից ազգ մըն ենք, ինչպէս կը հռչակէ այս մեր դաշնագիրը, եւ այդ հանգամանքով իրաւունք ունինք հատուցում ստանալու ինչպէս թուրքերէն, այնպէս նաեւ Գերմանիայէն նոյնացեալ, որոնց