Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/603

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

առաջին օրէն այնքան փայլուն կերպով մը պաշտպանեց մեր խնդիրը, ինչպէս կը շարունակէ ընել: Նմանապէս մեր վաղեմի բարեկամ Պ. Տընի Քոշէն, մէկէ աւելի անգամներ ուժեղ յօդոաւծներ հրատարակեց մեր դատը պաշտպանելու համար: Նոյնպէս Ռընէ Բինոն, Վիքթոր Պէռար եւ այլն:

Եւ յետոյ, պարագայ մը կայ, որ մոռցուեցաւ: Մենք կը գտնուինք Ֆրանսայի մէջ եւ ստիպուած ենք գործել ֆրանսական շրջանակներու մօտ: Մեր քաղաքական պահանջումները հիմնովին հակառակ էին սակայն ֆրանսական տեսակէտներուն: Օրինակի համար ամերիկեան մանտան կը խնդրէինք: Ինչպէ՛ս կարելի էր բռնադատել ֆրանսական օրկանները, որ իրենց տեսակէտներուն հակառակող մեր այս կարգի պահանջումները իւրացնեն ու պաշտպանեն:

Տիար Ֆնտգլեան. Շատ ճիշդ է. ասիկա տեսակէտ մըն է, որ վրիպեցաւ բոլոր քննադատներու ուշադրութենէն:

Տիար Թումայեան. Ես ալ կը ձայնակցին Տիար Ֆնտգլեանի:

Տիար Չօպանեան. Բռնադատուած էինք ուրեմն մեր բրոբականտը սահմանափակել: Մեգի իբր բրոբականտի միջոց կը մնար ծանօթացնել պատերազմի միջոցին մեր շռայլած հերոսութիւնը եւ մեր կրած հսկայ տառապանքը, մեր դատին արդարութեան համոզումը տարածել եւ համակիրներ ու պաշտպաններ շահիլ: Ձեզմէ ո՞վ պիտի կրնայ երբեք ըսել, թէ այս տեսակէտով մեծ յաջողութիւն մը ձեռք չենք բերած: Անշուշտ այնքան միամիտ չենք ըլլար ենթադրելու, թէ մեր դատին պաշտպանութեան նոփրուած այն բոլոր մարդիկը, որոնք կը գործեն այս երկրին մէջ, ինքնաբերաբար մղուած են այդ գործին: Օտարներու կողմէ մեզի ի նպաստ եղած ամեն ձեռնարկի տակ քիչ մը մեր մատը փնտռել պէտք է, գոնէ ի սէր տարրական արդարութեան: Ո՞ւր կը մնան, ուրեմն, եղած մեղադրանքները: Լաւագոյն պաշտպանութիւնը, որ այս վերջին ատեններս Ֆրանսայի Երեսփոխանական ժողովին մէջ եղաւ Հայկական Հարցին նկատմամբ Պ. Պելլէի նշանաւոր ճառն էր: Կարժէ յիշել, որ Պ. Պելլէ իր բոլոր տեղեկութիւնները ստացած էր Բրոբականտի Տանձնախումբէն:

Տիար Հանըմեան. Եւ պէտք է ընդունիլ, որ Պ. Պելլէ հայու մը պէս իւրացոլցած էր ամբողջ Հայկական Խնդրին էութիւնը, եւ գիտցաւ հայու մը պէս ալ պաշտպանել զայն: Շաբաթներ ամբողջ յարաբերութեան մէջ մնացած էր մեզի հետ, օրը օրին տեղեկութիւն, տոքիւմաններ, հրատարակութիւններ խնդրելով: Բնականաբար՝ սիրով տրամադրեցինք իրեն ամեն բան, ինչպէս ըրած ենք նաեւ ուրիշներու, խնդրած ըլլան կամ ոչ:

Տիար Հանըմեան. Անցողակի պատասխանեմ նաեւ Տիար Տէր-Ստեփանեանի այն դիտողութեան, թէ Պատուիրակութիւնը սխալ ըրած է որոշ րոպէ մը յետոյ Նախ. Ուիլսընի չդիմելով խնդրելու համար, որ ի սէր մարդկութեան, Հայկական Հարցը դնէ Օերակոյտին առջեւ, առանց կապելու Ագգերու Ընկերակցութեան գաղափարին հետ: Ամեն ոք գիտէր, սակայն, թէ Ագգերու Ընկերակցութեան գաղափարը Նախ. Ուիլսընի ամբողջ քաղաքականութեան առանցքն էր, թէ Հայկական Հարցով իր հետաքրքրուելուն գլխատր շարժառիթն ալ աքթէ կը բղխէր եւ թէ այդպիսի դիմում մը Նախ. Ուիլսընի, իրեն անախորժ ըլլալէն զատ ուրիշ հետեւանք չպիտի ունենար:

Կը պատասխանեմ նաեւ Տիար Թէրզիպաշեանի այն հեգնական դիտողութեան, թէ տեղեկագիրը, ըսելով, թէ յոյն կառավարութիւնը պաշտպանած է Հայկական Դատը Գեր. Խորհուրդին մօտ, միամտութեան ապացոյց է տուած: Այս հեգնութիւնը անհիմն է, եւ զայն ընդունիլը մինչեւ իսկ ապերախտութիւն մը պիտի ըլլար: Մենք որոշ փաստերու վրայ հիմնուելով է, որ այդ հաստատումը ըրած ենք: Թէ՛ պատերազմի ընթացքին եւ թէ՛ մանաւանդ յաղթանակէն ի վեր ամեն առթիւ յոյն կառավարութիւնը եւ յոյն պատուիրակութիւնը իրենց ամեն կրցածը ըրած են աջակցելու համար Հայ Պատուիրակութեան: Պ. Վենիզելոս ինքն էր, որ առաջին անգամ, Յունական Հարցը Գեր. խորհուրդին առջեւ պարզած օրը, պարզեց ու ջերմօրէն պաշտպանեց հայկական պահանջները իրենց ամբողջութեանը մէջ, այնպէս