Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/602

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

ծանօթացնելու համար մասնաւորաբար հայկական գեղարուեստն ու գրականութիւնը: Հանդէսը պիտի ունենար նաեւ քաղաքական բաժին մը, եւ անշուշտ պէտք չկայ ըսելու, թէ այդ քաղաքական բաժինը պիտի յաքթանար Հայկական Հարցին: Տիար Տէր- Ստեփանեան պաշտպանեց քաղաքական օրկանի մը հրատարակութեան տեսակէտը, օրկան մը, որ պիտի հրատարակուէր քանի մը լեզուներով, պիտի տպուէր մեծ քանակութեամբ, որպէսզի կարելի ըլլար ամեն տեղ ցրուել: Ինք այնպէս կը կարծէր, թէ 50 000 ֆրանքի գումար մը կը բաւէ այս ձեռնարկին համար: Բայց այդ գումարով հազիւ թէ կարելի պիտի ըլլար Երեւան բերել երբեմնի «Pro-Armeniaw-ին կամ Տիար Տէր-Ստեփանեանի կողմէ Իտալիոյ մէջ հրատարակուած պատուական «Armeniaw-ին նման թերթ մը, որ սահմանափակ ծաւալում մը պիտի ունենար եւ մասնաւոր դատերու նուիրուած հարիւրաւոր փոքրիկ պաշտօնաթերթերու նման շատ քիչ պիտի կարդացուէր եւրոպական հասարակութենէն: Մինչդեռ այն մեծ օրկանին համար, որուն հրատարակութիւնը կը փափաքէր Տիար Տէր-Ստեփանեան, շատ խոշոր գումար մը պէտք էր:

Տիար Տէր-Ստեփանեան. Ես 50 000 ֆրանք առաջարկեցի քանի մը ամսուան համար, յետոյ՝ մեր հարուստները սովորաբար լայնօրէն կը նպաստեն՝ եթէ բրոբականտի համար իրենց կը դիմուի: Կարելի էր կարեւոր գումար մը հաւաքել այդ նպատակին համար:

Տիար Տոքթ. Նեւրուզ. ճիշդ այսօր նամակ մը սւոացայ Զուիցերիայէն, որուն մէջ կը ծանուցանեն, թէ տեղւոյն հայ հարուստները որոշած են այլեւս սանթիմ մը անգամ չտալ բրոբականտի համար:

Տիար Չօպանեան. Լոնտոնի մէջ բրոբականտի ամէնաանհրաժեշտ պէտք մը ծագեցաւ, երբ այնտեղ էինք: Տեղւոյն հարուստները խոստացան 2000 ոսկի տալ այդ նպատակին, բայց մինչեւ այսօր բան մըն ալ չըրին: Միայն Մանչեսթրի հայերն էին, որ իրենց խոստումը կատարեցին:

Տիար Ֆնտգլեան. Մանչեսթրը 4000 ոսկի խոստացաւ, եւ 3700-ը տուած է արդէն:

Տիար Չօպանեան. Բրոբականտի Յանձնախումբը միջոց չունէր ուրեմն ընելու այն մեծատարած եւ փայլուն բրոբականտը, որ պէտք էր ըլլար: Յանձնախումբը գիտէր, թէ ի՛նչ պէտք է ընել, բայց դրամը միշտ պակսեցաւ, եւ ըրաւ այն, ինչ որ կարելի էր ընել: Bulletin-ը բազմաթիւ յօդուածներ չէր կրնար հրատարակել, տեղեկատու թերթ մըն էր, որ նոյնպէս իր օգտակարութիւնն ունեցաւ: Տիար Տէր-Ստեփանեան մեղադրեց, թէ Ծերակոյտի եւ Երեսփոխանական ժողովին անդամներում չէ ղրկուած պէտք եղածին չափ: Բայց կրնայ վստահ ըլլալ, որ բոլոր կարեւոր պնձնաւորութեանց ղրկուեցաւ, օրինակի համար՝ Արտաքին Գործոց Յանձնաժողովին բոլոր անդամները կը ստանային զայն: Յետոյ սխալ է, թէ մեծ մասամբ հայոց կը ղրկուէր: Շատ քիչ հայեր միայն կը ստանային Bulletin-ը:

Տիար Տէր-Ստեփանեան. Կարելի էր շատ աւելի տպել եւ տարածել:

Տիար Հանըմեան. Կարգ մը պրոշիւրներ տպուած են աւելի քան 3000 օրինակ եւ ղրկուած են բոլոր կարեւոր անձերու: Իսկ հայերու չեն ղրկուած գրեթէ բնաւ:

Տիար Չօպանեան. Մեղադրեցին նաեւ Բրոբականտի Յանձնախումբը, թէ պէտք եղած յօդուածները չէ կրցած հրատարակել տալ տեղական թերթերու մէջ Հայկական Դատին նկատմամբ: Սակայն ճիշդ չէ ասիկա: Ահագին թուով յօդուածներ հրատարակուած են, ինչպէս հետաքրքիրները կրնան տեսնել Տիար Հանըմեանի մօտ, որ կը հաւաքէ այդ հրատարակութիւնները: Լայն միջոցներ չունէինք քաղաքական մեծ թերթեր ձեռք առնելու համար, բայց շատ լուրջ եւ տարածուած թերթեր շարունակ ամէնանպաստատր հրատարակութիւններ ըրին մեր դատին համար,փնչպէս օրինակի համար L’Homme Libre, որ Պ. Քլէմանսոյի օրկանն է, Radical, Figaro, Democratic Nouvelle, La Croix, L’Ere Nouvelle, եւ այլն, եւ այլն: Կը յիշեմ նաեւ մեծ օրաթերթ մը «Journal des Debatsw-ն, որուն քաղաքական բաժնին խմբագրող Պ. Օկիւսթ Կովէն,