Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/605

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

«Պոսթըն, 9 Յանիս 1920. Վերակազմեալ Հնչակեան եւ Ազգ. Ռամկավար Կոաակցութեանց Ամերիկայի Կեդր. Քոմիթէները, նկատի ունենալով Կիլիկիոյ խնդիրը, իրենց հաւաքական ժողովին մէջ որոշեցին ստիպողաբար խնդրել Համագումարն՝ հաստատ մնալ Կիլիկան իր նախկին բոնաւորին յանձնելու քաղաքականութեան դէմ: Հայերը չեն կրնար ընդունիլ ո՛չ մէկ որոշում, որ կանտեսէ հայոց իրաւունքը Կիլիկիոյ մէջ: Ի գործ դրէք ամեն ոյժ՝ Դաշնակից պետութեանց մօտ, ապահովելու համար հայ կամաւորներու Կիլիկիա երթը:

Ծովիկեան, Տեքիճեան».

Վսեմ. Տիար Գ. Նորատունկեան. Այս խնդիրը կապ ունի յառաջիկային Պատուիրակութեան տրուելիք տիրէքթիւներուն հետ, եւ պէտք է անցնի օրակարգին: Բայց եթէ Համագումարդ փափաքի, կրնանք այսօր իսկ կարծիքի փոխանակութիւններ ընել անոր մասին:

Տիար Գառնիկ Ֆնտգլեան. Այս հեռագրին յարուցած խնդիրը շատ ծանրակշիռ է եւ մասնաւոր այժմէութիւն մը կը ստանայ այսօրուան թերթերու այն հրատարակութեանց վրայ, որոնց համեմատ՝ Պ. Միլըրան ծանուցեր է, թէ Ֆրանսա պիտի պարպէ Կիլիկիան, վերապահելով լոկ տնտեսական իրաւասութիւններ եւ երկրին վարչութեան ու կպրգապահութեան հոգը թողլով Թուրքիոյ, այն Թուրքիային, որուն կարգապահութիւնը շատ լաւ գիտենք, թէ ջարդերու յանգած է սովորաբար: Ասիկա պարզապէս լքումն է հայոց պաշտպանութեան, մինչդեռ Ֆրանսա դեռ վերջերս յայտարարած էր, թէ ինք ձեռնթափ չի կրնար ըլլալ Կիլիկիայէն, քանի որ հոն քրիստոնեայ տարրերը պաշտպանելու պարտականութիւնը ստանծնած է: Պէտք է այժմէն, առանց ժամանակ կորսնցնելու, ամեն կարգի դիմումներ կատարել եւ պահանջել, որ ետ առնուի այդ որոշումը, եւ կամ ըլլայ այն տեսակ կարգադրութիւն մը, որուն մէջ նկատի առնոփ նաեւ հայոց կեանքին ապահովութեան կենսական հարցը:

Տիար Ա. Չօպանեան. Կը փութամ յայտնել, թէ Ազգ. Պատուիրակութիւնը, նոյնիսկ այդ հրատարակութիւններէն առաջ որոշած էր դիմում ընել: Ասիկա պարտականութիւն մըն է, զոր այսօրուան թերթերու լուրերը բոլորովին հարկեցուցիչ կը դարձնեն: Կրնաք վստահ ըլլալ, որ Պատուիրակութիւնը չպիտի թերանայ այդ մասին : Կը կարծեմ նոյնիսկ, թէ այդ դիմումը պէտք է ընել ո՛չ միայն ֆրանսական կառավարութեան, այլ միա բոլոր Դաշնակից պետութեանց ալ, քանի որ անոնք՝ վերջին անցքերուն առթիւ, երբ իրենց պաշտպանութիւնը հայցեցինք Կիլիկիոյ հայոց համար, մեզի ըսին, թէ պէտք է Ֆրանսայի դիմենք: Միչդեռ այսօր ֆրանսացիք' ահա կը լքեն Կիլիկիան: Բայց կը կարծեմ, որ այս մասին պարտք կը ծանրանայ նաեւ Համագումարին վրայ. ինք ալ պէտք է խորհրդակցի այս խնդրին նկատմամբ, եւ հանդիսաւորապէս արտայայտոփ տէրութեանց մօտ:

Տիար Վահան Թէքեան. Տիար Չօպանեան զիս կանխեց. պիտի ըսէի այն, ինչ որ ըսաւ: Ֆրանսական կառավարութեան այս որոշումը կը ստեղծէ նոր կացութիւն մը, չափազանց վրդովիչ ու վտանգաւոր եւ նոր հարց մը կը դնէ Պատ -թեան առջեւ: Ատիկա Կիլիկիոյ ապագային հարցն է: Ֆրանսացտց քաշուելուն հետեւանքով՝ Կիլիկիա կը վերադառնայ իր նախկին դրութեան: Եթէ այս կացութեան հանդէպ դիմում մը ընելով պիտի բաւականանք, չեմ կարծեր, որ մեր պարտքը կատարած ըլլանք: Համամիտ եմ, որ Համագումարը նոյնպէս զբաղեր այս խնդրով, եւ որոշ ուղղութիւն մը տար Պատուիրակութեան: Այս աշխատակցութիւնը կ՛ըմբռնեմ շատ լայն առումով մը: Տրուելիք նոր տիրէքթիւներու կարգին հապճեպ որոշում մը տալով՝ Համագումարը ոչինչ ըրած պիտի ըլլայ. Պէտք է ամբողջ նիստեր յաքթացուին այս խնդրին, բոլորովին տարբեր ոգիով մը: Պէտք է, որ ամէնքս ալ բացարձակապէս սերտ ազգ. միութեամբ եւ համերաշխությամբ խմբուինք այս հարցին շուրջ: էականը սա է, որ որոշ քաղաքականութիւն մը ունենանք Կիլիկիոյ մասին: Ի՞նչ պիտի ըլլայ այդ քաղաքականութիւնը: Դաշնակիցներու կողմէ այսպէս լքուելէ վերջ, թերեւս հարկ ըլլայ սոսկ մեր ոյժերուն վրայ հիմնուած քաղաքականութեան մը հետեւիլ: Այնտեղ ոյժեր