Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/606

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

կան արդէն: Կրնայ պէտք տեսնոփլ զէնքի, ռազմամթերքի հայթայթումով այդ ոյժերը զօրացնելու եւ այդ նպատակով դրամ հաւաքելու, ո՛չ թէ այսօրունէ իսկ Կիլիկիան ապստամբութեան մղելու համար, այլ՝ պատրաստելու համար այն տեսակ վիճակ մը, որպէսզի թուրքին առջեւ խոնարհելու եւ թրքական ծանօթ պայմաններուն ենթարկուելու դառն հարկը վերնայ մեր ազգակիցներուն վրայէն: Եթէ Կիլիկիան Հայաստանի թոքն է, ինչպէս ըսի, անհրաժեշտ է, որ այդ թոքը ազատ մնայ ոեւէ սպանիչ ճնշումէ:

Տիար Զաքարիա Պզտիկեան. Կիլիկիոյ հարցը երկու որոշ երեւոյթ ունի: Նախ՝ որ Կիլիկիա, ինչպէս ցոյց կու տայ դաշնագրին ընկերացող քարտէսը, երկու մասի կը բաժնուի. մէկ մասը կը մնայ Թուրքիոյ եւ միւս մասը կենթարկուի Ֆրանսայի հոգատարութեան՝ կցուելով Սուրիոյ: Միւս երեւույթը այս օրուան թերթերու կողմէ տրուած լուրերում հետեւանքով անհրաժեշտ դարձած գրաւման խնդիրն է: Դաշնակից պետութիւնները յանձն առած էին հայ ժողովուրդին պաշտպանութեան համար Կիլիկիան գրաւել մինչեւ դաշնագրին ստորագրութիւնը: Այսօր կը տեսնենք, թէ Ֆրանսա, որ այդ յանձնառութիւնը ստանձնած էր Կիլիկիոյ մէջ, կը հեռանայ այնտեղէն՝ առանց սպասելու դաշնագրին ստորագրութեանը եւ գործադրութեանը: Երբ մենք բողոքեցինք Կիլիկիոյ անապահովութեան եւ կոտորածներում դէմ, պարզելով այն վտանգաւոր դրութիւնը, որուն մատնուած է այնտեղի հայութիւնը, մեզի միշտ ըսին, որ եթէ նոյնիսկ ստիպուին պարպել Կիլիկիան, գոնէ մինչեւ դաշնագրին ստորագրութիւնը պիտի շարունակեն գրաւումը, եւ պարպելէ առաջ ալ՝ անհրաժեշտ ամեն միջոց ձեռք պիտի առնեն հայ ժողովուրդին ապահովութեան համար: Տակաւին դաշնագիրը չէ ստորագրուած, բայց ամեն բան ցոյց կու տայ, թէ ֆրանսացիք պիտի պարպեն Կիլիկիան: Եթէ իրօք տեղի ունենայ ասիկա, ի՞նչ պիտի ըլլայ մեր ժողովուրդին դրութիւնը: Թուրքերը մեծապէս լարուած են հայոց դէմ: Ամիսներէ ի վեր տեսակ մը պատերազմական վիճակ գոյութիւն ունի իրենց եւ հայոց միջեւ: Բնականաբար, իրենք ալ զոհեր տուած են եւ վրէժխկդրութեան զգացումով կրնան լեցուած ըլլալ: Եթէ ֆրանսական զինուորները մեկնին, հաւանաբար տեղի պիտի ունենան շատ անախորժ դէպքեր: Ի՞նչ պիտի ընենք այս կացութեան հանդէպ: Դաշնակիցներէն լքուած ըլլալով, թերեւս մեզի համար իմաստութիւն մը ըլլայ ուղղակի թուրքերում հետ համաձայնութեան մը գալու, թէ՛ հայ ժողովուրդը փրկելու եւ թէ՛ Կիլիկիոյ համար տեղական ինքնավարութեան հիման վրայ մասնաւոր ռեժիմ մը հաստատել տալու համար: Ասիկա ծանր խնդիր մըն է անշուշտ ամէնուս ալ համար, բայց այս վրդովիչ կացութիւնը հարկեցուցիչ կը դարձնէն զայն: Միւս կողմէ՝ պէտք է, որ Պատուիրակութիւնը բողոքէ Կիլիկիոյ երկու մասի բաժնուելուն, ինչպէս պարպուելուն դէմ: ժամանակ կորսնցնելու չէ ասոր համար, որովհետեւ թուրքերը առ հասարակ թշնամական զգացումներով լեցուած են հայոց դէմ. արդէն միշտ գէշ աչքով կը տեսնէին թէ՛ Ազգ. Միութեան եւ թէ՛ կուսակցութեանց գործունէութիւնը: Հազիւ ֆրանսացիք մեկնած, կրնան ջարդեր տեղի ունենալ: Եւ յետոյ, միջոց մը պէտք է խորհիլ այս անգամուան դիմումները արդիւնաւոր դարձնելու համար: Լոնտոն ալ դիմումներ եղան, բայց վստահ եմ, որ արձանագրուեցան լոկ, առանց ոչինչ ընելու: Աշխատելու է, որ այս բախտը չվիճակուի նաեւ կատարուելիք նոր դիմումներուն:

Տիար Ա. Չօպանեան. Եղածը իսկապէս վրդովիչ, զայրացուցիչ է, դրժումն է այն բոլոր խոստումներուն, որոնք եղան մեր դիմումներուն: Կիլիկիան պարպելու այս որոշումը նոր չէ: Պատուիրակութիւնը շատ անգամներ ֆրանսական կառավարութեան դիմելով պարզեց այն բոլոր վտանգները, որոնց կրնային ենթարկուիլ Կիլիկիոյ հայերը՝ եթէ ֆրանսական զինուորները քաշուէին: Միշտ ապահովցուցին մէզ, թէ Կիլիկիա Թուրքիոյ կատարեալ տիրապետութեան չպիտի վերադարծուի, պիտի օժտուի մասնաւոր ռեժիմով մը եւ գրաւումը պիտի տեւէ մինչեւ դաշնագրին ստորագրութիւնը: Այսօր, անակնկալ կերպով կը լսենք, թէ արդէն իսկ սկսած են պարպել, ստեղծելով կացութիւն մը, որ կրնայ աղիտաբեր դառնալ մեր