Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/646

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Տիար Տոքթ. Ա. Բարսեղեան. Պատգամաւորներու ներկայութեան տոմարին մէջ անդամներու թիլը իջած է 26-ի, մինչդեռ Համագումարին կողմէ տրուած որոշումներով հրաժարած նկատուողները 12-ի չհասան, որպէսզի լրանայ անցեալ տարուան 38 թիլը: Պատահմամբ աչքիս զարկաւ, որ Համագումարի հրաւէրը անպատասխան ձգողներէն մէկ քանին հանուած են այդ ցանկէն, մինչդեռ ուրիշներ կը մնան: Այս իրողութեան հետեւանքով ալ մեծամասնութեան խնդիրը անորոշ ձեւ մը առած է: Առաջին անգամ հրաժարականները նկատի առնուելէ ետքը, 17-ը ընդունուեցաւ իբր մեծամասնութեան թիւ. յետոյ թէեւ նոր հրաժարողներ եղան, բայց նոր ընտրութիւններն ալ վաւերացուեցան եւ նոր ճշդում մը չեղած վերջին օրերս մենք սկսանք մեծամասնութիւն փնտռել ցանկին մէջ նշանակուած 26 անուններուն վրայ: Ասիկա, իմ կարծիքովս անկանոնութիւն մըն է, որու մասին ուշադրութիւնը կը հրաւիրեմ թէ՛ Դիւանին եւ թէ՛ ժոդովին:

Տիար Տէր-Ստեփանեան. Կ՚առաջարկեմ Համագումարի հրաւէրը անպատասխանի թողողները պահել ցանկին մէջ, բայց քուէարկութեանց ընթացքին նկատի չառնել զանոնք, ինչպէս նկատի չենք առներ հրաժարեալները: Իսկ անոնք, որ այս Համագումարին կամքէն անկախ բղխող պատճառով մը բացակայ են, բնական է՝ կը մնան անղամ:

Տիար Վահան Թէքէեան. Կան կարգ մը անդամներ, որոնք իրենց կամքովը չեն մասնակցած Համագումարին, իրենք միակ դատաւորը եղած են իրենց բացակայութեան: Եթէ անոնց թիլը կէսէն աւելի ըլլար, Համագումարը պիտի դատապարտուէր անշարժութեան: Նոյնիսկ չպիտի կրնար գումարուիլ: Բոլորովին տարբեր է, օրինակի համար, Պուլկարիոյ եւ Ամերիկայի պատգամաւորներու պարագան, անոնք կա մ հրաժարած են որոշ պատճառաբանութիւններով եւ կամ հրաժարեցուած են զիրենք ընտրող մարմիններու կողմէ: Բայց միւսները բնաւ բան մը չեն ըսած իրենց բացակայութեան մասին: Բարեբախտաբար ասոնց թիլը կէսէն աւելի չէ: Ասոնք երբեք իրաւունք չունէին առանց լուր տալու, առանց պատճառաբանելու բացակայիլ, քանի որ անցեալ տարի իրենց հաւանութեամբ տրուեցաւ Համագումարի երկրորդ նստաշրջանը գումարելու որոշումը: Իրենց կողմէ սխալ մը, յանցանք մըն է ասիկա: Ուրիշ պատգամաւորներ եկեր են ու կը մասնակցին այս Համաժողովին, պէ՞տք է, որ իրենց գործունէութիւնը խաւիանուի մնացեալներուն յանցանքին պատճառաւ: Ոչ անշուշտ: Ուրեմն, պէտք է, որ նկատի չառնենք առանց պատասխան տալու բացակայ եղողները եւ մեր գործը շարունակենք: Մանաւանդ որ ընդհանուր պատգամաւորներու կեսին մէկ աւելին ներկայ է: Եթէ զանոնք հաշուի առնէինք եւ մեր մեծամասնութիւնը ըստ այնմ որոշէինք, պարգապէս անկարգութեան պարգեւ մը տուած պիտի ըլլայինք:

Տիար Ա. Հանըմեան. Չենք անդրադառնար սակայն, որ հետզհետէ կը նուագեցնէինք մեծամասնութեան թիլը: Պէտք է վերջնականապէս որոշենք, թէ մինչեւ ո՞ւր կրնանք առաջ տանիլ այդ նուազեցումը: Եթէ օր մը այստեղ միայն չորս հոգի մնան, քանի որ շարունակ մեկնողներ կ՛ըլլան, պիտի կրնանք այդ չորս հոգիով որոշում տալ:

Տիար Վահան Թէքէեան. Բնականաբար, ամեն անոնք, որոնք անգամ մը ներկայ գտնուած են, կը հաշուէին մեծամասնութեան որոշման առթիւ:

Տիար Ա. Բարսեղեան. Համագումարին իրական թիլը 38 էր, ուրեմն՝ մեծամասնութիւնը պէտք է ըլլայ 20 թիլը: Անկե պակասով եղած ամեն գործողութիւն, ըստ իս, կամայականութիւն է:

Հաշուուեցաւ, թէ Համագումարին այս նստաշրջանին մասնակցած են նախորղ անդամներէն 19 հոգի

1. Ամեն. Դուրեան Արքեպիսկոպոս

Տիարք

2. Աղաթօն Պէյ