Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/645

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

փափաք յայտնած էի, բացորոշ կերպով ըսած է, թէ ինչո՞ւ իր խորհրդատուութեան մէջ չէ յիշատակած Տիար Թէրզիպաշեանի հարցարանը:

Գ. Նամակ Պ. տը լա Բրատէլի առ Վսեմ. Պօղոս Փաշա Նուպար.

Փարիզ, 15 Յունիս 1920.

Վսեմ. Պօղոս Փաշա Նուպար,

Նախագահ Հայ Ազգ. Պատոփրակութեան

12 Avenue de President Wilson,

Paris.

Վսեմափայլ Տիար,

Այն միջոցին, ուր կը խմբագրէի խորհրդատուութեան գիրը, որ ձեր մօտն է եւ որուն սրբւսգրուած ու ստորագրուած մէկ օրինակը շուտով պիտի ղրկեմ Ձեզի, աչքի առջեւ ունէի Տիար Թէրզիպաշեանի պատճառաբանութիւնը. ո՜չ ոք պիտի տարակուսի այս մասին, կարդալով խորհրդատուութեան գիրը: Ամէնամեծ խնամքով քննեցի իր կողմէ ներկայացուած պատճառները եւ անոնցմէ ո՜չ մէկը համոզեց զիս: Հաճեցէ՛ք ընդունիր Վսեմ. Տիար, իմ ամէնաանձնուէր զգացմանցս հաւաստիքը:

տը լա Բրատէլ

Վսեմ. Պօղոս Փաշա Նուպար. Այսպէս ուրեմն երեք նշանաւոր իրաւագէտներ նախ Պ. Պարթէլէմի, յետոյ Պ. Մանտելշթամ եւ ի վերջոյ Պ. տը լա Բրատէլ, որոնց խորհրդակցութեան դիմեցինք, կը հերքեն Տիար Թէրզիպաշեանի թէզը, թե կրնայինք հատուցում ստանալ Գերմանիայէն եւ փոյթ չենք ըրած ստանալու:

Այս է այն խնդիրներէն մէկը, որուն համար անձնապէս յարձակմանց նշաւակ եղայ:

Տիար Ա. Թէրզիպաշեան. Ես նախ պէտք է յայտնեմ, որ անձի հետ գործ չեմ ունեցած, ես քննադատած եմ Պատուիրակութիւնը, առանց անձի խօսք ընելու, չեմ փափաքիր, որ իմ ընթացքս սխալ մեկնուի: Յետոյ, որպէսզի Պ. Նախագահին խօսքերը առանց պատասխանի մնալով որոշ տպաւորոլթիւն չթողուն, հակառակ որ այդ հարցը օրակարգի վրայ չէ, կ՛ըսեմ, որ ես սկիգբին Գերմանական տուգանքին բաժին պահանջելու թէգը դրած եմ ո՛չ թէ օրէնքի ձեւականութեան վրայ, այլ՝ օրենքի ոգիին, բարոյականին վրայ: Մեր մէջ կարծեմ չկայ մէկը, որ ստանայ մեր բարոյական իրաւունքը. չկայ մէկը, որ մոռցած ըլլայ, թէ Դաշնակիցները պաշտօնապէս եւ տասնեակ անգամներ ի լուր աշխարհի հռչակած են, թէ Պելճիքայի, Սերպիոյ եւ Հայաստանի վերականգնումը իրենց յադթանակին նպատակներէն մէկն է: Անոնք չդադրեցան Գերմանիան վարկաբեկելէ հայկական ջարդերում համար: Այսօր՝ երբ Հայաստան աւերակներու կոյտ մը դարձած է, Դաշնակիցները կը ստանան 100 միլիառ, Պելճիքայի բաժին կու տան, Սերպիոյ բաժին կու տան, իսկ Հայաստանին ոչ: Ո՛չ, որովհետեւ չե՛նք ուզեր ստանալ: Դաշնակիցները մեր վիճակը գիտեն, մեզմէ պիւտճէ ուզած են մեզի օգնելու համար: Մենք օգնութեան անունով կ՛ուզենք, բայց իրաւունքով ոչ: Խորհրդատուութիւն կատարող իրաւագէտներէն Պ. Պարթէլէմի իսկ հաստատած է մեր բնական իրաւունքը: Քանի որ Գերմանիա Վերսայլի Դաշնագրին 231-րդ յօդուածով խոստովանած է, թէ ինք է պատճառը պատերազմին աղէտներուն զորս, յանձն կ առնէ դարմանել. ես դարձեալ կը պնդեմ, որ մենք պէտք է պահանջենք մեր հատուցման բաժինը, մեր իրաւունքին ամբողջ բարոյական ոյժովը:

3. Խնդիր Մեծամասնութեան

Ազգ. Համագումարի