Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/648

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Համագումարի հրաւէրը, ինչպէս նաեւ նոր ընտրոտղներէն երկուքը Գեր. Մուշեղ Արքեպիսկ. եւ Բրօֆ. Լեւոնեան, որոնք բնաւ չեն ներկայացած, եւ որոնց գալուն յոյս ալ չկայ այլեւս, եւ նկատի առնել, քուէարկութեանց պահ, նախորդ պատգամաւորներէն լոկ 19 ներկաներն ու նոր ընտրուող պատգամաւորներէն մնացեալ երեքը. Այս առաջարկութեան համեմատ՝ Համագումարի երկրորդ նստաշրջանին անդամներու ընդհանուր թիլը կը հասնէր 22-ի եւ մեծամասնութեան թիլն ալ կ՛ըլլար 12-ը: Կարճատել վիճաբանութենէ մը ետք, 16 պատգամաւորներու ներկայութեան, ընդունուեցաւ 12 ձայնի մեծամասնութեամբ:


ՕՐԱԿԱՐԳ

1. Վերակազմութիւն Ազգ. Պատուիրակութեան

Համագումարը անցաւ Ազգ. Պատուիրակության վերակազմումի խնդրին եւ կարդացուեցաւ Պատուիրակության Նախագահ Վսեմ. Պօղոս Փաշա Նուպարի կողմէ Դիւանին ուղղուած հետեւեալ նամակը.

Փարիզ, 17 Յանիս 1920.

Տիար Նախագահ

Հայ Ազգ. Համագումարին,

Տիար Նախագահ,

Ինծի հաղորդուեցաւ այն վստահութեան բանաձեւը, զոր Համագումարը քուէարկած էր երէկ:

Իմ եւ ինծի պէս հրաժարած իմ պաշտօնակիցներուս անունով պատիւ ունիմ Համագումարին ներկայացնելու մեր ամէնախոր շնորհակալութիւնները Պատուիրակութեան գործունէութեան մասին յայտնուած այս հաւանութեան արտայայտութեան համար:

Ամեն բանէ աւելի կ՛ուզեմ իմ ամէնաբուռն երախտագիտութիւնս յայտնել անձնապէս ինծի համար միածայնութեամբ քուէարկուած այն բանաձեւին համար զոր Ամեն. Դուրեան մերժեց, եւ Համագումարի Դիւանը հաճեցաւ ինծի յանձնել եւ որուն մէջ իմ ծառայութեանցս մասին եղած գնահատութիւնը, որ այնքան բարձր է բադդատմամբ իմ տկար արժանիքիս, խորապէս յուզեց զիս:

Համագումարին կը մնայ հիմա նոր Ազգ. Պատոփրակութիւն մը անուանել եւ անոր տիրէքթիւներ տալ: Ասիկա պէտք է ընել կացութիւնն ու Թուրքիոյ տրուած Խաղաղութեան Դաշնագիրը խորապէս քննելէ վերջ միայն, քննութիւն որուն մասնակցիլը իբր անդամ Համագումարի, ինծի պարտականաթիւն մը պիտի նկատեմ, նոյնիսկ առաջին նիստէն, որ անոր պիտի նոփրոփ, եւ որ կարծեմ պիտի գումարուի վաղը Ուրբաթ:

Բայց անհրաժեշտ կը նկատեմ նախապէս տեսակցութիւն մը ունենալ Ձեզի եւ այն միւս անդամներուն հետ, որոնց ընկերակցութեամբ Երեքշաբթի ինծի այցելելու պատիւը ըրիք: Շնորհապարտ պիտի մնամ, ուրեմն, Ձեզի եթէ հաճիք իմացնել, թէ ո՞ր ժամուն, կարելիութեան պարագային՝ այսօր եւ կամ վաղը առտուն, պիտի կրնամ պատիւը ունենալ Ձեզ գտնելու մեր պաշտօնատեղին Պօքատոր փողոց:

Ընդունեցէք, Տիար Նախագահ, իմ անձնուէր զգացմանցս հաւաստիքը:

Պօղոս Նուպար

Նախ. Վսեմ. Գ. Նորատունկեան յայտնեց, թէ այս նամակը ստացած էր երէկ, բայց անկարելի ըլլալով անոր մէջ յիշուած անդամներուն լուր տալ նոյն օրն իսկ, տեսակցութիւնը տեղի ունեցած էր այս առտու: Ն. Վսեմութիւնը հրափրեց Պատուիրակութեան Վսեմ. Նախագահը, որ հաճի անձամբ բացատրել այդ տեսակցութեան շարժառիթը: