Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/649

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

Վսեմ. Պօղոս Փաշա Նուպար. Ինչպէս պատիւ ունեցայ յայտնելու այս առտուան մեր տեսակցութեան միջոցին, կը կրկնեմ նաեւ այստեղ, թէ իմ հրաժարականիս ամէնէն էական պատճառը անձնական առողջական վիճակս էր: Այն դժուարին գործը, որ իմ վրաս կը ծանրանար տարիներէ ի վեր, կը պահանջէր տաժանագին աշխատութիւն մը, զոր սիրով տարի, որքան ատեն որ ոյժերս ներեցին: Բայց կը վստահեցնեմ ձեզ, որ բացարձակապէս յոգնած կը զգամ ինքզինքս, եւ թէ բացարձակապէս անկարելի է, որ ասկէ ետքը կարենամ աշխատիլ այն կորովով ու աւիւնով որով կ՚աշխատէի եօթ տարիէ՚ի վեր. Կը վստահեցնեմ ձեզ նոյնպէս, թէ շատոնց մտադիր էի հրաժարիլ այղ միեւնոյն պատճառաւ, եւ արդէն իսկ հրաժարած կըլլայի մինչեւ այսօր, եթէ այն յոյսը, թէ մեր հետապնդած դատը իր լուծման կը յանգի շուտով, ինծի գրգիռ մը չըլլար, տակաւին ատեն մըն ալ տոկալու: Գիտէք արդէն. թէ բախտ չունեցանք այդ յոյսն իրականացած տեսնելու: Նպատակը, որուն կը ձգտինք, շարունակ խոաափեցաւ քանի եռանդով կ՚աշխատէինք անոր հասնելու: Մինչդեռ կը կարծէինք, թէ երկու-երեք ամսուան խնդիր մըն է, ահա տարի ու կէս անցաւ եւ չհասաւ իր լուծման: Դժբախտաբար, նոյնիսկ այսօր հաւանականութիւն չկայ, թէ մօտաւոր լուծում մը կը գտնէ թրքական հարցը որուն կապուած է մեր դատը: Այդ լուծումը օրերու խնդիր մը չէ, այլ՝ ամիսներու: Եւ ես չեմ՛ կրնար տոկալ այլեւս. ոյժերս չեն ներեր, բացարձակապէս յոգնած եմ ու հիւանդ, հետեւաբար ինքզինքս անկարող կը զգամ տակաւին երկար միջոց մըն ալ տանելու այն սպառիչ աշխատութիւնը, որուն լծուած էի տարիներէ ի վեր: Թերեւս կարենամ նոր ճիգ մը ընել, եւ տակաւին ատեն մըն ալ մնալ պատնէշին վրայ, բայց վստահ եմ, որ այդ ճիգը բաւարար չպիտի ըլլայ եւ չպիտի կրնամ խղճի հանդարտութեամբ ըսել, թէ աշխատեցայ այնպէս, ինչպէս պարտաւոր էի, ինչպէս աշխատած էի մինչեւ այսօր: Պիտի խնդրեմ ձեգմէ, որ անձնական տեսակէտները մէկ կողմ թողուք, նկատի առնէք լոկ մեր դատը եւ անոր փրկութեան մեծ պարտականութիւնը: Եւ այդ պարտականութեան հատուցման համար անհրաժեշտ է, որ այս դժուարին գործը ստանձնէ այն տեսակ անձնատրութիւն մը, որ ո՜չ միայն կարող ըլլայ, այլ մանաւանդ՝ ի վիճակի ըլլայ իր բովանդակ էութեամբ անոր նոփրուելու: Կը կրկնեմ դարծեալ, թէ իմ առողջական վիճակս չի ներեր ինծի այդ բանը ընելու: Կրնաք վստահ ըլլալ, որ ձեւի համար չեմ ըսեր ասիկա, ինչ աշխատութիւն, որ երբեմն մէկ ժամուան մէջ կ՚ընէի, հիմա հագիւ կրնամ գլուխ հանել երկու, երբեմն նոյնիսկ երեք ժամուան մէջ: Եւ մեր դատը այսօր մատնուած է այն տեսակ դրութեան մը, որ ուրիշ ատենէ աւելի եռանդ, ուրիշ ամէն ատենէ աւելի աշխատութիւն ու կորով կը պահանջէ: Ասիկա ըսելէ վերջ իմ ամենախոր երախտագիտութիւնս կը յայտնեմ այն վստահութեան արտայայտութեան համար, զոր միաձայնութեամբ քուեարկեր էիք իմ եօթ տարուան գործանէութեան մասին, ինչպէս նաեւ այն պատուին համար, որուն առարկայ դարձուցիք զիս Ամեն. Դուրեան Արքեպիսկոպոսէ եւ Դիւանէն կազմուած մասնաւոր պատգամաւորութեամբ մը այդ բանաձեւը ինծի ղրկելով: Կրնաք վստահ ըլլալ, որ գնահատութեան այս արտայայտութիւնները խորապէս յուզած են զիս: Անգամ մըն ալ շնորհակալութիւն կը յայտնեմ այդ մասին եւ կը խնդրեմ, որ Համագումարը նկատի առնելով իմ առողջական վիճակս, նկատի առնելով մանաւանդ պարագաներում բազմապահանջ դրութիւնը, փութայ իսկոյն իմ տեղս ընտրելու ուրիշ անձնաւորութիւն մը, նորանոր ղժուարութիւններով եւ աւելի ծանրացած այս աշխատութիւնը տանելու համար: Համագումարը այս գործը պէտք է լրացնէ ցրուելէ առաջ, պէտք է ընտրէ նոր Պատուիրակութիւն մը եւ նոր տիրէքթիւներ տայ անոր: Որովհետեւ նոր կացութեան մը դէմն ենք, պէտք է նոր ծրագիր եւ նոր գործունէութիւն, պէտք են նաեւ նոր դիմումներ, եւ անոնց ամէնուն համար պէտք են նոր մարդիկ, որոնք յոգնած չըլլան ու կարենան եռանդով փարիլ պահանջուած դժուարին աշխաւոութեան:

Տիար Վ. Թէքէեան. Պզտիկ ճշդում մը պիտի ընեմ Պատուիրակութեան Նախագահին խօսքերէն ետք: Ոչ թէ պէտք է նախ Պատոփրակութիւնը ընտրել եւ յետոյ