Էջ:Հակահայկական խորհրդատվություններ (1912-1920թ․թ․).djvu/712

Վիքիդարանից՝ ազատ գրադարանից
Այս էջը սրբագրված է

իշխանութիւնները ինչպէ՞ս կրնան քաշուիլ, երբ գիտեն, թէ այդ պատճաոաւ հայ ժողովուրդը պիտի մնայ թուրքերում ձեռքը, ինչ որ կրնայ շատ ծանր ու աղիտալի հետեւանքներ ունենալ: Գնդապետը պատասխանեց, թէ վերջը դարձեալ պիտի գան: Բայց մինչեւ ձեր վերադարձը հայ մնացած կըլլա՞յ, հարցուցի: Ատոր վրայ՝ Գնդապետ Նորման յայտնեց, թէ ֆրանսական ոյժերը պիտի քաշուին՝ թուքերում լալ դաս մը տալէ վերջ միայն: Կ՛ուզենք, ըսաւ, նախ մեծ յաղթանակ մը տանիլ իրենց վրայ՛ մեր բարոյական ազդեցութիւնը հաստատելու համար Սիսին մէջ, որպէսզի թուրք տարրը այլեւս չփորձէ դիմադրել, երբ վերադառնանք Կիլիկիա: Գնդապետը յայտնեց նաեւ, թէ վերջին խօսքը Զօրավար Կուրոյի թողուած է եւ թէ Զօրավարը պիտի որոշէ Կիլիկիան պարպելու կամ չպարպելու հարցը: Ամեն պարագայի մէջ՝ Գնդապետը կրկնեց, որ եթէ պարպելու պէտք ըլլայ, ֆրանսական դրօշին պատիւը բարձր պահելու, համար, փայլուն յաղթանակէ մը ետք միայն տեղի պիտի ունենայ պարպումը: Մեր տեսակցութեան միջոցին խօսք դարձաւ նաեւ Պատերազմական Նախարարութեան այն լայն զեկոյցին վրայ, որով ծանուցուած էր, թէ Ուրֆայի պարպումին ժամանակ տեղւոյն հայերը թուրքերուն միացեր են եւ թէ կտրեր են ֆրանսական բանակին տրուած պարէնը: Գնդապետ Նորման ըսաւ, թէ բացարձակապէս սխալ է այս լուրը, եւ ցաւ յայտնեց այդ իմաստով եղած հրատարակութեանց մասին: Ես միայն, ըսաւ, կրնայի գիտնալ, թէ ինչ անցած-դարձած է իրօք, որովհետեւ գործողութիւնները ես վարեցի: Հայերը ո՞չ միայն թուրքերուն չմիացան, այլ ընդհակառակը՝ շատ թանկագին աջակցութիւն մը ընծայեցին մեզի: Նոյնիսկ Հարիւրապէտ Օժէ խորհուրդ տուաւ անոնց, որ ի զուր ինքզինքնին .չվտանգեն, եւ չըլլայ որ այդ պատճառաւ, իրենց քաշուելէն ետք, թուրքերը վրիժառութեան համար կոտորած մը սարքեն: Բայց նորէն հայերը մտիկ չըրին: Իրենց ընթացքը Ուրֆայի մէջ ալ՜ շատ սիրալիր եղաւ մեր մասին, ու կը զարմանամ, թէ ինչպէ՞ս Պատերազմական Նախարարութիւնը, առանց խնդիրը աղբիւրէն ստուգելու, այդ իմաստով զեկոյց մը հրատարակութեան տոլեր է:

Տիար Ա. Չօպանեան. Չեմ կարծեր, որ քիչ մը առաջ կարդացուած հեռագրին մէջ ամեն բան Տիկին Եսայեանի կողմէ գրուած ըլլայ, որովհետեւ ինք չէր կրնար ըսել թէ ո՞չ հրահանգ, ո՞չ ալ տեղեկութիւն ստացած է: Պատուիրակութիւնը օրը օրին տեղեկութիւն տուած է թէ՜ Պ. Տամատեանի եւ թէ՜ Տիկին Եսայեանի, նախատեսելով նաեւ դաշնագրին տրամադրութեանց համաձայն՝ Կիլիկիոյ՝ թուրքերուն թողուիլը: Որոշ հրահանգ տրուած է իրենց, թէ ֆրանսացւոց մեկնած միջոցին ի՞նչ պէտք է ընել եւ մնացած ատեննին՝ ի՞նչ: Որբերու տեղաՓոխութեան մասին ալ պէտք եղածը հեռագրուած է իրենց եւ մեր միջեւ որոշուած կարգախօսով. այդ հեռագիրը ընդունած են եւ ընդունած ըլլալնին ալ իմացուցած: Իրենց գրած ենք նաեւ, թէ նոյնիսկ նախատեսած ենք ամենայոռեգոյն կացութիւնը եւ անգլ. կառավարութեան մօտ դիմումներ ըրած ենք, որ այդ պարագային աջակցութիւն ընծայէ՝ ի հարկին Կիլիկիոյ ամբողջ ժողովուրդին տեղափոխութիւնը ապահովելու համար:

Տիար Ռ. Որբերեան. Կուզէի գիտնալ, թէ ի՞նչ դիմումներ եղած են մինչեւ այսօր Կիլիկիոյ մասին, եւ թէ դիմում ընելու տեղ մնացա՞ծ է:

Տիար Ա. Չօպանեան. Մինակ մենք չէ, Վեհ. Կաթողիկոսն ալ դուռ չմնաց, որ չզարնէ:

Վսեմ. Պօղոս Փաշա Նուպար. Բոլոր դիմումները որոնք կարելի էին՝ եղած են: Ամեն անգամ, որ գէշ լուր մը հասնէր Կիլիկիայէն, իսկոյն կը հադորդէինք անգլիական եւ ֆրանսական կառավարութեանց, միշտ պահանջելով, որ ժողովուրդին օգնութեան հասնին: Նոյնիսկ խնդրեցինք իրենցմէ, որ եթէ իրօք պիտի պարպեն Կիլիկիան, պարպեն նաեւ հայ ժողովուրդը, քանի որ բացայայտ է, թէ այս տեսակ պարագայի մը մէջ ի՞նչ կացութեան կը մատնուէր հայ ժողովուրդը եթէ նորէն թուրքերուն հետ գլուխ գլխի մնար: Տարակոյս չկայ, որ թեւերնիս ծալլած չենք մնար: Այս հեռագիրն ալ պիտի հաղորդենք եւ պիտի կրկնենք ինչ որ կարելի է ըսել, պիտի պահանջենք ինչ որ կրնանք պահանջել: Բայց կրնա՞նք ըսել իրենց, որ չպարպեն Կիլիկիան: Դեռ քանի մը